«Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթին Յունուար 27ի թիւին մէջ, Փոքր Հայաստանի տարածքին մէջ ծնած յօդուածագիր Հեքթոր Թոպար անդրադարձած է Լոս Անճելըսի յարափոփոխ դիմագիծին, ըսելով, թէ իր մանկութեան ատեն պարզապէս «Հոլիվուտ» կոչուող շրջանին՝ սկսած են «Արեւելեան Հոլիվուտ» անուանումը տալ՝ երբ իր պատանութեան շրջանին փոխադրուած է Մոնթեպելլօ: Ան կը գրէ, թէ իր վերջին այցելութեան նկատած է, որ ծննդավայրին անունը արդէն իսկ Փոքր Հայաստան դարձած է ու կ’աւելցնէ. «Դժբախտաբար, հայ չեմ»:
Թոպար կը շարունակէ ըսելով, թէ աւելի ուրախ պիտի ըլլայ, եթէ շրջանը իր ծնողքին ծննդավայրին անունով կոչուէր «Փոքր Կուաթեմալա», սակայն անմիջապէս կ’աւելցնէ, թէ իր այդ դժգոհութիւնը միայն 3 երկվայրկեան տեւած է, երբ յիշած է, թէ Լոս Անճելըս կը գտնուի, ուր «Փոքր Թոքիոն» սկսած է լեցուիլ քորէացիներով, չինական թաղամսին մէջ (Չայնաթաուն)ի սկսած են վիեթնամցիներ ու քամպոտիացիներ հաստատուիլ, «մինչ Արեւելեան Հալիվուտի իմ թաղերս կրնան նաեւ Փոքր Մանիլլա կամ Փոքր Սան Սալվատոր կոչուիլ, սակայն հայութեան ներկայութիւնը կարելի չէ ուրանալ»: Հոս հեղինակը կը յիշէ, թէ իր մանկութեան օրերէն իսկ անպաշտօն Փոքր Հայաստան մը կար շրջանին մէջ, եւ իր ամենամօտիկ ընկերն էր Ռոպեր Ատալեանը, որ օր մը՝ հինգերորդ դասարանին, երբ միւսները իր վրայ կը խնդային, իրեն պաշտպան հանդիսացած էր:
Հեղինակը կը գրէ, երբ վերջերս հանդիպում մը ունեցած էր իր մանկութեան ընկերոջ հետ, իրենց բաժնած յուշերը ոչ թէ հայկական կամ կուաթեմալական էին, այլ՝ լոս անճելըսեան:
Ան կ’եզրակացնէ ըսելով, թէ Լոս Անճելըս ապրողը պէտք է ընդունի, եւ նոյնիսկ ողջունէ այս փոփոխութիւնը, ու կը գրէ. «Ժպիտով կը հաստատեմ, թէ Փոքր Հայաստանի մէջ հասակ առած եմ»: