Հոլիվուտի մէջ ենք: Քաղաք, ուր տասնամեակներ առաջ կայք հաստատեցին հայ գաղթականներու խումբերը եւ մերթ տարտամ ու մերթ ինքնավստահ քայլերով եւ արկածախնդրական ոգիով սկսան կերտել ապագայ իրենց տունը: Ռումանահայեր, պուլկարահայեր, լիբանանահայեր, սուրիահայեր, հայաստանահայեր թէ այլ, բոլորն ալ ապրեցան Հոլիվուտի մէջ, ֆիլմաշխարհի կեդրոնի հմայքին տակ: Վերջին տասնամեակին, հոծ հայութեամբ բնակուած Հոլիվուտի շրջանը անուանուեցաւ Փոքր Հայաստան, շեշտելով շրջանի հայկական դիմագիծը:
Կարելի չէ Հոլիվուտի հայկական գաղութը ներկայացնել առանց խօսելու Հոլիվուտի Հայ կեդրոնին մասին, ուր քանի մը ամիսներ առաջ տակաւին իր գործունէութիւնը կը շարունակէր ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութիւնը՝ իր ուղեկից կազմակերպութիւններով: Հոն, Վերմոնթ եւ Լեքսինկթըն փողոցներու խաչմերուկին կանգնած երկյարկանի շէնքին (1203 N. Vermont Ave.) մէջ էր, որ տասնամեակներու ընթացքին գաղութահայ ազգայիններ գործեցին, իրենց յարկէն ներս համախմբելով շրջանի հայութիւնը: Այժմ Կոմիտէութիւնը ձեռնարկած է նոր Հայ կեդրոնի կառուցման աշխատանքին եւ կեդրոնի շէնքը արդէն բարձրացած է:
Կոմիտէութեան գործունէութեան եւ յատկապէս նոր Հայ կեդրոնի կառուցման աշխատանքներուն ծանօթանալու նպատակով, հանդիպում ունեցանք կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Իսբէնճեանի հետ, որ նախ ընդհանուր գիծերով ներկայացուց կոմիտէութեան եւ անոր ուղեկից կազմակերպութիւններուն գործունէութիւնը՝ ըսելով.
«Փոքր Հայաստանի տարածքին մէջ գործող ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութիւնը տասնամեակներէ ի վեր դարձած է շրջանի հայութեան ազգային-մշակութային գործունէութիւնը ուղղող միաւոր: Շրջանէն ներս կը գործէ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը, որ մարզական այս միութեան առաջին մասնաճիւղն է Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ, հիմնուած՝ 1968ին, եւ որուն անդամներուն թիւը մօտաւորապէս 800 է: Հայ օգնութեան միութիւնը կը գործէ իր Շաբաթօրեայ վարժարանով եւ ընկերային ծառայութեան գրասենեակով: Իրենց աշխատանքը կը տանին նաեւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնն ու Պատանեկան միութիւնը: Հայ Դատի յանձնախումբը այժմ օժտուած է նոր ուժերով, իսկ յանձնախումբի ատենապետն է դոկտ. Օննիկ Քէշիշեան»:
Յիշենք, թէ ժամանակին Հայ կեդրոնէն ներս իր կարեւոր աշխատանքը կը տանէր նաեւ «Համազգային»ի մասնաճիւղը, յատկապէս իր «Անի» պարախումբով, որ այժմ դարձած է «Համազգային»ի Շրջ. վարչութեան միաւորը: «Անի»ն Հոլիվուտի Հայ կեդրոնին մէջ կենսունակութիւն ստեղծեց՝ իր շուրջ համախմբելով երիտասարդ-երիտասարդուհիներու փաղանգ մը, որոնք տասնամեակներու ընթացքին հայկական պարի ներկայացուցիչները եղան Լոս Անճելըսի եւ Քալիֆորնիոյ տարածքին:
Խօսելով կոմիտէի գործունէութեան ու յատկապէս նոր Հայ կեդրոնի կառուցման ծրագրին ու շինարարական աշխատանքներուն մասին՝ Կարօ Իսբէնճեան ըսաւ, թէ անցեալ Մարտին, երբ որոշուեցաւ «Ասպարէզ»ն ու «Հորիզոն»ը Կլէնտէյլէն Հոլիվուտի Հայ կեդրոն տեղափոխել, «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութիւնը որոշեց տեղափոխուիլ Ս. Կարապետ եկեղեցիի կանգառին կից գտնուող հողատարածքին վրայ, «Ալէք Փիլիպոս» ազգ. վարժարանին դիմաց, հոն կառուցելով իր նոր երիտասարդական կեդրոնը, ուր իր ուղեկից կազմակերպութիւններուն հետ աւելի լաւ պիտի ծառայէ գաղութին:
Ընկ. Իսբէնճեան ուրախութեամբ խօսեցաւ երիտասարդական նոր կեդրոնի կառուցման մասին՝ ըսելով. «Կոմիտէի գործունէութեան կարեւոր կէտը կեդրոնի հարցն է, որ մեզի համար մեծ քայլ մըն էր եւ կը յուսանք, որ նոր հետաքրքրութիւն պիտի ստեղծէ: Շինարարական աշխատանքները արագ թափով առաջ կը տարուին: Շէնքը արդէն բարձրացած է: Մեր հին կեդրոնը, Վերմոնթի վրայ, կը կարծեմ, որ պէտք եղած չափով չէր ծառայեր գաղութին: Շրջանի ՀՄԸՄը շատ աշխոյժ է եւ գրեթէ աշխատանքներուն մեծ մասը «Ալէք Փիլիպոս»ի դաշտէն ներս տեղի կ’ունենայ եւ իրենց անդամներուն բաւական մեծ տոկոսը «Ալէք Փիլիպոս»ի աշակերտներ են: Պատանեկանի անդամներուն մեծ մասը եւս: Հպարտ ենք, որ շատ լաւ կապեր ունինք ուղեկից միութիւններուն հետ: ՀՄԸՄը եւ դպրոցը զիրար կը լրացնեն, ՀՕՄի Շաբաթօրեայի դասընթացքները «Ալէք Փիլիպոս»ի դասարաններուն մէջ տեղի կ’ունենան: Հոն երթալը մեծ եւ անհրաժեշտ քայլ մըն է մեզի համար: Նոր Կեդրոնի հասցէն է 1559 N. Kenmore: Հողը կար, Ս. Կարապետ եկեղեցիի կանգառին կողքին: Կեդրոնը ունի 8000 քառ. ոտք տարածք: Երկյարկանի է. առաջին յարկին վրայ են ժողովասրահն ու խոհանոցը, իսկ երկրորդ յարկին վրայ՝ գրասենեակները: Կը նախատեսուի կեդրոնին բացումը կատարել Սեպտեմբեր 2009ին»:
Յայտնենք, թէ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութիւնը, իր ուղեկից կազմակերպութիւններով, առժամաբար իր աշխատանքները կը շարունակէ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ «Սողանալեան» սրահին մէջ, իսկ ՀՕՄի ընկերային ծառայութեան գրասենեակը կը շարունակէ գործել այժմու «Ասպարէզ-Հորիզոն»ի շէնքին առաջին յարկին վրայ:
Խօսելով Հոլիվուտի հայ գաղութին կազմաւորման ու հանգրուանային զարգացման մասին՝ Կ. Իսբէնճեան ըսաւ.
«70ական թուականներուն, երբ Լիբանանէն եւ Հայաստանէն դէպի Լոս Անճելըս գաղթողներու առաջին հոսանքը սկսաւ, անոնք առաջին անգամ կայք հաստատեցին Հոլիվուտի մէջ: Ժամանակի ընթացքին Հոլիվուտի գաղութի դիմագիծը փոխուեցաւ: Այսօր նոյնը չէ, ինչ որ էր 70ական թուականներուն: Այդ օրերուն, միայն հայկական քանի մը խանութներ կային Սանթա Մոնիքայի վրայ՝ Պէզճեան, Բարսեղեան, իսկ այսօր մեծ թիւով հայկական գործատեղիներ եւ խանութներ կան, մանաւանդ փոքր Հայաստանէն ներս: «Ալէք Փիլիպոս»ը գաղութէն ներս ուժ դարձած է, իր որակով ու աշակերտութեան թիւով մեծ հաստատութիւն է այսօր: ՀՄԸՄը, որ խանութի մը մէջ կը գործէր, այսօր 700-800 անդամ ունի: Մենք՝ իբրեւ կոմիտէ, հպարտ ենք ՀՄԸՄով, որ անցեալ տարի տօնեց իր հիմնադրութեան 40ամեակը. հպարտ ենք նաեւ դպրոցով, որ իր 40ամեակը պիտի տօնէ այս տարի»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կոմիտէն ի՞նչ ծրագիրներ ունի ապագայ գործունէութեան իմաստով՝ Կարօ Իսբէնճեան ըսաւ.
«Առաջնահերթ ծրագիր էր նոր կեդրոն մը ունենալը, որ աւելի լաւ կրնայ ծառայել գաղութին: Պէտք է Փոքր Հայաստանը դարձնել աւելի արդիւնաբեր վաճառականական շրջանի մը եւ օգնել մեր շրջանի հայկական առեւտրականներուն, որ աւելի եւս յաջողութիւններ արձանագրեն: Պէտք է ներգրաւել երիտասարդութիւնը, շրջանէն ներս քաղաքական ուժ դառնալ, զարգացնել Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութիւնը եւ հայութեան ձայնը լսելի դարձնել քաղաքապետական շրջանակէն ներս: Մեծ յոյսեր ունինք, որ «Ասպարէզ»ի եւ «Հորիզոն»ի հոլիվուտ գալով՝ գաղութը պիտի վերանորոգուի»:
Խօսելով գաղութի աշխուժացման աշխատանքներուն մասին՝ Կարօ Իսբէնճեան յիշեց ՀԵԴի կազմակերպած Փոքր Հայաստանի ամէնամեայ մաքրութեան արշաւը եւ վերջին տարիներուն կազմակերպած փառատօնը: Կոմիտէութեան տարեկան ձեռնարկը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ուղեկից միութիւնները, դպրոցն ու եկեղեցին, տեղի պիտի ունենայ Մարտ 14ին: