Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ սրահին մէջ ջերմիկ մթնոլորտ մը կը տիրէր Չորեքշաբթի երեկոյեան: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան այս շրջանին մէջ գործող կազմակերպական միաւորը՝ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութիւնը, տարեսկիզբի առիթով կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը, որուն հրաւիրուած էին խումբ մը հասարակական գործիչներ, որոնց շարքին էին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, Վիգէն Ա. քահանայ Վասիլեան, ազգային Ալէք Փիլիպոս վարժարանի տնօրէն դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, դպրոցի կրթական ու տնտեսական յանձնախումբի անդամներ, ՀՕՄի Մայր մասնաճիւղի ու ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչականներ:
Կարօ Իսբէնճեան՝ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի ներկայացուցիչը, բացատրեց հաւաքի նպատակը, որ պարզապէս առիթ մըն էր ի մի գալու, զիրար լսելու, իրարու յաջողութիւններով ուրախանալու, իրարու օգնելու, իրարու թիկունք կանգնելու ճանապարհներ փնտռելու: Ան նաեւ զեկուցեց Հայ Դատի ու երիտասարդութեան հետ տարուող աշխատանքներուն ու նոր ծրագիրներուն մասին:
Չերմ էր մթնոլորտը, հանգիստ ու անկաշկանդ: Հայ օգնութեան միութեան «Մայր» մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Մարկօ Սերոբեան յիշեցուց ամէնուն, որ իր ղեկավարած մասնաճիւղը այս տարի պիտի նշէ իր հիմնադրութեան իննսունամեակը ու արդարօրէն պահանջեց, որ միւս՝ աւելի փոքր տարիք ունեցող միութիւնները, փոխադարձեն ՀՕՄի զօրակցութեան եւ սատար կանգնին անոր ձեռնարկներուն: Այո, գիտենք, որ ՀՕՄը պատրաստ եղած է ու միշտ պատրաստ պիտի մնայ անսակարկօրէն ձեռք երկարելու բոլոր ազգային կառոյցներուն: Այդպէս են այս կիները, այդ գիտակցութիւնն է, որ սերունդներ դաստիարակած է եւ պիտի շարունակէ դաստիարակել:
«Միշտ պատրաստ»ը պէտք է ՀՄԸՄի անուան հետ կապէինք: Ի վերջոյ, իրենց նշանաբանն է ատիկա: Մարզիկ սկաուտ՝ եօթը հարիւր անդամ: Կեանք, մարզանք, մարմնակրթութիւն, միտքի հորիզոններու ընդարձակում:
Եկեղեցին, հոգաբարձութեամբ ու քահանայով խնդիրներ դրաւ համայնքին առջեւ. խնդիրներ, որոնք ծնունդ են համայնքի մեծացման՝ թիւի ու որակի տեսակէտէն: Պէտք է դիմագրաւել այդ խնդիրները միասնական ճիգերով:
Սրահին մէջ լաւատեսութիւն կար: Լաւատեսութիւն, որովհետեւ շուտով համայնքը պիտի օժտուի նոր կեդրոնով մը՝ ճիշդ եկեղեցիին ու դպրոցին քով, հնարաւորութիւն ստեղծելով երիտասարդներուն՝ հաւաքուելու, աշխատելու, ստեղծագործելու տեղ տրամադրելով: ՀՕՄն ալ, ՀՄԸՄն ալ, դպրոցն ալ, եկեղեցին ալ, բոլորն ալ յաւելեալ տեղի կարիք ունին: Նոր կեդրոնը պիտի բաւարարէ՞ բոլորին: Հաւանաբար ոչ, բայց բարելաւման մեծ ոստում մը պիտի ըլլայ, վստահաբա՛ր:
Դպրոցի տնօրէն դոկտ. Վիգէն Եագուպեան վարժարանի վիճակին մասին ամփոփ զեկոյց մը տուաւ: Դպրոցը, որքան ալ յաջողութեան պսակներ ապահոված ըլլայ, ան միշտ կարիք ունի համայնքի աջակցութեան. ուստի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, համայն Հոլիվուտի համայնքին, որ միշտ ալ կանգնած եղած է դպրոցի թիկունքին եւ հնարաւոր դարձուցած է անոր շարունակական վերելքը:
Մեր յարաբերութիւնները միշտ ալ սերտ եղած են համայնքի բոլոր միութիւններուն ու կառոյցներուն հետ, հաղորդակցութիւնը եղած է սահուն ու արդիւնաւէտ: Իրապէս նախանձելի է մեր ներքին համերաշխութիւնը, յայտնեց տնօրէնը:
Խօսք տրուեցաւ նաեւ «Ասպարէզ»ի խմբագիրին, որ ամփոփ ձեւով ներկայացուց թերթին մօտակայ ծրագիրները՝ Փոքրիկ Հայաստանի ու Հոլիվուտի մէջ: Փետրուարի կիսուն, «Ասպարէզ» պիտի սկսի հրատարակել շաբաթական յատուկ բաժին մը՝ Հոլիվուտի հայկական իրականութեան, հայկական տնտեսական, ընկերային, հոգեւոր, մարզական, մշակութային կառոյցներուն նուիրուած. յատուկ բաժին մը, ուր պիտի ներկայացուին համայնքին ծանօթ ու տակաւին անծանօթ մնացած դէմքեր, գործիչներ, արուեստագէտներ ու արուեստանոցներ, գործատէրեր, հայկական հաւաքատեղիներ:
Արդէն աշխատանքները սկսած են: «Ասպարէզ»ի ծանուցումի բաժինն ալ գործի անցած է, որպէսզի հայկական ձեռնարկութիւններն ու գործարարները իրենց տեղը ունենան այս շաբաթական դառնալու կոչուած յաւելուածին մէջ: Յաւելուածը միայն Հոլիվուտի մէջ պիտի ցրուի հազարաւոր տպաքանակով:
Չերմ էր Հոլիվուտի համայնքի մէկ մասը ներկայացնողներու հաւաքին մթնոլորտը:
Չերմութիւնը ուժի աղբիւր է, մղիչ յատկանիշ մը ունի մէջը: