ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Երազը, որ զինք կը շարժէ, կը ներշնչէ, Երեւանի Նուպարաշէն թաղամասի կողքին տասներկու շէնք սարքել է, ուր մարդիկ, անշուշտ կարիքաւորներ, պիտի ապրին անվճար, արժանապատուութեամբ:
Ուրկէ՞ կը ծնի այս երազը:
Հայրենադարձութեան օրերէն:
Գրիգոր Ճորճ Ազարեան, կամ Ճորճ Գրիգոր Ազարեան, ծնած է Հալէպ: Հազիւ քանի մը ամսու, ծնողքին հետ գաղթած է Մարսէյլ, ուր ընտանեօք ճաշակած են թշուառութեան դառնութիւնները: «Լոյս չունէինք մեր տան մէջ», կ’ըսէ ան:
Տասներեք տարի կ’ապրին Մարսէյլ, ուրկէ, 1936ին, հայրենադարձներու առաջին ալիքին հետ կը հանգրուանեն Երեւան, Հայաստան: Վեց տարի ետք, Կարմիր բանակը կը բռնակոչէ զայն ու հինգ տարի կը պահէ: Սկզբնական շրջանին, գրեթէ սովահար կ’ըլլայ, «Քիւսպ» կ’ուտէ, սայլապաններէն խնդրելով ու մուրալով: Այդ կարծր կենդանական սնունդը կը հիւանդացնէ զինք, գրեթէ մահուան դուռները կը հասցնէ: Հիւանդանոցէն դուրս գալէն ետք, խոհարար կը դառնայ: Հաւանաբար դժոխքէն դրախտ փոխադրուածի զգացողութիւնը կ’ապրի ու չորս կողմիններուն, ուրիշին օգնելու առաջին քայլերը այստեղ կ’առնէ, լաւ հոգ տանելով իր ընկերներուն, անոնց պատշաճ սնունդ ապահովելով:
Բանակէն դուրս գալէն ետք, ապրած է Նուպարաշէն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ կառուցուած կարմիր տուֆէ տասներկու շէնքերէն մէկուն մէջ։ Նախ աշխատած է կոլխոզիհամայնավարական հաւաքական տնտեսութեան մը մէջ, ապա կօշիկի գործարանի մը մէջ՝ մինչեւ Հայաստանէն դուրս գալը:
1966ին, կնոջ եւ միակ զաւակին հետ կը գաղթէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ կը հանգրուանէ Մոնթեպէլլօ քաղաքի մէջ, ուր առաջին իսկ օրէն, երբ գրպանը միայն հարիւր տոլար ունեցած է, աշխատած է Վահրամ Մահտեսեանի մօտ: Երկու ամիսէն արդէն անցած է ուրիշ աշխատանքի՝ մեքենաներու նորոգութեան գործին, միեւնոյն ժամանակ վերանորոգելով աղբահաւաք մեքենաներ, յատուկ, գրեթէ մենաշնորհային պայմանագրեր ստորագրելով Կլէնտէյլի եւ Լոնկ Պիչի քաղաքապետարաններուն հետ:
Հետագային, ինք ալ մտած է աղբահաւաքման շահաւէտ գործի մէջ (A.K. Rubbish) եւ բաւական լաւ եկամուտ ապահոված է: Գնած է իր առաջին յարկաբաժինը Մոնթեպէլլոյի մէջ՝ 26,000 տոլարով:
Դրամ շահելու առաջին իսկ օրերէն, իւրայատուկ ջանասիրութեամբ, կարիքաւոր մարդոց սնունդ նուիրելու ծրագիրներ մշակած է ու գործադրած՝ թէ՛ Մոնթեպէլլոյի մէջ, թէ՛, մանաւանդ վերջին տարիներուն՝ Հոլիվուտի մէջ, եւ թէ շուտով՝ Հայաստանի մէջ: Սնունդ կը բաշխէ նաեւ հազիւ ծայրը ծայրին ապրող, հասցնող թոշակառուներուն:
1999ին ձախողութիւններու շարան մը խանգարած է կեանքի բնականոն ընթացքը: Այդ մասին շատ չ՚ուզեր խօսիլ: Ինք պահած է իր կորովը ու նոյնիսկ այս պայմաններու տակ, ճանապարհը գտած է շարունակելու սնունդ, նոյնիսկ կահոյք եւ հագուստեղէն բաշխելու իր աշխատանքները: Ժամանակին հազարէն հազարհինգհարիւր մարդու սնունդ բաժնած է օրական: Հիմա «Ֆուտ Պանք»ի միջոցաւ, այսինքն քաղաքային ու նահանգային նպաստներու համակարգումով, իր Փոքրիկ Հայաստանի գրասենեակէն կը համակարգէ եօթէն ութ հարիւր կարիքաւորներու սնունդի բաշխումը: Հագուստեղէնն ու կահոյքը իր սեփական միջոցներով կը հայթայթէ: Իբրեւ անպիտան կահոյք դուրս նետուած իրերը կը հաւաքէ, կը նորոգէ ու անվճար կը տրամադրէ կարիքաւորներուն: Հագուստները կը ճարէ աժան տեղերէ ու կը գնէ:
Քաղաքային իշխանութեանց ներկայացուցիչներու ու պաշտօնատարներու հետ լեզու գտած է: Յաջողած է գրասենեակն ալ անվճար ապահովել քաղաքապետարանէն: Ստեղծած է MAK Foundation անունով ոչ-շահութաբեր, բարեսիրական ընկերակցութիւն մը, որու միջոցաւ կը կատարէ բոլոր իր բարեգործական աշխատանքները:
Ինք բարեգործութիւնը կը տարածէ ամէն մարդու, անխտիր, առանց նկատի առնելու կարիքաւորի ազգային կամ ցեղային պատկանելիութիւնը: Զուտ անձնական դառն փորձառութենէ մեկնած առաջադրանք մըն է իրը. սոված եղած է, որքան կրնայ պիտի փորձէ մեղմել այլոց թշուառութիւնը, ուղղակի անօթութեան դէմ պայքար շղթայազերծելով:
Հիմա, ութսունվեց տարեկան հասակին, նոր ծրագիրներ կը մտածէ ու կը հետապնդէ: Կ’ուզէ տարեցներու խնամքի ու ժամանցի կեդրոններ բանալ: Համապատասխան դիմումները կը պատրաստէ:
Յաջողութիւն կը մաղթենք իրեն: