Հոլիվուտի Փոքր Հայաստան շրջանին մէջ անցեալ տարուան Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին բացուեցաւ Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի (LAUCD) երկարամեայ ծրագրին մաս կազմող երկրորդական նոր վարժարան մը՝ Հելըն Պըրսթինի անուան երկրորդական վարժարանը, ուր սկսան յաճախել նախապէս շրջանի Մարշըլի անուան եւ Հոլիվուտ Երկրորդական զոյգ վարժարաններուն աշակերտներուն մէկ մասը:
Յայտնենք, թէ կրթաշրջանը արդէն իսկ ամբողջացուցած է 12.6 միլիառ տոլար ամավարկ ունեցող հսկայ ծրգարին մեծ բաժինըտարբեր մակարդականերու 74 նոր վարժարաններ եւ 59 յաւելումներ։ Ծրագրուած է մինչեւ 2012 թուական ամբողջացնել 132 վարժարաններու կառուցումը, որպէսզի շրջանի աշակերտութիւնը աւելի լայն կարելիութիւններ ունենայ: