Իբրեւ հսկայ տարածութեան մը մէջ բնակող հայութեան ծառայելու կոչուած թերթ, երկու տարբերակով կրնանք մեր աշխատանքները յառաջ տանիլ:
Կրնանք բաւարարուիլ ընդհանուր, համազգային լրատուութեամբ, տեղական կեանքին դարձնելով չափազանց մասնակի, պատահական ուշադրութիւն, լուսաբանելով միայն այն իրադարձութիւնները, որոնք կը կատարուին մեր անմիջական շրջանակին մէջ, կամ որոնց մասին մեզ պատահականօրէն լրատուութիւն կը հասնի:
Կրնանք սակայն որոշ նախաձեռնութիւններու դիմելով՝ ընդարձակել մեր լրատուական դաշտը, ներառնելով աւելի լայն շրջանակ, աւելի շատ թիւով մարդոց, կազմակերպութիւններու, կառոյցներու ու հաստատութիւններու հետ շփուելով, անոնց առջեւ բանալով «Ասպարէզ»ի դռները, վստահ ըլլալով նաեւ, որ անոնք ալ իրենց դռները պիտի բանան «Ասպարէզ»ին առջեւ:
Այս երկրորդ տարբերակը որդեգրելով՝ կը ձեռնարկենք մեր առաջին քայլին՝ ի յաւելումն մեր մինչ այս գործելաձեւին, առանձին ուշադրութիւն կեդրոնացնել աշխարհագրական մէկ տարածքի վրայ, գոնէ շաբաթը մէկ օր:
Կը սկսինք ըստ ձեւի Փոքրիկ Հայաստանի, բայց ըստ էութեան Հոլիվուտի տարածքի հայ կեանքին նուիրուած յաւելուածի մը հրատարակութեան, իբրեւ մէկ մասը մեր սովորական Չորեքշաբթի օրուան թիւին:
Այդ օրուան «Ասպարէզ»ը, գոնէ որոշ ժամանակի մը համար, ձրիաբար տրամադրելի պիտի ըլլայ Հոլիվուտի հայկական կեդրոններու, խանութներու ու հաստատութիւններու մէջ: Կրնաք լուրը տարածել ձեր բարեկամներուն, որ թերթին ընդհանրապէս ծանօթանալու համար, կրնան սկսիլ այդ օրուան թիւերուն հետեւելով եւ եթէ սիրեն, հաւնին ու հետաքրքրուին, ապա կրնան թերթի բաժանորդ դառնալով՝ ամէն օր ստանալ թերթը իրենց բնակարաններուն մէջ:
Այս յաւելուածը, իր լայն տարածումով, նաեւ պիտի նպաստէ հայկական խանութներու, գործատեղիներու, կեդրոններու, տնտեսական բոլոր ձեռնարկութիւններու արտադրական մասերու, ապրանքատեսակներու ու ծառայութեանց ծանօթացման: Հայկական եւ, ինչու չէ նաեւ հայութեան օգտակար տնտեսութիւնները, ծառայութիւնները պիտի ծանօթացնենք հայ մարդոց: Ծանօթացումը պիտի աւելցնէ յաճախորդներուն թիւը, պիտի նպաստէ խանութներու առեւտուրի ծաղկման, ընդհանրապէս գործի յաջողութեան: Մենք մեր հայրենակիցներուն կոչ կ’ուղղենք քաջալերելու մեր ծանուցողները: Քաջալերել հայ բժիշկները, իրաւաբանները, իքնքնաշարժ նորոգողները, արդուկիչները, նպարավաճառները, մանրավաճառները, բանջարեղէնի ու սնունդի վաճառատեղիները, ճաշարանները:
Գործատէրերուն ալ կը դիմենք, անպայման ձեր ծանուցումները զետեղեցէք «Ասպարէզ»ի մէջ: Արդիւնքները շատ արագ զգալի պիտի դառնան ձեզի: Այսպիսի տարածումով թարմութեամբ ու բազմաբովանդակ թերթ ձեր տրամադրութեան տակ կը դրուի: Օգտուեցէք անկէ: