Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանի կարգադրութեամբ, Արցախի պաշտպանական ուժերու մամուլի բաժինը սկսած է ամէն օր հանրութեան տեղեակ պահել ատրպեճանական զինուած ուժերու հրադադարի շարունակական խախտումներուն մասին՝ սահամանային գիծի վրայ:
Նախապէս ալ այս խախտումները շարունակական եղած են, պարզապէս, հաւանաբար իրենց միօրինակութեան եւ կամ Արցախի ու Հայաստանի ժողովուրդի առօրեան չխռովելու մտահոգութեամբ, անոնց մասին լրատուութիւնը եղած է պատահական, կամ աւելի ճիշդը՝ միայն ծանրակշիռ դէպքերն են, որոնք հրապարակուած են մամուլով:
Պաշտպանութեան նախարարի նոր կարգադրութիւնը կու գայ մեզ առաւել զգաստացնելու, որ մեր երկիրը պատերազմի մէջ է, եւ որ ամէն օր, սահմանի վրայ գնդակոծումներ կան, որ ամէն օր կրնանք զոհեր տալ, ամէն օր թշնամին կը փորձէ մեր ուժը, մեր զգօնութիւնը փորձել, տկար կէտեր գտնել, որպէսզի յարձակի, հարուածէ:
Ուրեմն, ամբողջ ազգով, միշտ պէտք է յիշենք, թէ պատերազմական վիճակի մէջ կ’ապրին մեր զոյգ պետութիւնները, թէ սահմանային գօտիներու վրայ հայ մարդիկ, երեխայ, կին, աշխատող, ամէն օր մահը կը դիմագրաւեն եւ դաւադիր գնդակներու զոհ դառնալու վտանգով կ’անցընեն իրենց կեանքը:
Ատրպեճանական վերջին յոխորտանքները աւելի իսկ սպառնական կը դարձնեն մթնոլորտը եւ աւելի շօշափելի՝ վտանգը:
Սրտով ու հոգիով կը կանգնինք մեր զինուորներուն, մեր սահմանապահ տղաներուն, մեր սահմանային գօտիներու բնակչութեան հետ:
Անփորձանք թող մնան անոնք:
(Երէկուան խախտման մասին լուրը կարդալ էջ 10):