Անցեալ տարի, Մարտի 8ը եկաւ եւ անցաւ անաղմուկ, անշշուկ: Ոչ ոք յիշեց զայն. ոչ ոք նշեց զայն: Բայց չէ՞ որ Կանանց Օրը կուգայ Մայրերու Օրէն առաջ: Եւ, շատ արդարօրէն: Կինը մայր ըլլալէ, կամ ամուսին ըլլալէ առաջ, ԿԻՆ է:
Կինը մարդկային էակ է, արարած է. եւ ոչ՝ ուրիշ կենդանի:
Եւ, քանի Աստուած բոլոր արարածները արարեց հաւասար, եւ քանի կինը մարդկային արարած է, կինն ալ անկապտելի իրաւունքներով ծնած մարդկային էակ է:
Կինը լրացուցիչ էակ չէ: Կինը լման էակ է: Հոգ չէ, թէ Պղատոն իր աղօթքներուն մէջ Աստուծոյ փառք տուած ըլլայ, որ ինք կին ծնած չէ այլ՝ այր, ինչպէս նաեւ հրեայ այրերը, որոնք մինչեւ այսօր իրենց առաւօտեան աղօթքներուն մէջ նոյն բանին համար փառք կու տան Աստուծոյ: Եղած են նաեւ այլ փիլիսոփաներ, որոնք կինը նկատած են Աստուծոյ երկրորդ սխալը, լրացուցիչ էակ մը, առանց այրին՝ իմաստէ զուրկ արարած մը, կամ ճնճղուկի ուղեղով մարդանման էակ մը: Այսօր մենք՝ կիներս լիահագագ կը խնդանք այս արտայայտութիւններուն վրայ, միամտօրէն կարծելով, որ հին դարերու մարդիկ միայն կրնային այդպիսի մտածումներ ունենալ:
Սխալ: Մինչեւ այսօր ալ կան այրեր, որոնք կը ծառայեն նոյն մտայնութեան: Միակ տարբերութիւնը այն է, թէ անոնք այլեւս չեն կրնար բարձրաձայն արտայայտուիլ անոր մասին:
Ինչո՞ւ ունենալ կանանց միջազգային օր մը: Արդե՞օք յիշեցնելու այրերուն, որ կիներն ալ իրենց նման մարդկային էակներ են: Եւ ինչո՞ւ ոչ, կիներուն եւս յիշեցնելու, որ իրենք լիիրաւ մարդկային էակներ են: Որ ունին միտք, սիրտ եւ հոգի եւ ոչ միայն ձեռքեր՝ «ի վերուստ» որոշուած պարտականութիւններու համար: Որ ունին զգացումներ, գաղափարներ, երեւակայութիւն, ստեղծելու փափաք եւ կարողութիւն: Որ ունին տեսնելու, ճանչնալու, վերլուծելու միջոցներ: Որ գիտեն սիրել եւ ներել: Որ ունին թէ իշխելու, թէ ենթարկուելու կարողութիւն: Որ ունին կռուելու, յաղթելու եւ պարտուելու բախտ կամ դժբախտութիւն: Ճիշդ այրերուն նման: Ասոնց կողքին, ունին նաեւ ճիշդ նախազգացում, հոգեբանի կարողութիւն, ճիշդը սխալէն զանազանելու ողջմտութիւն, կառավարելու բնածին տաղանդ եւ այրերու սխալ արարքներուն միշտ ներողամտութեամբ նայելու իմաստութիւն:
Վերոյիշեալ բոլորը չխոստովանելու համար, այրերու հնարամտութիւնը այնքան է միայն, որ անոնք միշտ կատակով կը խօսին կնոջ մասին, երբեք՝ լրջութեամբ: Որովհետեւ, երբ լրջանան, կիներն ալ կը լրջանան եւ … հարցը կ’առնէ վտանգաւոր երեւոյթ:
Զարմանալի չէ՞, որ մենք հոս ամերիկեան կամ արեւմտեան բոլոր տօները որդեգրած ենք Ամերիկեան Ծնունդէն սկսեալ. Մայրերու Օրը, Հայրերու Օրը, Հալօուինը, եւ Գոհաբանութեան Օրը, բայց կը մոռնանք յիշատակելու կիներու օրը, մարտի 8ի Կանանց Միջազգային Օրը: Արդե՞օք կը վախնանք կիներու մասին քանի մը դրական խօսք ըսելու: Արդե՞օք կը վախնանք որ Կանանց Օրը կրնայ շուքի մէջ ձգել Մայրերու Օրը: Բայց ինչո՞ւ: Մենք նաեւ մայրեր ենք: Մայրերու Օրը պարտի ըլլալ յաւելեալ գնահատանք մը մեզի, ոչ միակ գնահատանքը: Թէեւ վստահ եմ, որ այրերը պիտի ուզէին ԿԻՆԸ գնահատել միայն իբրեւ ՄԱՅՐ: Ոչ աւելի, ոչ պակաս: Թէ ինչո՞ւ: Այլ օր մը կը խօսինք այդ մասին:
Իսկ, եթէ կան անհատներ, որոնք պիտի ըսեն. «ո՞ւր է հապա այրերու օրը», ես պիտի ըսեմ. «տարուան մնացեալ բոլոր օրերը այրերու օրեր են: Ագահ չըլլանք:»
Թերագնահատել կինը այս օրերո՞ւն տակաւին, երբ նոր տեսանք որ մեր հերոսական եւ անկախ Արցախի արտաքին Գործոց նախարարը կին մըն է: Այս օրերո՞ւն, երբ կը տեսնենք բազմաթիւ հայուհիներու նուաճումները քաղաքական, տնտեսական, մտաւորական, ակադեմական, գրականական, բարեսիրական եւ առտնին տնտեսութեան ոլորտներուն մէջ, որոնք կաթիլ մը անգամ չեն զիջիր իրենց իգականութենէն:
Այսօր կոչս կիներուն է, ոչ՝ այրերուն: Կինը ինք պէտք է ինքզինք արժեւորէ: Ինք պիտի մտածէ, որ ինք եւս լրիւ էակ է, եւ ոչ անպայման կախեալ ուրիշներէ: Եթէ իր անկախութիւնը զոհած է աւելի ամբողջական երջանկութեան մը, որքան լաւ: Բայց, ամուսին եւ մայր ըլլալէ առաջ ալ կինը կ’ապրի, կը շնչէ, կ’արտադրէ, կը ստեղծագործէ, ինքզինք կը նուիրէ իր ազգի եւ մշակոյթի զարգացման եւ անաղարտ պահպանման:
Ուրեմն, այսօր իսկ որոշենք յառաջիկայ տարի նշել Կիներու Միջազգային Օրը: Մենք մեզ դիտենք կիներու տեսանկիւնէն, կանացի ակնոցներով: Տեսնենք թէ ինչ կը պակսի մեր կեանքերուն մէջ: Եթէ երջանիկ ենք՝ փառք տանք Աստուծոյ եւ շնորհակալութիւն յայտնենք այդ երջանկութեան նպաստողներուն: Եթէ ապերջանիկ ենք, փնտռենք մեր ապերջանկութեան աղբիւրը: Վստահ եղէք, որ երջանկութեան բացակայութեան պատճառը մեր կին ըլլալու հանգամանքին մէջ չի գտնուիր: Այլ հոն՝ ուր կը գտնուի նաեւ այրերու ապերջանկութեան պատճառը: Որովհետեւ մենք, այր եւ կին, նման ենք իրարու: Մարդ արարած ենք: