Եղեռնի երկու վերապրող՝ երկուքն ալ յանձնառու մարդիկ, Հայ Դատի եւ հայկական պահանջատիրութեան համար պայքարողներ, Ղազարոս Գատէմեան, որուն հանդիպած ըլլալու էք, եթէ մասնակցած էք գրեթէ որեւէ ցոյցի կամ հաւաքի, որ կազմակերպուած է ի խնդիր Ցեղասպանութեան ճանաչման կամ հայկական իրաւունքներու պահանջատիրութեան, Մնացական Սօսիկեան, որ այս շրջանի եւ հաւանաբար համայն աշխարհի ամէնէն տարեց դաշնակցականն էր, շարքային կուսակցական, որ իր ամբողջ կեանքը դրաւ ի սպաս ազգային կուսակցութեան հետապնդած նպատակներուն:
Իր կեանքը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ճամբով իր ազգին ու հայրենիքին ի սպաս դրած՝ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքի կազմաւորման եւ անոր ազգային կառոյցներու ու ենթակառոյցներու ստեղծման ու ամրապնդման մէջ իր կարեւոր լուման բերած Մկրտիչ Մկրտիչեանը, որ իր շրջանակին, մեր շրջանակին մէջ յայտնի էր իբրեւ՝ ընկեր Մկուչ:
«Ասպարէզ»ի նախկին խմբագիր Քրիստափոր Բագրատունի, Մկրտիչ Մկրտիչեանի երկար տարիներու ընկերն ու մտերիմը, որ Շաբաթ օր, անոր յուղարկաւորութեան ժամանակ, յանուն Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, դամբանական խօսքը պիտի փոխանցէ, կը վկայէ, թէ «Ասպարէզ» թերթը Ֆրեզնոյէն Լոս Անճելըս փոխադրելու որոշման ու գործադրման մէջ մեծ եղած է դերը ընկեր Մկուչին:
Հրայր Տէր Գրիգորեանը շատ երիտասարդ բաժնուեցաւ մեզմէ: Իր հետ աշխատած կուսակիցները կը վկայեն, որ ան եղած է գաղափարական նուիրեալ մը, անձ մը, որ իր կեանքը կը վարէր իր որդեգրած սկզբունքներուն համապատասխան, մերժելով նուազագոյն զիջումն իսկ իր ապրելակերպին մէջ:
Այս բոլոր անհատականութիւններուն առանձնապէս անդրադառնալու առիթ պիտի ունենանք հետագային՝ իրենց մտերիմներու ու զինակիցներու վկայութեանց ճամբով:
Մինչ այդ՝ անոնց յիշատակը միշտ պայծառ պիտի մնայ մեզի համար: