Սփիւռքի հայոց գրական անդաստանին մէջ հազիւ ճանչցուած խոստմնալից մէկ սկսնեակն էիք, երբ Հայաստան ներգաղթեցիք: Այսօր ձեզ կը դիմաւորենք իբրեւ պատկառելի վաստակով գրագէտ եւ հասարակական գործիչ:
Խաղաղականի այս ափերուն վրայ, շուրջ 40 տարիներ առաջ լուրջ գրագէտի ձեր համբաւը իմացանք հայ մամուլի էջերէն, ուր հպարտութեամբ կ’ողջունուէր զէյթունցիական արեան ձեր հաւատարմութեան արգասիքին՝ «Եղէգները չխոնարհուեցին» վէպին լոյս ընծայումը:
Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»ին «Ղօղանջ եղեռնական» հատուածի տխրահունչ արձագանգները տակաւին մեր հոգիներուն մէջ, հայոց Մեծ Եղեռնի 50 ամեակի համազգային յիշատակութեան առթիւ ստեղծուած միասնականութեան ոգիին առթած հրճուանքին ազդեցութեան տակ, մանաւանդ հայկական Սփիւռքին տարածքին, «Մեր Հողերը» երեւանեան աղաղակներուն ստեղծած ու դեռ շարունակուող ոգեւորիչ տպաւորութեան տակ, «Եղէգները չխոնարհուեցին» ձեր վէպին յայտնութիւնը ինքնավստահութեան նոր մթնոլորտ մը ստեղծեց:
Այն օրէն սկսեալ դուք միացաք հայրենի գրական անդաստանին նոր քայլ ու նկարագիր տուող տաղանդաւորներու հոյլին՝ Պարոյր Սեւակ, Համօ Սահեան, Յովհաննէս Շիրազ, Խաչիկ Դաշտենց, Վահագն Դաւթեան, Սերօ Խանզադեան եւ ուրիշներ Բոլորն ալ ազատատենչ հայ ոգիին, մեր ազգային աւանդութիւններուն ու սրբութիւններուն, հայոց ոսկեղնիկ լեզուին ու մշակոյթին, արուեստին լուսաւորիչներ՝ ապազգային, հնաւանդ արժէքները ուրացող ու անոնց սպասարկողները հալածող դաժան վարչաձեւի մը տակ:
Այդպէս էիք մեր մտապաստառին վրայ մինչեւ այն օրը, երբ ֆիզիքապէս յայտնուեցաք մեր մէջ…
* * *
Հակառակ ճակատագրին կողմէ ձեզի վերապահուած անբաղձալի վիճակներուն, «պանդխտութեան» պատճառած դժուարութիւններու, ուրախութեամբ ձեզ տեսանք դարձեալ գրագէտի ձեր առաքելութեան մէջ, ձեր հին կորովով ու նոր եռանդով, որոնց ցայտուն ապացոյցները եղան Լոս Անճելըսի հայ մամուլին մէջ՝ հայ հասարակական հարցերուն վերաբերող ձեր լուրջ յօդուածներով, ձեր լոյս ընծայած «Լուսաւորեալ խորաններ», «… Եւ ատրուշաններ», «Վաթսունականք» խորագրուած յուշագրական հատորներով, ապա «Պատմուածքներ» ու «Հայ մամուլի էջերում» գրական երկերով:
* * *
Մոսկուայի համալսարանական ուսանողութեան տարիներու ձեր յուշերը ընդգրկող «Լուսաւորեալ խորաններ» հատորով, շատերուս մտքերը լուսաւորեցիք մինչ այդ խաւարի տակ ծածկուած ճշմարտութիւններ յայտնաբերելով: Հայոց իսկութեան յայտնագործման աշխատանքին նուիրուած մարդոց աղօթարան մըն է ձեր այս հատորը:
Ձեր ու Մոսկուայի հայ եւ ռուս ընկերներուն վերլուծումներուն արդիւնքին շնորհիւ, մենք ճանչցանք ստալինեան բռնութիւններուն, ոճիրներուն ու սարսափներուն մեզի բոլորովին անծանօթ մանրամասնութիւններ: Ճանչցանք համեմատաբար ազատ խրուշչովեան շրջանին, Մոսկուայի մէջ հայոց հայրենիքին ու համայն հայութեան ապագայով տոգորուած, ասոնց վերելքով յափշտակուած, համահայկական ցաւերով մտահոգ, մեր ազգային աւանդներուն հաւատարիմ հայ ուսանողներու հոյլը:
* * *
Ձեր «Լուսաւորեալ խորաններ» ու «… Եւ Ատրուշաններ», ապա «Վաթսունականք» գիրքերու մասին մեր համակրանքն ու գնահատանքը արդիւնք են բազմաթիւ ազդակներու: Այսպէս.
1) Առաջինն ու գլխաւորը ձեր իւրայատուկ լեզուն է, կոկուած, յղկուած արեւմտահայերէնի ու կարկաչուն, դայլալուն արեւելահայերէնի համադրութենէն առաջացած սահուն, գրաւիչ եւ մաքուր ձեր լեզուն: Պիտի գա՞յ արդեօք օրը, երբ մեր մայրենիի այս երկու բարբառներու գեղեցկութիւններէն, անոնց լոյսերէն ու գոյներէն ծնի նորը, լաւագոյնը, մեզ հզօրացնող ազնուագոյնը, գեղեցկագոյնը… Ձեր գիրքերը կառուցող լեզուն մեզի այդ յոյսը կը ներշնչէ:
2) Ազգն ու հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասելու, Հայաստանն ու Սփիւռքը մէկ ամբողջութիւն դաւանելով, միացեալ ճիգերով Հայ Դատը լուծելու հարցի մասին ձեր առողջ մտքերը:
3) Խորաններու լոյսերէն քաղուած հաւատքով եւ ատրուշաններու կրակներու մէջ թրծուած կամքով հասարակութեամբ ու ղեկավարութեամբ ազգն ու հայրենիքը յաւերժացնելու ձեր փիլիսոփայութիւնը:
4) Կրօնքին ու գիտութեան, գեղեցիկին ու տգեղին, իրաւին ու սուտին, ճշմարիտին ու կեղծին, զգացումի եւ բանականութեան, անմեղին ու մեղաւորին, ազնիւին ու վատին… միջեւ, ձեր ընտրութիւններուն վեհութիւնը:
5) Գրելու ձեր ոճին վայելչութիւնը, գեղեցկութիւնը, ձեր գրածները գեղարուեստականօրէն շարադրելու բծախնդրութիւնը, դասական հայերէնի մասին ձեր գնահատելի կեցուածքը:
6) Համահայկական հարցերը քննելու եւ արժեւորելու ժամանակ ձեր անկողմնակալ ոգին:
7) Ձեր հաւատարմութիւնը հայոց անցեալ փառքին, հայոց արդար Դատին:
8) Եւ… մինչեւ յաջորդ առիթը…
Յարգանք՝ ձեր պատկառելի վաստակին.
Մաղթանք՝ արեւշատութեան, գրչի բեղմնաւորութեան: