Ամէն անգամ, երբ «Ասպարէզ»ի մէջ լոյս տեսնէ լուր մը Հայաստանի կամ Արցախի մէջ ընտանիքի մը դիմագրաւած գոյատեւելու դժուարութեան մասին, նոյնիսկ տնտեսական այս ծանր պայմաններու տակ ապրող մեր հայրենակիցները, մեր հրաշալի բաժանորդներն ու ընթերցողները կը կապուին խմբագրութիւն եւ խնդրոյ առարկայ մարդոց օգնութիւն տալու իրենց պատրաստակամութիւնը կը յայտնեն:
Հրաշալի ժողովուրդ ենք:
Այս հեռաձայններէն քաջալերուած՝ այստեղ կը հրատարակենք «Թիւֆէնկեան» հիմնարկութեան պատասխանատուներէն դոկտ. Անդրանիկ Գասպարեանի կոչ-դիմումը՝ օգնելու թշուառագոյն վիճակի մէջ գտնուող հայերուն՝ Արցախի մէջ:
«Թիւֆէնկեան» հիմնարկութիւնը, որ ստեղծուած է նոյն ազգանունը կրող նուիրեալ հայորդիի մը՝ գորգագործութեան ու գորգավաճառի հռչակով ճանչցուած Ճէյմս Թիւֆէնկեանի կողմէ, վերջերս յանդուգն ծրագիր մը որդեգրեց՝ Քաշաթաղի շրջանի զարգացման համապարփակ նախագիծ մը պատրաստելով ու անոր առիւծի բաժինը գործադրելու յանձնառութիւնը վերձնելով:
Այս հիմնարկութիւնն է, որ հիմա, տնտեսական ճգնաժամի պայմաններու տակ, ստեղծած է շտապ օգնութեան հիմնադրամ մը, որ պիտի օգտագործուի միայն ու միայն թշուառագոյն վիճակի մատնուած ընտանիքներու ձեռք երկարելու նպատակին:
«Թիւֆէնկեան» հիմնադրամը կը հովանաւորէ Ստեփանակերտի մէջ աշխատող «զանգակատուն» կոչուած ոչ կառավարական բարեգործական միութիւնը, որ ըստ դոկտ. Գասպարեանի կոչին, այս օրերուն ստացած է օգնութեան կանչերու հեղեղ մը մարդոցմէ, որոնք չեն կրնար իրենց տարրական պահանջները ապահովել:
Տնտեսկան այս ծանր վիճակը կը յառաջացնէ ընկերային լուրջ խնդիրներ՝ քայքայելով ընտանիքներ: Կոչը կը պատմէ Արմինէի եւ իր ընտանիքին ոդիսականը: Արմինէն ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ: Անգործութեան պատճառով ամուսինը խմիչքով կը տարուի եւ կը սկսի բրտօրէն վարուիլ իր կնոջ եւ երեխաներուն հետ: Արմինէն փախուստ կու տայ եւ կ’ապաստանի մարագի մը մէջ: Ինք պարտադրաբար գործի պիտի երթայ ապրուստ մը շահելու, մինչ իր երկու տարեկան զաւակին խնամքը ստիպուած է վստահելու հինգ տարեկան երեխային: Արմինէն հազիւ քաղցրացած ջուր կրնայ ապահովել զաւակներուն, որոնք արդէն սկսած են ցոյց տալ թերսնումի ախտանիշները: Հարեւաններու բաղնիքները մաքրելով շահած իր քանի մը լումայով Արմինէ անկարող կ’ըլլայ նոյնիսկ վճարելու իր ժամանակաւոր ապաստանին՝ մարագին վարձքը:
Դժբախտութիւնը այն է, որ Արմինէի նման պարագաներ արդէն հազուադէպ չեն: Շատցած է իրենց բնակարաններէն դուրս գալու եւ փողոցները մնալու պարտաւորուած ընտանիքներուն ու մարդոց թիւը:
Ճէյմս Թիւֆէնկեան անձամբ, իր միւս նուիրատուութիւններուն առընթեր, այս հիմնադրամին յատկացուցած է 25,000 տոլար: Ան յոյս կը յայտնէ, որ մեր ազգակիցները պիտի միանան իրենց ու այդ գումարը կրկնապատկեն, որպէսզի կարելի ըլլայ տարրական օժանդակութիւն հասցնել ամէնէն կարիքաւորներուն:
Օգնութիւն ուղարկել ցանկացողները կրնան իրենց տուրքէ զերծ նուիրատուութիւնները ուղարկել Emergency Relief Fund, Tufenkian Foundation-ին,
20 Capitol Drive, Moonachie, NJ 07074.
Գրասենեակային, փոխանցումներու ծախսերը կը ստանձնէ հիմնարկութիւնը ինքը, իր անձնակազմին եւ գրասենեակներուն միջոցաւ: Ձեր նուիրատուութիւնը ամբողջութեամբ պիտի ծառայէ իր նպատակին, մեղմացնելու համար հայու մը ցաւը, կարիքները: