Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց կալուածներու բռնագրաւման եւ զանոնք ետ վերցնելու գործընթացի մասին խիստ շահեկան տեղեկագրութիւն մը լոյս տեսած է երէկուան «Զաման»ին մէջ, զոր անպայման կ’ուզենք յանձնել մեր ընթերցողներու ուշադրութեան:
Շահեկան, որովհետեւ նախ այս տեղեկագրութիւնը տեղ կու տայ զեկոյցի մը, որ փաստացի տուեալներով կ’ապացուցէ, թէ թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ իր հիմնադրութեան առաջին օրերէն որդեգրած խտրական ու ցեղապաշտ վարքագիծը եւ ուղղակի ու անուղղակի հալածանքներով կը փորձէ երկրէն վտարել, փախցնել ոչ-թուրք տարրը:
Զեկոյցը, որ պատրաստուած է Թուրքիոյ տնտեսական եւ ընկերային ուսմանց հիմնարկութեան կողմէ, հանրութեան ներկայացուած է անցեալ Շաբաթ օր:
Զեկոյցին հիմնական մասը կը վերաբերի Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու դիմագրաւած դժուարութիւններուն՝ Օսմանեան կայսրութեան օրերէն ժառանգած իրենց սեփական կալուածները պահելու եւ զանոնք պետական բռնագրաւումէ փրկելու կապակցութեամբ:
Զեկոյցի համահեղինակ Քեզպան Հաթէմի ներկայացնելով իր աշխատանքը՝ մատնանշած է Թուրքիոյ մէջ գործող այն օրէնքները եւ դատական վճիռները, որոնք ուղղակի կը հակասեն ժողովրդավարական պետութեան մը սկզբունքներուն եւ բացայայտօրէն խտրական բնոյթ ունին:
Այս օրէնքներու շարքին է, օրինակ, 1926ի քաղաքացիական օրինագիծը, որ կը կրճատէր ու կը սահմանափակէր Լօզանի դաշնագիրով Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններուն տրուած իրաւունքները, որոնք պէտք է հաւասար ըլլային իսլամ քաղաքացիներու իրաւունքներուն:
Ամէնէն ծանրակշիռ խտրական քայլերէն մէկը, ըստ զեկոյցին, 1936ի յայտարարութիւնն է, որ բոլոր ոչ-իսլամ հիմնարկութիւններուն կու տար «յարակից» կարգավիճակ, զանոնք դնելով Հիմնարկութիւններու Ընդհանուր տնօրէնութեան ենթակայութեան տակ:
«Հայկական համայնքէն միայն երեսուն կալուածներ բռնագրաւուեցան այն անօրինական հիմքին վրայ, որ՝ իբրեւ թէ անոնք ձեռք ձգուած էին 1936էն ետք», յայտնած է Հաթէմի:
Զեկոյցին միւս համահեղինակ Տիլէք Քուրպանի համաձայն, Թուրքիոյ համար այսօրինակ խտրական քաղաքականութիւն վարելը դժուարացաւ, երբ երկիրը որոշեց դիմել Եւրոպայի միութեան անդամակցութեան: Ինք՝ Քուրպան, թրքական դատարաններէն որեւէ արդիւնք չստանալով՝ սկսաւ օրինական հայցերով ներկայանալ Եւրոպական մարդկային իրաւանց դատարանին, որմէ արդէն դրական վճիռներ սկսան գալ՝ յօգուտ կալուածներու վերադարձին եւ կամ վնասուց արդար հատուցման:
Միջազգային ճնշումներուն տակ, Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ իրականացան օրէնսդրական որոշ բարեփոխումներ ալ, որոնք իրաւունք տուին ոչ-իսլամ հիմնարկութիւններուն իրենց անունով կալուածներու տիրանալու:
Բռնագրաւուած կալուածները ետ վերցնելու կամ համապատասխան հատուցում ստանալու աշխատանքները սկսած են արդէն արդիւնք տալ:
Եւրոպական դատարանի վճիռով, օրինակ, թրքական կառավարութիւնը պարտաւորուեցաւ Յոյն ուղղափար համայնքին վերադարձնել իր եկեղեցիներէն մէկը, կամ 900,000 եուրոյի հատուցում վճարել համայնքին:
Այս յաղթանակէն խրախուսուած Եւրոպական դատարան ներկայացուած հայցերու թիւը նկատելիօրէն աւելցած է:
Այս յաղթանակէն հայ համայնքն ալ հաւանաբար խրախուսուի եւ ձեռնարկէ իրմէ խլուած, Պոլսոյ հայ պատրիարքութեան պատկանող կալուածներու վերատիրացման գործընթացին՝ անշուշտ նախ դիմելով թրքական դատարաններ, ապա, երբ սպառին այդ հնարաւորութիւնները, հայցեր ներկայացնելով Սթրազպուրկի եւրոպական մարդկային իրաւանց դատարանին:
Հատուցման հարցը, քաղաքացիներու հարստութեան պետական կողոպուտի դէմ պայքարը, որ այս յիշեալ զեկոյցին մէջ տեղ գտած է, նախաքայլ մը կը հանդիսանայ, եւ թէ՛ իբրեւ հիմնական իրաւունքներու վրայ դրուած օրէնք, թէ՛ իբրեւ նախընթաց, ճամբայ կրնայ բանալ այն ուշացած շարժումին, որ թրքական կառավարութենէն միջազգային օրէնքներու ոգեկոչումով պէտք է պահանջէր 1915ի Ցեղասպանութեան գործադրութեան ծիրէն ներս կատարուած հարիւր հազարաւոր հայերու սեփականութեան անիրաւ բռնագրաւման հատուցումը: