Քալիֆորնիոյ նահանգային 45րդ ընտրական շրջանի սահմանագիծերը կը ներառնեն Հոլիվուտի մէկ կարեւոր մասը, արեւմուտքէն կը հասնի մինչեւ Լա Պրէա, արեւելքէն՝ Էլիժըն փարք եւ Մաունթ Ուաշինկթըն, հարաւէն՝ Պէվըրլի Պուլվարտ ու Չայնաթաուան, իսկ հիւսիսէն՝ Հոլիվուտ Պուլվարտ, ապա Սանսէթ ու Աթուաթըր:
Նահանգային խորհուրդին մէջ այս տարածքի ընտրեալ ներկայացուցիչն է Քեւին Տէ Լիոն:
Այս հսկայ տարածքին վրայ կ’ապրին աւելի քան երեսուն հազար հայեր: Հայկական ներկայ ընտրական ուժերը, այսինքն՝ արձանագրուած հայ քուէարկողներուն թիւը՝ 2231 է: Դժբախտաբար յստակ թիւեր չունինք, թէ այս տարածքին վրայ բնակող հայերէն քանին տակաւին չունի քաղաքացիութիւն: Այսուհանդերձ, վստահ ենք, որ քուէարկելու իրաւունք ձեռք ձգած հայ քաղաքացիներուն թիւը շատ աւելի է քան 2231ը:
Յստակ է, որ քաղաքացիութիւն ձեռք ձգել չի նշանակեր ինքնաբերաբար, որ կրնաս մասնակցիլ յաջորդ քուէարկութեան: Այդ կարեւորագոյն ժողովրդավարական գործընթացին մասնակցելու համար պէտք է պարզապէս արձանագրուիլ, լրացնել յատուկ պաշտօնաթերթ մը, ուր կրնաք նշել ձեր կուսակցական նախընտրութիւնը:
Արձանագրուած քուէարկողներն են, որոնք միայն կրնան մասնակցիլ ընտրութիւններուն:
«Ասպարէզ»ի այս նոր ձեռնարկին՝ Հոլիվուտեան մեր ներդիրին հետ, այս տարածքին վրայ հայկական ներկայութիւնը զգալի դարձնելու նպատակով եւ հայկական զգայնութիւնները տեղ հասցնելու, հայկական հաւաքականութեան ուժն ու ազդեցութեան դաշտը ընդարձակելու համար, կոչ կ’ուղղենք մեր հայրենակիցներուն արձանագրելու իրենց քուէարկելու իրաւունքը:
Անկախ ձեր կուսակցական նախընտրութենէն, դուք ձեր քուէով կը ծանրացնէք հայկական քաղաքական ուժի նժարը: Այս շրջանի բնակչութեան համար, իսկապէս մեծ ճիգ պէտք չէ թափել՝ հայ քուէարկողներու թիւը մէկ տարուան ընթացքին եռապատկելու, առնուազն հատելու վեց հազար քուէարկողի սահմանագիծը: