Լոս Անճելըսի ոստիկանական բաժանմունքին կողմէ կատարուած Դեկտեմբեր 12, 2008էն մինչեւ Յունուար 17, 2009 երկարող ժամանաշրջանին մէջ տեղի ունեցած ոճիրներու տեղեկագրումէն ի յայտ կու գայ, որ այդ չորս շաբաթներուն ընթացքին Հոլիվուտի ոստիկանութեան կեդրոնին հակակշռին տակ եղող տարածքին մէջ արձանագրուած է մէկ մարդասպանութիւն, մինչ նախորդ չորս շաբաթներուն տեղի ունեցած էին չորս մարդասպանութիւններ: Նոյն ժամակամիջոցին, արձանագրուած են բռնաբարութեան երկու դէպքեր, ի հակադրութիւն նոյն ժամանակամիջոցը կանխող 4 շաբաթներու միջոցին որեւէ միջադէպի բացակայութեան:
Նաեւ, Դեկտեմբեր 12, 2008էն մինչեւ Յունուար 17, 2009 երկարող ժամանաշրջանին արձանագրուած են ֆիզիքական յարձակումի 35 պարագաներ, զանազան ձեւերու գողութեանց մօտաւորապէս 500 պարագայ, երախայ կամ կողակից խոշտանգելու 36 միջադէպ, իսկ ատրճանակի կրակոցներու հետեւանքով վիրաւորուած է չորս հոգի: