Տնտեսական կարեւոր նախաձեռնութեան մը հեղինակը Արցախի կառավարութիւնն է:
Առաջնային հրապարակային տեղաբաշխում: IPO: Համաշխարհային ծաղկուն տնտեսութեան օրերուն, այս երեք տառերը տարօրինակ կախարդանք մը ունէին՝ իրենց վրայ հրաւիրելով դրամագլուխի տէր մարդոց ուշադրութիւնը: Մէկ օրէն միւսը մարդիկ միլիոններու տէր կը դառնային, երբ ճիշդ ընտրութիւն կը կատարէին եւ առաջնային հրապարակային տեղաբաշխման ներկայացուած ընկերութեան արժեթուղթերու սկզբնական գնորդները կը դառնային:
Միջազգային տնտեսական վիճակը այսօր նման հնարաւորութիւններ շատ հազուադէպ կրնայ առաջարկել: Այսօր, սակայն, Արցախ աշխարհի մէջ մեզ կը հրամցուի առիթ մը, որուն մասին կ’արժէ մտածել, եւ եթէ կան միջոցներու տէր մարդիկ, որոնք կրնան որոշ գումար մը ներդնելու յատկացնել, ապա անիկա լաւագոյն որոշումը կրնայ ըլլալ իրենց համար:
Արդարեւ, երէկ Երեւանի մէջ «Արմէնբրոկ» ընկերութիւնը, Կեդրոնական դրամատան եւ «Նաստաք Օ.Էմ.Էքս Արմենիա» ընկերութեան աջակցութեամբ, հայաստանեան շուկայի վրայ սկսաւ իրականանալ բաժնետոմսերու առաջնային հրապարակային տեղաբաշխման (IPO) գործընթաց: 3.45 միլիառ դրամ (շուրջ տասը միլիոն տոլար) բաժնետոմսերը, թողարկուած են «Արցախ Հիտրոելեկտրակայան» ընկերութեան կողմէ եւ այս տեղաբաշխումէն հաւաքուած գումարները պիտի օգտագործուին երեք փոքր ջրելեկտրակայաններ կառուցելու ծրագրին: Երկու ջրելեկտրակայաններ պիտի կառուցուին Մատաղիս գիւղին մօտ սարքուած ջրամբարի, իսկ երրորդը՝ Թարթառ գետը տանող ջրատարի վրայ:
Իւրաքանչիւր բաժնետոմս կ’առաջարկուի գնել 1050 դրամով, այսինքն՝ շուրջ երեք տոլարով: Բաժնետոմս կրնան գնել թէ՛ Հայաստանի քաղաքացիները եւ թէ արտասահմանեան քաղաքացիութիւն ունեցողները:
«Արցախ Հիտրոելեկտրակայան» ընկերութիւնը սեփականատէրն է 50 մեկաուաթ հզօրութեամբ եւ տարեկան 90-140 միլիոն քիլոուաթ/ժամ ելեկտրականութիւն արտադրող Սարսանգի ջրելեկտրակայանին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան սպառած ելեկտրականութեան քառասունէն վաթսուն տոկոսը կը մատակարարէ: Իրեն անհրաժեշտ մնացեալ ելեկտրականութիւնը Ղարաբաղը կը ներածէ Հայաստանէն:
Նոր կառուցուելիք երկու ջրելեկտրակայաններու իւրաքանչիւրի շինարարութեան ժամկէտը երկու տարի է։ Նկատի առնելով, որ անոնց կառուցման աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են՝ նախնական հաշուարկներով շինարարական աշխատանքները պիտի աւարտին եկող տարուան Օգոստոսին։ Այս տարի կ’աւարտի մէկ ջրելեկտրակայանի շինարարութիւնը։ Հաշուարկներու համաձայն, այդ բոլոր կայաններուն կառուցման համար անհրաժեշտ է 3 միլիառ 450 միլիոն դրամ:
«Արցախհէկ» ընկերութիւնը ստեղծուած է ԼՂՀ կառավարութեան 2007 Նոյեմբեր 1ի որոշումով. անոր համաձայն, ընկերութեան 100 տոկոս բաժնետոմսերու սեփականատէրը Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնն է, ի դէմս կառավարութեան։ Ընկերութեան կանոնադրական դրամագլուխը այսօրուան դրութեամբ, կը կազմէ 5 միլիառ 100 միլիոն դրամ։ «Արցախհէկ»ը իր գործունէութեան վերջին երկու տարիներուն կրցած է հաստատել իր շահութաբեր ընկերութիւն ըլլալը: Անցեալ տարի այս ընկերութիւնը ունեցած է 70 միլիոն դրամի շահոյթ։ «Արցախհէկ»ի կողմէ թողարկուող բաժնետոմսերը ներդրումային գրաւիչ գործիք են նաեւ հետեւեալ գործօններուն շնորհիւ.
Պետական բազմակողմանի աջակցութիւն, արտադրանքի վաճառքի խոչընդոտներու բացակայութիւն (100տոկոսեայ վաճառքի երաշխիք), հումքի ձեռքբերման հետ կապուած խոչընդոտներու բացակայութիւն, հարկային նպաստաւոր դաշտ (շահութահարկի ցած դրոյք), շուկայի մէջ մրցակցութիւն, տեղական եւ միջազգային ճգնաժամերու ազդեցութեան բացակայութիւն, բաժնետոմսերը որեւէ ժամանակ վաճառելու հնարաւորութիւն, եւ այլն:
Բաժնետոմսերու վաճառքը պիտի շարունակուի մինչեւ Ապրիլ 10: Գնելով բաժնետոմս՝ քաղաքացին կը դառնայ բաժնետէր, ստանալով, ըստ նախնական գնահատումներու, տարեկան մինչեւ 15 տոկոս շահոյթ։
Ժամանակին, երբ Հայաստանի կառավարութիւնը իր ելեկտրացանցը, հեռախօսային կապը եւ ռազմավարական արժէք ունեցող շատ ու շատ միջոցներ վաճառելու կ’ելլէր, մարդիկ յաճախ կ’արծարծէին նման միջոցներ համահայկական դրամագլուխով գնելու հարցը, որ հնարաւորութիւններ ստեղծելով անհրաժեշտ ենթակառուցուածքային կամ հիմնական բարեկարգումներու՝ միեւնոյն ժամանակ մեծ շահեր պիտի ապահովէր հայ բաժնետէրերուն:
Հիմա Արցախը, առաջին անգամ ըլլալով, մեզի կու տայ այդ ընտրութիւնը: Կ’արժէ օգտուիլ այդ առիթէն, մանաւանդ այս օրերուն, երբ հայկական դրամագլուխը շատ ալ ապահով, շահութաբեր այլ ներդրումային ծրագիրներ դժուար թէ կարենայ գտնել:
Կը հրաւիրենք հայ դրամատէրերը օգտուելու այս առիթէն: