Անցեալ Հոկտեմբերին «Ասպարէզ» յայտարարեց Մոնթեպէլլոյի հայ համայնքի կարկառուն անդամներէն Մկրտիչ Ղանդիլեանի անուան շարադրական մրցումին մասին՝ նուիրուած «Ասպարէզ»ի եւ Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Ժամանակ» թերթերու հարիւրամեակներուն:
Յայտարարութիւնը կը վերահրատարակենք յիշեցման համար: Նաեւ կ’ուզենք յայտարարել, որ դատական կազմի երեք անդամներուն՝ Վահէ Պէրպէրեանի, Անահիտ Արամունիի եւ Իշխան Ճինպաշեանի առաջարկով, մրցոյթին ներկայացուելիք շարադրութիւնները կազմող բառերուն նուազագոյն թիւը երեք հազարէն նուազած է հազարի: Նուազագոյնը հազար բառէ կազմուած առաջնութիւն շահող շարադրութեան հեղինակը պիտի ստանայ հազար տոլարի մրցանակ Ղանդիլեանի թոռան՝ Մայքըլ Ղանդիլեանի կողմէ, իր մեծ հօր յիշատակին ստեղծած հիմնադրամէն:
Ժամկէտը կը մնայ նոյնը՝ Փետրուար 25: Շուրջ մէկ ամիս ժամանակ ունին հայկական բոլոր վարժարաններու ուսուցիչները՝ կազմակերպելու համար իրենց աշակերտներու մասնակցութիւնը այս մրցումին:
Հանրային եւ սեփական այլ վարժարաններու աշակերտները այս մրցումին մասին տեղեակ պահելու համար, կը դիմենք մեր ընթերցողներու օժանդակութեան:
Դարձեալ յիշեցման կարգով, մրցոյթին առաջին հանդիսացողը պիտի ստանայ հազար տոլարի մրցանակ, երկրորդ հանդիսացողը՝ հինգ հարիւր տոլարի, իսկ երրորդը՝ երկու հարիւր յիսուն տոլարի:
Առաջին տասին մէջ գտնուող մրցանակակիրներուն «Ասպարէզ»ի մէկ տարուան բաժանորդագրութիւն պիտի նուիրուի:
«Ասպարէզ» յատուկ ներդիրով մը հանրութեան պիտի ներկայացնէ մրցումին ներկայացուած լաւագոյն կտորները:
Մրցանակները պիտի յանձնուին յատուկ ընդունելութեան մը ընթացքին, Մարտի վերջերը:
Գրութիւնները պէտք է ուղարկուին editor@asbarez.com հասցէին: Որեւէ հարցումի համար կրնաք հեռաձայնել խմբագրութիւն: