Իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկի կամ քաղաք մը այցելողի համար, շատ բնական է, որ իր պտոյտի ընթացքին, աչքերով քննէ իր այցելած վայրին կամ պողոտային վրայ տեղ գտած առեւտրական հաստատութիւններուն կամ յայտնի խանութներուն ցուցափեղկերն ու անոնց դուրսի պատի ճակատը զարդարող ցուցատախտակները:
Լոս Անճելըս կոչուած այս հսկայ քաղաքի հիւսիս արեւելքը ծածկող քաղաքաբաժինը, որ Հոլիվուտ կը կոչուի եւ որուն քաղքապետութիւնը տուած է նաեւ «Փոքր հայաստան» (Little Armenia) անունը, անմասն չի մնար վերեւ յիշուած մատնանշումէն:
Այսպէս, իր հանրայայտ պողոտաներուն մէջ՝ Հոլիվուտ, Սանսէթ կամ Սանթա Մոնիքա փողոցներու ամբողջ երկայնքին, իր խանութենրով եւ առաեւտրական հաստատութիւններով մեր հայրեանկիցներն ալ գրաւած են աչքառու տեղերն ու դիրքերը:
Այսպէս, տակաւին երկու երեք տասնամեակներ առաջ, ուրիշ նահանգներէ եւ երկիրներէ այս փոքր «Հայաստան»ը իր հարազատին կամ հարազատներուն այցելութեան եկող հայուն, անկասկած, որ հետեւեալ բացատրութիւնը կը տրուէր.
– «Թասլաքեան»ի քովի թաղը կ’ապրինք:
– «Փանոս» անուշավաճառին հարցուր, գիտէ:
– «Բարսեղեան» ֆօթօ չհասած…:
– «Արքայ» մարքէթէն, մէկ շէնք յետոյ:
– «Ռօնս» մարքէթէն երկու փողոց վար…
– «Քարուսէլ» ճաշարանին քիթին տակը…
– «Վայն» ի եկեղեցին չհասած
– «Ալէքսանտրիա»ի եկեղեցւոյ փողոցը
– « Ալէք Փիլիպոս» դպրոցի կռնակը:
– Հայկական «Շէլ» պէնզինճիին ծայրը
Ու այսպէս, շարքը կ’երկարի:
Այս, անշուշտ յայտարար նշանն է, թէ այդ օրերուն, արդէն իսկ հայերով խճողուած այս շրջանէն ներս, մեր հայրենակիցները առաջին իսկ օրէն իրենց եկեղցիներով, դպրոցներով կամ առեւտրական հաստատութիւններով արդէն որոշ դիրք գրաւած են քաղաքի ամէնօրեայ կեանքի վազքին մէջ, ու նոյնիսկ դարձած հաստատ անուն շրջանի բոլոր բնակիչներուն համար:
Այսպէս է հայը: Իր նկարագրին մաս կը կազմեն շէնցնելն ու բարգաւաճիլը՝ ամէն օտար ափերուն:
Փաստ՝ ամբողջ Սփիւռքի պատմութեան էջերը:
«Ասպարէզ» օրաթերթին, իր ընթերցողներուն եւ յատկապէս հայ հասարակութեան այս շրջանը ներկայացնելու կամ ծանօթացնելու որդեգրումը անկասկած, որ ինծի նման շատերուն մօտ ալ դրական կերպով ընդունուեցաւ:
Վերջապէս բոլորս ալ կը հաւատանք, որ մամուլը ու մանաւանդ հայ մամուլը հայելին է ու պէտք է այդպէս մնայ, մեր առօրեայ կեանքին եւ հեւքին:
Եւ ահա այդ օրինակներէն բաժին մը:
ARKA PHOTO.- Արքայ Ֆօթօ. հիմնուած թուական 1977, հասցէ.- 5105 Hollywood Blvd. Los Angeles, CA 90027, հեռաձայն. 323-660-7573: Տէր եւ տնօրէն Մանուկ Մէլէլեան (մահացած): Ներկայիս հաստատութեան տէրերն են իր զաւակները՝ Սահակ եւ Շահէ Մէլէլեան եղբայրները:
Հալէպ, Դամասկոս եւ ապա Պէյրութ լուսանկարչութեամբ իր ապրուստը հոգացող Մանուկ Մէլէլեան 1977ին Հոլիվուտ պողոտայի վրայ կը հաստատէ իր այս նկարչատունը ու շնորհիւ իր աշխատասիրութեան, բարի եւ անուշ վերաբերմունքին եւ զոհաբերող հոգիին ու կորովին՝ ան շուտով կը դառնայ հանրածանօթ անձ մը, ամէն առիթներու համար փնտռուած նկարիչ, ոչ միայն հայկական այլ նաեւ, տեղական եւ օտար շրջանակներէն ներս:
Արդարամիտ եւ յատկապէս խղճամիտ՝ տակաւին երկու տասնամեակներ առաջ նկարչական գործիքը ձեռքին՝ իրեն կրնայիր հանդիպիլ հայկական պսակներուն, հարսանիքներուն, կնունքներուն եւ այլ ուրախ առիթներուն, ուր իր ճաշակով կը նկարահանէր օրուան ձեռնարկը կամ ելոյթը:
1988ի կանխահաս մահէն ետք, իր երկու զաւակները՝ Սահակն ու Շահէն արդէն դրծուած իրենց հօր ձեռքին տակ, կը ստանձնեն այս նկարչատան ղեկը ու հետզհետէ իրենց ճիգերով, «սերվիս»ներով, ինչպէս կ’ըսեն, դուրս կու գան հայկական շրջապատէն ու իրենց ծանօթացման կարկինը լայնցնելով իրենց յաճախորդներուն ցանկերուն վրայ կ’աւելցնեն օտար յայտնի անուններ, հաստատութիւններ եւ հրապարակային նախաձեռնութիւններ:
Այսպէս կամաց կամաց, օտարները կը դառնան իրենց գործին կամ աշխատանքին 40 առ հարիւր համեմատութիւնը: Նկարչութեան կողքին տեսաերիզի պատրաստութեան աշխատանքներ ալ կը տանին:
Այցելութիւն մը իրենց այս համեստ վաճառատունէն ներս արդէն յստակօրէն կը պարզ է, թէ իրենք նկարած են հայկական մեծ ձեռնարկներ, յոբելենական հանդիսութիւննր, շրջանը այցելող հայկական դէմքեր, կաթողիկոսներ, եկեղեցիներու պատմական թուականներ եւ օծումներ, Հայ դատի ձեռնարկներ, դրամատուներու բացման հանդիսութիւններ. աւելին՝ դաշնակցային դատաւորներու երդման արարողութիւններ, պետական մարդոց նշանակման հանդիսութիւններ, քաղաքապետին եւ քաղաքապետութեան հրապարակային եւ ներքին ելոյթներ, շրջանս այցելող ծերակուտականներ եւ նախագահական ընտրապայքարին մասնակից թեկնածուներ՝ Պայտըն, ՄըքՔէյն եւալն:
Հարուստ է իրենց ցանկը:
E Mail — Myicak@yahoo.com
LA GIFT CENTER.- հիմնուած 1977ին, հասցէ.- 4955 Hollywood Blvd. Los Angeles, CA 90027, հեռաձայն.– 323-350-9676: Տէր եւ տնօրէն Զոհրապ եւ Գարմէն Եարալեաններ:
Բոլոլորովին անծանօթներ չեն Զոհրապ եւ Գարմէն Եարալեան զոյգին անունները: Երկուքին ալ կարելի է հանդիպիլ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ անմիջական շրջապատէն ներս, ոչ միայն Կիրակի օրերը այլեւ ամէն առիթներով:
Զոհրապ Եարալեան իր գեղեցիկ ձայնով արդէն նոյն այս եկեղեցւոյ սարկաւագն է: Ան տարիներով եղած է «Ալէք Փիլիպոս» ազգային վարժարանի հոգաբարձութեան անդամ: Աւելին՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Սանուց Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ժրաջան անդամ: Իսկ գալով Գարմէնին, ան արդէն իր անսակարկ ու արդար վաստակն ու քրտինքը բերած է ու տակաւին կը բերէ շրջանի ՀՕՄի եւ Ս. Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ բոլոր նախաձեռնութիւններուն յաջողութեան աշխատանքներուն: Անկախ այս բոլորէն, չորս տասնամեակներ առաջ, հազիւ Ամերիկա հաստատուած՝ Զոհրապ Եարալեան, արուեստական ծաղիկներու եւ նուէրներու յատուկ իր առեւտրական հաստատութեան դռները կը բանայ 1977ին ու կամաց կամաց կը դառայ Հոլիվուտ պողոտայի վրայ հանրայայտ վաճառատուն մը, ուր կարելի է գտնել հարսանեկան հրաւիրատոմսերու նմուշներէն սկսեալ մինչեւ պարահանդէսներու եւ հարսանիքներու սեղաններու կեդրոնը զարդարող Center Piece-եր:
Շնորհիւ Եարալեան ամոլի ճիգերուն, ճաշակին եւ բծախնդրութեան, արդարախոհ ու մատչելի գիներուն եւ սպսարակութեան, վաճառատունը կը վայելէ շրջանի բնակիչներուն սէրն ու յարգանքը:
Մեր մաղթանքն է, որ մեր հայրենակիցները դէպի յաջողութիւն իրենց երթը շարունակեն: