Խօսքը կը վերաբերի բոլոր տեսակի ձեռնարկներուն: Ինչպէս գնահատել ձեռնարկի մը յաջողութիւնը: Անշուշտ նոր թեմա չէ: Միշտ ալ այս հարցը տագնապեցուցած է հայկական մամուլի աշխատողներն ու պատասխանատուները:
Ձեռնարկներու մասին տեղեկագրելը արդէն խնդիր կը նկատուի թղթակիցներու ցանցի պակասէ տառապող թերթերուն համար: Ուրեմն, առաջին հերթին, խնդիրը տեղեկագրութիւն ապահովելն է՝ կամաւոր թղթակիցներու գրիչով: «Ասպարէզ» երախտապարտ է, բոլոր անոնց, որոնք զոհողութեան գնով յանձն կ’առնեն մեզ հասցնել ձեռնարկներու մասին թղթակցութիւնը եւ նկարը, որոնք ուղղակի կը ճոխացնեն թերթը:
Մեր կամաւոր թղթակիցները ոչ մէկ պարտաւորութիւն ունին քննականօրէն կամ քննադատականօրէն ներկայացնելու այն ձեռնարկները, որոնց մասին կ’ուզեն գրել: Մենք ալ, անշուշտ, արդար կը գտնենք անոնց գնահատման սկզբունքները, զորս եթէ ամփոփենք (հիմնուած մեր ստացած թղթակցութիւններուն վրայ), կը մեկնին՝
* Ձեռնարկը կազմակերպողներու կամաւոր աշխատանքի գնահատումէն: Խնդրոյ առարկայ ձեռնարկը կազմակերպուած ըլլալով նուիրեալ անձերու կողմէ, ինչպէ՞ս կրնաս բացի գնահատանքէ, ուրիշ խօսք ըսել: Մարդիկ իրենց ազատ ժամանակը տրամադրած են մեզ բան մը հրամցնելու, շնորհակալ ենք ու կը գնահատենք: Առաւել եւս, թղթակցութիւն պատրաստողը ի՛նք անձնապէս կապուածութիւն ունի կազմակերպող միութեան հետ, անոր անդամ է, կամ՝ համակիր:
* Ընկալեալ սովորութիւն մը կայ, ամբողջ աւանդութիւն մը՝ հայկական մամուլին մէջ, թղթակցութեան իր իւրայատուկ ոճով, լեզուական եւ բառապաշարային նախատիպերով, որոնց ազդեցութենէն դուրս գալը կ’ենթադրէ մասնագիտական պատրաստութիւն, որ մեզմէ շատեր չունին:
Եթէ գնահատման չափանիշները պիտի փոխուին, այսինքն, եթէ քննադատական ակնոցով ուզենք ներկայացնել թղթակցութիւնը, ապա պէտք է ապահովենք մասնագիտական աշխատանք: «Ասպարէզ» որոշ ոլորտներու համար ունի մասնագէտ թղթակիցներ, որոնց թիւը եւ հետեւաբար ընդգրկած ոլորտները չեն կրնար բաւարարել մեր գաղութին նման հզօր, կենսունակ մշակութային ու հասարակական կեանք ունեցող հաւաքականութեան մը պահանջները:
Ասիկա չի նշանակեր, որ թեւաթափ պիտի ըլլանք ու չաշխատինք թերթի թղթակցային ցանցը աւելի մեծցնելու եւ մասնագիտական բաժինը առաւել ընդլայնելու ուղղութեամբ:
Պէտք է յիշել, որ համայնքի կեանքի արտացոլումը թերթի առաջնահերթ պարտականութիւններէն է եւ ուրեմն պէտք է անոր տրուի համապատասխան կարեւորութիւն:
Նաեւ, շատ ու շատ ձեռնարկներու պարագային, նոյնիսկ այս գիտա-արհեստագիտական գերզարգացած դարաշրջանին, թերթը գրեթէ միակ աղբիւրն է հայկական համայնքային բազմաթիւ ձեռնարկներու տեղեկագրութեան: