«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ստորեւ կը հրատարակենք Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կոչ-գրութիւնը, որ վաղը՝ Կիրակի օր, պիտի ընթերցուի Թեմի եկեղեցիներու մէջ:
Սիրելի Հաւատացեալ Հարազատներ,
Այսօր, Բարեկենդանի տօնին, կրկնակի յիշատակութեան կ’արժանացնենք մեր բազմավաստակ միութիւններէն՝ Հայ օգնութեան միութիւնը, իր անցեալի գործունէութեամբ ու զայն իրագործող նուիրեալներով, ինչպէս նաեւ դէպի ապագայ տարածուող ծրագիրներով ու աշխատանքի դաշտերով։
Յաւարտ Ս. պատարագի, պիտի կատարենք հոգեհանգիստ՝ ՀՕՄի բոլոր ծանօթ ու անծանօթ ծառայողներուն, որոնք հաւատալով մեր ժողովուրդի յաւերժութեան՝ այս միութեան դրօշին տակ ծառայեցին ու անցան, իրենց ետին թողելով վաստակ ու աւանդ, ժողովրդանուէր գործը շարունակելու պատգամ։ Պատմութեան անցած ու պատմութիւն կերտող ննջեցեալներուն շարքին են ՀՕՄի հիմնադիրներ ու անոնց բացած ճամբան շարունակողներ, ընդարձակողներ։ Անոնք այս մեծ միութեան ծառայական գործը ճամբայ հանեցին մօտաւորապէս 100 տարի առաջ՝ ընդառաջելով մեր ժողովուրդի բազում կարիքներուն, գործեցին անկարելին կարելի դարձնելու հաւատքով ու կամքով, յաճախ լուսարձակներէ հեռու, լուռ ու մունջ, համեստօրէն, բայց ինչ որ իրականացուցին, երբեք ալ չեղաւ համեստ։ Անոնք հասան կարօտեալին, ուսանողին, որբին, անկարին ու ծերին, ապա, իրենց կերտած ուղին իբրեւ նուիրական աւանդ փոխանցեցին յաջորդ սերունդներուն։
Եւ ահա ՀՕՄը, հայ կնոջական այս մեծ միութիւնը, յառաջիկայ տարի՝ 2010ին, պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 100րդ տարեդարձը։ Իր հիմնադրութեան առաջին օրէն, ՀՕՄը գործած է ու կը շարունակէ գործել «Ժողովուրդին հետ, Ժողովուրդին համար» ազնիւ նշանախօսով։ Իր գործունէութեան համար ի սկզբանէ չէ ունեցած անբաւ հարստութիւն, այլ աշխատանքի լծուած է՝ մի՛շտ վստահելով մեր ժողովուրդի, նախ եւ առաջ հա՛յ զանգուածներու առատաձեռնութեան, նուիրաբերումի ոգիին։ Եւ մեր ժողովուրդը՝ բարերարներ թէ անհատ ազգայիններ, ոչ մէկ ատեն խնայողութեամբ մօտեցած է այս միութեան կոչին, իր կարգին վստահ ըլլալով ու հաւատալով, որ անոր գանձանակին ձգուած իւրաքանչիւր լումա բազմապատիկ պիտի պտղաբերի եւ իբրեւ օրհնութիւն պիտի բաշխուի մեր ժողովուրդին, անկէ բաժին պիտի հանուի մեր մայր հայրենիքին։
ՀՕՄի 100ամեակի նախօրեակին, այսօր, եկէք, անգամ մը եւս ընդառաջենք ընծայաբերելու կոչին։ ՀՕՄին տանք առատաձեռնօրէն, այն հաւատքով ու յանձնառութեամբ, որ ՀՕՄը մերն է, ինչպէս որ ան մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները կը նկատէ իրը, ահաւասիկ դարէ մը ի վեր կը գործէ անոր կարիքները հոգալու անդաստաններուն մէջ ու պատուով կ’իրականացնէ իր առաքելութիւնը։