Պարուսոյց մը, պարարուեստի վարպետ մը մահացաւ Երեւանի մէջ: Սուրէն Չանչուրեան: Մահուան լուրով չէի ուզեր սկսիլ ծնունդի մը, տարեդարձի մը նշանաւորումը, բայց եւ այնպէս, կարելի չէր չնշել այս փաստը, երբ պիտի գրուէր պարարուեստի մէկ այլ երախտաւորի մը մասին, այս պարագային ոչ թէ անձի մը, այլ խումբի մը մասին, որ այս տարի պիտի տօնակատարէ իր երեսունհինգերորդ տարեդարձը:
Համազգայինի «Անի» պարախումբի մասին է ակնարկը: Խումբ մը՝ կազմաւորուած ու ձեւաւորուած այս ափերուն վրայ, խումբ մը, որ միշտ նուիրեալներով համալրուած է, խումբ մը, որուն անդամները պարզապէս խնկարկուներ են հայ մշակոյթին՝ իրենց պարով, իրենց նազանքով:
Երեսունհինգ տարուան վաստակ: Խումբի կողքին, խումբի հին ու նոր բոլոր անդամներու կողքին, պէտք է առանձնացնել, անպայման պէտք է փառաւորել անոր պատասխանատուները, պարուսոյցները՝ Եղիա Հաշոլեանն ու Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանը: Խումբի անդամները կու գան ու կ’երթան, սակայն պարուսոյցները, պատասխանատուները կը շարունակեն շալկած պահել իրենց սիրոյ պարտականութիւնը:
Երեսունհինգ տարիներու ընթացքին, ահա՛ պարողներու երրորդ սերունդն է, որ կ’երիտասարդացնէ «Անի»ն, կը նորոգէ անոր շարքերը՝ կորով, ջղաձգութիւն, թարմութիւն, կենսունակութիւն բերելով անոր: Երիտասարդական նոր աւիշ, կամ պարզապէս աւիշ՝ կեանք:
Շնորհաւոր ըլլայ «Անի»ի երեսունհինգամեակը, որուն առաջին նշումը պիտի կատարուի յառաջիկայ Շաբաթ օր, Մարտ 7ին, «Արարատ» տարեցներու տան «Տէօքմէճեան» սրահին մէջ:
Պարուսոյց մը կը բռնէ անմահութեան ճանապարհը: Սփիւռքի այս ափին, պարախումբ մը իր ճամբան շարունակելու խոստումը կու տայ՝ տօնելով իր ծնունդը: