Մենք՝ միայն այլեւս յարաբերաբար երիտասարդներս, մեր պարտականութեանց մէջ թերացած ենք: Շատ: Արեւմտեան Ամերիկայի հայկական գաղութը արդէն վաղուց ենթարկուած է դիմափոխութեան, անոր գոյները փոխուած են, հարստացած՝ որոշ երանգներու մէջ, աղքատացած՝ այլոց: Մեր թերացումը այն գործիչներուն հանդէպ է, որոնք գաղութի կազմաւորման մէջ իրենց կեանքը սպառած են, սակայն վերջին տարիներուն պարտադրաբար, ոմանք տարիքի բերումով, ուրիշներ ընտանեկան կամ անձնական այլ պատճառներով, հիմա լուսանցքէն միայն կը հետեւին համայնքի կեանքին, Աստուած գիտէ ինչպիսի՛ զգացումներով, անձկութեամբ, հոգածութեամբ ու մտահոգութիւններով:
Ընկեր Մկուչի մահուան առիթով պատահական մտածում մը չէ ասիկա: Տակաւին քանի մը շաբաթներ առաջ, «Ասպարէզ» այցելութենէն օգտուելով (տեսէք, այստեղ թերացումի մը մատնութիւնը կայ, այսինքն, կը սպասենք, որ իրեն նման մարդիկ ձեւով մը հասնին մեզ, փոխանակ մենք յաւելեալ ճիգ մը թափենք ու երթանք իրենց քով), ընկեր Մկուչէն խնդրած էի արձանագրել իր յուշերը, նոյնիսկ որոշ նկատառումներով՝ անյիշելիները: Չեմ կարծեր ըրաւ, կամ եթէ անցեալին ըրած է: Իր զաւակը՝ Արան, որուն համար հայրը ոչ միայն ծնողք էր, այլ գաղափարական դաստիարակ, իր կազմակերպական նկարագիրը կոփող մարդ, գրող է, կրնար հոյակապ կերպով թուղթին տալ անոր վկայութիւններն ու յուշերը:
Մկուչի երկարամեայ ընկերներէն Բաբգէն Սասունին, որուն հանդէպ մեր մեղանչումը կենդանի փաստ է, իր անձնական բեռնուածութիւնը քանի մը վայրկեանով թօթափելով՝ տուաւ հետեւեալ ժլատ, բայց իմ կարծիքով խօսուն վկայութիւնը անոր մասին:
«Ճեմարանի քառասունական թուականներու կցկտուր եւ անկապ յուշերուս մէջ (քանի մը դասարանով հեռու էինք իրարմէ) կը յիշեմ սէրը գրականութեան հանդէպ, յատկապէս ոգեւորութիւնը Վազգէն Շուշանեանով, եւ ընդհանրապէս հետաքրքրութիւնը «ՄԵՆՔ»ի շարժումով։ Նոյն խանդավառութիւնը նկատեցի դեռ քանի մը տարի
առաջ, երբ ինձմէ փոխ կ’առնէր անոր նոր հրատարակուած քանի մը հատորները։
«Նոյն տարիներուն, Մկուչ Պատանեկան միութեան անդամ էր։ Երբեմն տեսած եմ զինք քաղաքի (Պէյրութ) մեր հին Քրիստափոր ակումբին մէկ անկիւնը՝ առանձնացած պատին շարուած ֆիտայիներու նկարներուն առջեւ, կեանքի կոչելով զանոնք եւ զմայլելով անոնց մոսիններուն վրայ։ Զմայլանք մը, որ հետագային զինք դարձուց զէնքի սիրահար։
«Իր մարտական ջութակահար ընկերոջմէ սորված էր նաեւ նուագարան (մանտոլին) գործածել եւ երբեմն կը զարմացնէր շրջապատը հայկական մեղեդիով մը։
Իբրեւ դաշնակցական, Մկուչ կառչած մնաց կուսակցութեան հիմնական հանգանակներուն եւ կարգապահական ոգիին, երբեմն իւրովի մեկնաբանելով զանոնք եւ անզիջող կերպով մատնանշելով շեղումները»։
«Իւրովի մեկնաբանութիւն»ը բաւական խօսուն է, յատկապէս: