Տարին կ’ամբողջանայ Մարտ մէկի տխուր իրադարձութիւններուն եւ դեռ այս հարցի քաղաքական, բարոյական, քրէական թղթածրարը բաց կը մնայ:
Մարտ մէկի դէքպերը ուսումնասիրելու կոչուած խորհրդարանական յանձնաժողովի ընթացող թէ աւարտած դատավարութիւններու, քրէական օրէնսգիրքի բարեփոխութիւններու, զանոնք մարդկային իրաւանց ու քաղաքացիական ազատութիւններու միջազգային չափանիշներուն համապատասխանեցնելու աշխատանքները, բոլորն ալ կիսաւարտ վիճակի հասած են հազիւ՝ կոտտացող վէրքի սպիացումը դժուարացնելով:
Կասկած չկայ, որ մեր պետականութեան հզօրացման, մեր ապագայի թռիչքներուն համար ճանապարհը բաց պահելու միակ ձեւը, այս թղթածրարի համոզիչ փակումն է, զոր կարելի է իրականացնել այնպիսի միջոցառումներով, որոնք կը բացառեն նոյնի կրկնութեան հեռաւոր իսկ հաւանականութիւնը:
Պէտք է շտապենք այդ փակումը համոզիչ դարձնելու աշխատանքները իրենց աւարտին հասցնելու:
———————————————————————
Քուէարկենք Վիարայկոսային
Յառաջիկայ Երեքշաբթի օր, Լոս Անճելըսի տարածքին ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան: Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի քաղաքական գործունէութեան մարմինը, հաշուի առնելով քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարայկոսայի անցեալի վարքագիծը, թէ՛ հայութիւնը յուզող հարցերու եւ թէ՛ ընդհանրապէս քաղաքի խնդիրներուն հանդէպ անոր առողջ կեցուածքները՝ որոշած է թիկունք կանգնիլ անոր վերընտրութեան:
Այսու կը դիմենք մեր հայրենակիցներուն, մասնակցիլ ընտրութեան գործընթացին ու քուէարկել ի նպաստ ներկայ քաղաքապետ Վիարայկոսայի վերընտրութեան: