Անցեալ Շաբաթ օր, «Ասպարէզ» տեղեկագրեց մէկ օր առաջ տեղի ունեցած Սփիւռքի նախարարութեան ատեանի անդրանիկ նիստին մասին: Դժբախտաբար, մեզ հասած հաղորդագրութեան մէջ նշուած չէին այդ ատեանի արտերկրի անդամներուն անունները: Պարզապէս տեղեկագրուած էր, որ ատեանի կազմութեան կառավարական որոշումը առնուած է անցեալ Դեկտեմբերին:
«Ազգ» թերթի Շաբաթ օրուան թիւէն կ’իմանանք արտերկրի անդամներէն հինգի անունները. Մկրտիչ Մկրտիչեան, Վահէ Կարապետեան, Սամուէլ Կարապետեան, Յարութ Սասունեան եւ Արա Աբրահամեան:
Անշուշտ, նաեւ նշուած չէր, թէ ի՛նչ հիման վրայ է, որ այս նշանակումները եղած են: Մենք ոչ մէկ առարկութիւն ունինք այս նշուած անձերուն հանդէպ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր վաստակով ու ներդրումներով խիստ յարգալիր դէմք է մեր ժողովուրդի մեծագոյն մասին համար:
Սամուէլ Կարապետեանի եւ Արա Աբրահամեանի մեծագումար նուիրատուութիւններու մասին ժամանակին գրած ենք: Սամուէլ Կարապետեան տասնհինգ միլիոն տոլարով մասնակցած էր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի անցեալ տարուան Նոյեմբերի հանգանակային արշաւին:
Արա Աբրահամեան ոչ միայն մեծագումար նուիրատուութիւններ կը կատարէ Հայաստանի եւ հայկական կազմակերպութիւններուն, այլեւ ինք հասարակական գործիչ է, մանաւանդ Ռուսիոյ հայ համայնքը կազմակերպելու եւ զայն ուժական ու գործօն տարրի վերածելու ուղղութեամբ:
Վահէ Կարապետեան եւս կարեւոր ներդրումներ կատարած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Անցեալ տարուան Նոյեմբերին, Վահէ Կարապետեանն էր Ռուսական սփիւռքէն դուրս մեծագոյն անհատ նուիրատուութիւն կատարողը «Հայաստան» հիմնադրամին:
Մկրտիչ Մկրտիչեանը յայտնի քաղաքական-հասարակական գործիչ է, ինչպէս նաեւ՝ վաստակաւոր մանկավարժ: Ան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ է եւ «Համազգային» Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ:
Յարութ Սասունեան Հայկական միացեալ Ֆոնտի գործադիր տնօրէնն է, Գըրք Գըրգորեանի պատկանող «Լինս»ի հիմնարկութեան հոգաբարձութեան խորհուրդի փոխնախագահ:
Այս պատկառելի կենսագրութիւններով մարդոց նշանակման առարկել չըլլար: Սակայն եւ այնպէս, ճիշդ կ’ըլլար հանրութիւնը տեղեակ պահել նշանակման գործընթացին, չափանիշներուն, հիմնաւորումներուն եւ այլն: Սփիւռքի նախարարութիւնը մեզի համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող պետական կառոյց է, որուն գործունէութեան մօտէն պիտի հետեւինք. մեր պարտականութիւնն է հետեւիլ, եւ նախանձախնդրօրէն ու բծախնդրօրէն կ’ուզենք կատարել այդ պարտականութիւնը: Այդ իսկ մեկնակէտէն, կ’առաջարկենք, կը խնդրենք ու կը դիմենք սփիւռքի նախարարին, որ նկատի առնէ մեր առաջարկը ու այսպիսի խնդիրներու մասին անուշադիր չըլլայ մամուլն ու հանրութիւնը առաւել ամբողջականօրէն տեղեակ պահելու հարցին:
Մենք սփիւռքի նախարարին մօտ զգացած ենք բաց ու թափանցիկ աշխատելու տրամադրութիւն: Այդ զգացողութիւնն է, որ կը խրախուսէ մեզ՝ մեր առաջարկը ներկայացնելու: