Թրքական կողմը զօրաշարժ յայտարարած է արդէն ու անցած գործի՝ ամէն հնարաւոր մակարդակով, բոլոր ճակատներու վրայ:
Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի վերսկսումը Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ իսկական մղձաւանջի վերածուած է թրքական քաղաքական շրջանակներուն համար, որոնք դիւանագիտական, քարոզչական ու յարաբերական բոլոր հնարաւորութիւնները նետած են մարտի դաշտ՝ ձախողեցնելու համար բանաձեւը:
Քաղաքական մակարդակի վրայ, թրքական կողմը, չես գիտեր ի՛նչ ներշնչումով, թաքուն յոյս մը կը փայփայէ, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացում ու սահմաններու բացում խոստանալով՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ իր պայքարին մէջ պիտի ունենայ հայկական պետութեան աջակցութիւնը՝ սփիւռքահայութեան վրայ ընդհանրապէս եւ ամերիկահայութեան վրայ մասնաւորապէս ճնշելու ճամբով:
Այս յոյսն է կարծես, որ կը մղէ թրքական արտաքին քաղաքականութեան ղեկավարները ամէն առիթ օգտագործելու՝ հանդիպելու համար իրենց հայ պաշտօնակիցներուն՝ միշտ մօտալուտ լուծումի մը պատուհանը ցոյց տալով անոնց, միշտ ալ անուղղակիօրէն սպառնալով, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերը կրնան խանգարել »կառուցողական« մինչ այդ առնուած քայլերը, որոնց ինչ ըլլալը տակաւին անյայտ կը մնայ որեւէ դիտորդի համար:
Հայկական պատասխանը թրքական այս զօրաշարժին.
Ամերիկահայութիւնը Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ ներկայացնելու վճիռը առած է արդէն: Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին տուած է ազդանշանը ու անցած է գործի, իր կարգին զօրաշարժի ենթարկելով ամերիկահայութիւնը՝ իր քաղաքական, քարոզչական ու յարաբերական լծակներով:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը վայելած է ամերիկահայ լայն զանգուածներու նեցուկն ու աջակցութիւնը իր ազգային բոլոր ծրագիրներուն մէջ, յատկապէս Ցեղասպանութեան ճանաչումը հետապնդելու իր յարատեւ ու շարունակ մագլցում արձանագրած պայքարին մէջ: Հիմա աւելի քան երբեք, այդ աջակցութեան վստահած՝ Հայ Դատի յանձնախումբը նետուած է գործի: