Այս օրերուն, հայկական տարբեր կազմակերպութիւններ եւ միութիւններ ողջերթի յատուկ ձեռնարկներով իրենց գնահատանքը կը յայտնեն Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Լիլոյեանին, անոր մաղթելով յաջողութիւն իր նոր ստանձնելիք պարտականութիւններուն մէջ:
Այս ձեռնարկներու շարքին, Չորեքշաբթի երեկոյեան, Կլէնտէյլի «Ֆնիշիա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի Հանրային յարաբերութեան գրասենեակի կազմակերպութեամբ:
Երեկոյին մասնակիցներու անուանացանկը բաւական ներկայացուցչական էր: Օրուան հանդիսավարութիւնը կատարող ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Ազգային «Ֆերահեան» վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսաքեան յստակ դարձուց, որ միայն վայրի սահմանափակման պատճառով, կարելի չէր եղած բազմաթիւ կարեւոր այլ միութեանց ներկայացուցիչներ եւ բարերարներ հրաւիրել:
Չերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ ընթացաւ երեկոն: Խօսք առնողները, բոլորը, անպատրաստից, ինքնաբուխ արտայայտութիւններ ունեցան՝ հիմնականօրէն գնահատելով հիւպատոսի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր գործելակերպը:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեանի, «Համազգային» Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վիգէն Եագուպեանի, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ գործիչներու արտայայտութիւններէն կարելի էր ուրուագծել, թէ սփիւռքեան համայնքի մը ղեկավարութիւնը, ընդհանրապէս, ինչպիսի՛ գործելակերպ կ’ակնկալէ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչէ մը, երբ պետական այս պաշտօնեան, ոչ անպայման ի պաշտօնէ, սակայն մեր ազգի իւրայատուկ վիճակին պարտադրանքով, կը շփուի, կը համագործակցի ու կ’օժանդակէ տեղւոյն հայկական համայնքին:
Այսպէս, խօսք առնողները գնահատեցին մեկնող գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Լիլոյեանի մասնագիտական աշխատանքի մակարդակը, գնահատեցին անոր բաց դռներու վերաբերմունքը, այիսնքն՝ համայնքի կազմակերպութիւններուն առջեւ հիւպատոսարանին դռները միշտ բացած պահելու վարքագիծը, անոր համագործակցութեան ոգին, անոր անխտրական վերաբերմունքը համայնքի բոլոր հոսանքներուն նկատմամբ, անոր մարդկային յատկանիշները՝ իբրեւ հայ եկեղեցւոյ զաւակ, իբրեւ հայ մարդ: Այսպիսի բնութագիր կը փափաքինք ունենայ նաեւ նոր, գալիք հիւպատոսը: Այդպիսի բնութագիր պիտի փնտռենք անոր մէջ:
Այս անմիջական խօսքերը իրենց ազդեցութիւնը ունեցան առաւել եւս ջերմացնելով մթնոլորտը: Հիւպատոսը իր պատասխան խօսքին մէջ արտայայտեց իր երախտագիտութիւնը՝ համայնքին մէջ գործող բոլոր միութիւններուն, որոնք իրեն հետ համագործակցելու միշտ պատրաստակամ եղած են:
Հաւաքոյթին իւրայատուկ շուք տուաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Կիլիկեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիգիճեանի, Ազգային վարչութեան նախագահ դոկտ. Կարօ Յակոբեանի, նաեւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան ներկայացուցիչ Պերճ Շահպազեանի, Հիւսիային Ամերիկայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան շրջանի Էջմիածնական թեմի ներկայացուցիչ իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեանի, Կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ հայր Անտոն Սարոյեանի, Հայ աւետարանական համայնքի հոգեւոր ղեկավար Ճօ Մաթոսեանի, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան շրջանի մարմինի անդամներէն Խաչիկ Ճանոյեանի, բարերարներ Հէրի Նաճարեանի, Վարանդ Մելքոնեանի, Օսկօ Կիրակոսեանի եւ Իսահակ Գազանճեանի ներկայութիւնը:
Հաւաքոյթին ներկայ էին նաեւ «Հայաստան» Համայհայկական հիմնադրամի, Հայ Դատի յանձնախումբի, ՀՄԸՄի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեանց, «Համազգային»ի ու Հայ օգնութեան միութեան Շրջանային վարչութեանց, հայրենակցական շարք մը միութիւններու, Լոս Անճելըսի հայ գրողներու միութեան, «Մարիամեան-Դաւթեան» կրթական հաստատութեան ղեկավարներ, շարք մը հասարակական գործիչներ ու մամուլի ներկայացուցիչներ:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան, առ ի գնահատանք հիւպատոսի աշխատնքին, անոր նուիրեց ՀՅԴ Երրորդութեան պատկերներով արծաթէ մետալներու հաւաքածոյ մը, որ հրապարակուած է սահմանափակ թիւով՝ կուսակցութեան հարիւրամեակին առիթով:
Կը սպասենք նոր հիւպատոսի ժամանումին: