Հակաոակ այն իրողութեան, որ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը տուած էր Փոքր Հայաստանը հաստատելու որոշումը, անոր ծնունդը անկարելի պիտի ըլլար, եթէ չըլլային խումբ մը հայեր, որոնք հարցը միշտ օրակարգի վրայ պահելով կրցան իրականացնել հայրենիքէն հեռու Հայաստան մը ունենալու երազը:
Ինչպէս այդ օրերուն Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան անդամ Ճէքի Կոլտպըրկի գրասենեակին համայնքային ներկայացուցիչ Պայծառ Թովմասեան կը յայտնէ, Հայ Դատի յանձնախումբը, շրջանի ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութիւնը, ՀՄԸՄը, ՀՕՄը, «Համազգային»ը, «Ալեք Փիլիպոս» վարժարանը, Առաջնորդարանը, ինչպէս նաեւ շարք մը վաճառատուներու տէրեր ու քաղաքացիներ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են այս նպատակին իրականացման մէջ: Անոնք, ի մի գալով, Թովմասեանի միջոցաւ դիմած են Կոլտպըրկի, եւ տրամաբանական փաստեր ներկայացնելով կարողացած են համոզել զինք, թէ հայերը, որոնք առաջադրուած սահմաններէն ներս երկու եկեղեցիներ եւ բազմաթիւ վաճառատուներ ունէին, իսկապէս կարեւոր ներկայութիւն մըն են շրջանին մէջ, եւ թէ նման անուանակոչում մը նպաստ պիտի հանդիսանար քաղաքին համար:
Լոս Անճելըսի քաղաքի 13րդ ընտրատարածքի ներկայացուցիչ Ճէքի Կոլտպըրկ, որ աւելի ուշ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ ընտրուեցաւ, նախ վերապահութիւն յայտնած է յատկապէս այն պատճառով, որ քաղաքապետարանը վերջերս որոշած էր առաջադրուած Փոքր Հայաստանէն կարգ մը թաղեր «Թայ Թաուն» (թայերու քաղաք) կոչել։ Աւելի ետք, սակայն, տեսնելով դիմում ներկայացնողներուն խանդավառութիւնն ու նուիրումը, տեղի տուած է ու հարցը ներկայացուցած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին:
Այս դիմումէն անմիջապէս առաջ, Թովմասեան այս հարցով Կոլտպըրկի հետ հանդիպում մը կազմակերած է, որուն ներկայ եղած են հարցը լուսարձակի տակ պահելու գործին դերակատարները, որոնք են՝ Պայծառ Թովմասեան, Կարպիս Քիւրքճեան, Վիքոր Չէն, Ռընէ Ակիւլար, Սարգիս Սահակեան, Ճանի Սահակեան, Գէորգ Գասարճեան, Գէորգ Ասլանեան, Ճօ Քիւրճիքեան, Հէրի Սապունճեան, Աբրահամ Պէրպէրեան, Արփինէ Քոչարեան, Զոհրապ Թաշճեան, Ճորճ Թաւուքճեան, Նորիկ Շահպազեան, Փանոս Զէյթլեան, Վագօ Տելալեան, Կէրի Սինանեան, Արթին Սաղրեան, Շահէն Յարութիւնեան, Գէորգ Հալէպեան, Վարդան Քասիլեան, Մկրտիչ Զաքարեան, Յարութիւն Պէշլեան, Վարդան Աւագեան, Յարութ Մատէնեան, Վահրամ Եղիայեան, Գարեգին Խանճեան, Մարիամ Քիւրքճեան եւ Գէորգ Գէորգեան:
Թովմասեան կը յիշէ, թէ վերոյիշեալներուն կողքին կարեւոր աշխատանք տարած են նաեւ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան անդամներ Աւօ Տօնոյեանն ու Աւետիս Իսպէնճեանը:
Յատկանշական է, որ կարգ մը ոչ-հայ քաղաքացիներ եւս իրենց ձայնը միացուցած են այս արշաւին, որուն պատճառով կատարուած ստորագրահաւաքին մասնակցեցան աւելի քան չորս հազար քաղաքացիներ:
Պայծառ Թովմասեան, որ ներկայիս Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Քեւըն տը Լէոնի ներկայացուցիչն է, կը յիշէ նաեւ, թէ ինչպէս Նորմանտի եւ Հոլիվուտ պողոտաներուն անկիւնը դեղարանի մը տէրը, Պապիկ Պապիկեան, Փոքր Հայաստան մը ունենալու բարի նախանձը ունեցած էր, երբ ճիշդ իր դեղատունին դիմաց թայերու ջանքերով կարելի եղած էր «Թայ Թաուն» ցուցատախտակը դնել:
Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին որոշումէն ետք, Փոքր Հայաստանի անուանակոչումը նշելու նպատակով տօնակատարութիւն մը տեղի ունեցաւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, որուն ներկայ էին մօտաււրապէս հազար հոգի, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Սքաթ Ուայլմէն, Ճէքի Կոլտպըրկ եւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի օրուան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Մելքոնեան: Տօնակատարութիւնը ճոխացուց երգիչ Յարութ Փամպուքճեան:
Անուանակոչումը ապահովելէ ետք, Փոքր Հայաստանի մէջ ամէն տարի տեղի կ’ունենայ Ապրիլ 24ի քայլարշաւը: Նաեւ, շրջանին մէջ տարեկան փառատօններ սկսած են կազմակերպուիլ Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ՝ ՀԵԴն մաքրութեան տարեկան արշաւներ կը կատարէ եւ քանի մը տարի առաջ նաեւ Փոքր Հայաստան այցելողները ողջունող պաստառներ զետեղած է շարք մը թաղերու մէջ: