ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս քաղաքի դատախազի փոխանորդ Մայքըլ Ամիրեան յառաջիկայ Մարտ 3ին տեղի ունենալիք Լոս Անճելըսի տեղական ընտրութեանց իր թեկնածութիւնը դրած է Լոս Անճելըս քաղաքի դատախազի պաշտօնին համար:
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԴԱՏԱԽԱԶԸ
Իբրեւ Լոս Անճելըս քաղաքի դատախազի փոխանորդ, Մայքըլ Ամիրեան անխոնջ պայքար մղած է հրոսակախումբերու, ընտանեկան բռնութեանց ու այլ յանցագործութիւններու դէմ, որոնք վնաս կը հասցնեն շրջանին կենսամակարդակին։ Հարիւրաւոր դատերու հետապնդումը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, կրցած է աւելի ապահով դարձնել շրջանը եւ հարիւր հազարաւոր տոլարի վնասուց հատուցումներ ապահովել ոճիրներու զոհերուն:
Ան ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է նաեւ գողութեանց ու այլ մանր ոճիրներու վրայ, որովհետեւ կը գիտակցի, թէ անոնց անտեսումը կրնայ պատճառ դառնալ, որ նման ոճիրներու դիմողները կրնան աւելի լուրջ ոճրագործութեանց դիմել:
Ամիրեանի քայլերուն շնորհիւ, նաեւ կարելի եղած է հարիւրաւոր անպատասխանատու վարորդներու ինքնաշարժ վարելու արտօնագիրները խլել՝ աւելի ապահով դարձնելով շրջանի փողոցները:
Ան նաեւ ջատագովը եղած է համայնքին քաղաքացիներուն ու գործարարներուն հետ սերտ յարաբերութիւններ մշակելու գաղափարին, հաւատալով, որ նման գործակցութեանց շնորհիւ, կարելի պիտի ըլլայ նուազեցնել ոճիրներուն թիւը:
ՓՈՐՁԱՌՈՒ ԻՐԱՒԱԲԱՆԸ
Ամիրեան յաջողութեամբ հետապնդած է հրոսակախումբերու անդամներուն դէմ բազմաթիւ դատեր՝ ապահովելով անոնց բանտարկութիւնը: 2007ին, Լոս Անճելըս գաւառի դատախազութեան մէջ հրոսակախումբերու յատկացուած բաժանմունքին պատասխանատուութիւնը ստանձնելէ ետք, ան յաւելեալ ուշադրութիւն կեդրոնացուցած է հրոսակախումբերու հարցին վրայ:
Դատավարութեանց մասնակցելու իր երկարամեայ փորձառութիւնը Ամիրեան կը բաժնէ նաեւ Լոս Անճելըս գաւառի իրաւաբանական համակարգի նորեկ իրաւաբաններուն հետ:
Անոր համար, յատկապէս կանանց, երեխաներու եւ տարեցներու ապահովութեան երաշխաւորումը ամէնօրեայ պայքարի մը վերածուած է: Անոր գործը աւելի կը դժուարանայ, որովհետեւ շատ պարագաներու, ընտանեկան բռնութեանց ենթարկուած զոհերը նաեւ դժուարութիւն ունին անգլերէնով արտայայտուելու. նաեւ, իրենց աւանդութեանց հետեւելով կամ մեկուսացուելէ մտահոգուելով՝ կարգ մը զոհեր երբեմն ժամանակին ոստիկանութեան չեն հաղորդեր տեղի ունեցող բռնութիւնները:
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
Լոս Անճելըս գաւառի դատախազութեան մաս կազմելէն առաջ իսկ, երբ իրաւաբանական համալսարանի ուսանող էր տակաւին, Ամիրեան առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայած էր ընտանեկան բռնութեանց դէմ պայքարին: Ան աշխատանք տարած է, որ նման յարձակումներու զոհերը դատաւորէն արագ որոշումներ ձեռք ձգեն՝ ոճրագործները հեռու պահելու համար զոհերէն:
Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի իրաւաբանական դպրոցին մէջ իր ուսանողական տարիներուն, Ամիրեան աշխատակցած է տեղւոյն իրաւաբանական պարբերականին ու անդամ եղած է Լոս Անճելըս քաղաքի մէջ յանձնաժողովին, որուն նպատակն էր բարեկարգել քաղաքին օրէնքները:
Ան նաեւ աշխատած է դատաւոր Տիգրան Թեւրիզեանի գրասենակին մէջ, գործ ունենալով սահմանադրական, քաղաքացիական իրաւանց, քաղաքապետական պարտաւորութեանց, ազատ արտայայտուելու իրաւունքին եւ շարք մը այլ հարցերու առնչուող բարդ դատերու հետ:
Ամիրեան նաեւ փաստաբանական գրասենեակ մը ունէր, նահանգային ու դաշնակցային ատեաններու մէջ ներկայացնելով քաղաքացիներ ու ընկերութիւններ:
ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ՂԵԿԱՎԱՐ
Իր քաղաքական գործունէութեան կողքին, Ամիրեան նաեւ Ճորճ Իկնէյշըսի անուան հիմնադրամին հոգաբարձական կազմին անդամ է։ Այս հիմնադրամը հարիւր հազարաւոր տոլար արժողութեամբ բարեգործութիւններ կը կատարէ ամբողջ աշխարհի մէջ սփռուած հայկական կրթական, մշակութային, կրօնական կազմակերպութիւններուն։
Ան նաեւ անդամ է Հայց. եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Կառավարական յարաբերութեանց յանձնախումբին ու Ամերիկեան շարժապատկերի հիմնարկի վարչական խորհուրդին:
ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ
Մայքըլ Ամիրեան եւ անոր քոյրը՝ Մելիսա, ծնած ու հասակ առած են Լոս Անճելըսի Սան Ֆերնանտօ հովիտին մէջ: Մայքըլ կը շարունակէ ապրիլ նոյն շրջանին մէջ (Թոլուքա Լէյք) ու աշխատավայրն ալ նոյն շրջանին մէջ կը գտնուի:
Ան Հայկական Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ Ամերիկա գաղթած որբերու թոռ է։ Անոր հայրը՝ Ռիչըրտ Ամիրեան, եղած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ առաջին հայ դատաւորը, որ միայն 32րդ տարեկան հասակին նշանակուած էր այդ պաշտօնին: Մայքըլի մայրը՝ Լին, նմանապէս Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան պաշտօնեայ եղած է մօտաւորապէս 20 տարի:
Մայքըլ իր քաղաքական ասպարէզը սկսած է գրեթէ 20 տարի առաջ, երբ երկրորդականի ուսանող էր տակաւին, աշխատելով Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան անդամ Մայքըլ Ուուի գրասենեակին մէջ։ Ան նաեւ աշխատած է ծերակուտական Տայեան Ֆայնսթայնի գրասենեակը, երբ համալսարանական ուսանող մըն էր։
Ան նաեւ մասնակի սեփականատէր մըն է իր մեծ հօր կողմէ հաստատուած փոքր ընկերութեան մը, որ 75 տարիէ ի վեր կը գործէ ու կը շարունակէ առողջապահական ամբողջական ապահովագրութիւն տրամադրել իր պաշտօնեաներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն:
Մայքըլ իր պսակաւոր գիտութեանց վկայականը ստացած է Ճորճթաուն համալսարանէն, իսկ իրաւաբանական տիտղոսը՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն, ուր ան աւելի ուշ հաստատած է իր հօր՝ Ռիչըրտ Ամիրեանի անունով կրթանպաստի հիմնադրամ մը, արժանի ուսանողներու համար:
Ընտրուելու պարագային, Մայքըլ Ամիրեան պիտի դառնայ Լոս Անճելըս քաղաքի առաջին հայ ընտրուած պաշտօնեան։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել թեկնածուին
www.michaelamerian.com համացանցային կայքը:
Մայքըլ Ամիրեանի ընտրապայքարին նեցուկ կանգնիլ փափաքողները կրնան թեկնածուին դիմել Michael@MichaelAmerian.com հասցէով: