Երէկուան մեր թիւով (էջ 5) անդրադարձած էինք Երեւան-Պէյրութ թռիչքներու դադարեցման մասին հաղորդող լուրին: Նկատի առնելով Լիբանանի հայ գաղութին կարեւորութիւնը սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ, որոշեցինք յաւելեալ ուշադրութիւն ընծայել այս լուրին եւ ունենալ այդ գաղութի հանրային կարծիքի վրայ կարեւոր ազդեցութիւն ունեցող «Ազդակ» թերթի գլխաւոր խմբագրի Շահան Գանտահարեանի մեկնաբանութիւնը:
Ի՞նչ է ձեր կարծիքը Երեւան-Պէյրութ թռիչքներու նոյնիսկ ժամանակաւոր, ձմեռնային եղանակի դադրեցման կապակցութեամբ: Ի՞նչ ազդեցութիւն կը թողու այս քայլը լիբանանահայ համայնքին վրայ:
Մեր այս հարցումին, Գանտահարեան պատասխանեց, գրելով, որ «Պէյրութ-Երեւան թռիչքներու ժամանակաւոր դադրեցման մասին պաշտօնական որեւէ հաղորդագրութիւն չէ հրապարակուած «Արմաւիա» ընկերութեան կողմէ, հետեւաբար առարկայական տուեալներու հիման վրայ մեկնաբանելը, որոշումին ճիշդ կամ սխալ ըլլալը կամ աւելի ճիշդը՝ հասկնալի, յարգելի կամ արդարացի հաստատելը դժուար պիտի ըլլայ։
Այսուհանդերձ, անձնապէս համաձայն պիտի չըլլայի թէկուզ ժամանակաւոր դադրեցումներու։ Որովհետեւ, այս պարագային հարցը օդանաւային ընկերութեան մը մէկ չուերթին կանոնաւոր հերթականութեամբ աշխատելէն աւելին է։ Գաղութ-Հայաստան կապի խնդիր է՝ իր ընդհանուրին մէջ եւ իբրեւ այդպիսին անխափան գործելու երաշխիքներու, անընդհատ շարունակականութիւն ապահովելու միջոցներու որդեգրումին անհրաժեշտութիւնը կը յուշէ։
Ժամանակաւոր դադրեցումը ակամայ զուգահեռներ կը գծէ հարեւան Սուրիոյ հետ, ուր շաբաթական երկու թռիչք անխափան կը գործէ ամբողջ տարուան ընթացքին, առանց ժամանակաւոր դադրեցումներու։ Թէ՛ հայկական օդանաւային ընկերութիւնը եւ թէ սուրիականը շաբաթական հերթականութեամբ Հալէպ-Երեւան թրիչքներ կ’իրականացնեն։ Այս թռիչքներուն ներգրաւուած են ոչ միայն հայ այլ նաեւ սուրիացի ուղեւորներ։ Այս երկրորդ հանգամանքն է, որ կ’ենթադրեմ աշխուժ, կանոնաւոր եւ անխափան կը պահէ թռիչքներու իրականացումը:
Պէյրութէն իրականացուող թռիչքներու պարագային կը պակսի տեղացի՝ լիբանանցի տարրը։ Եւ այս մէկը արդէն հայկական կողմէն զբօսաշրջիկային ծրագիրներու ներկայացման, ծանուցողական աշխատանքի բացակայութեան, բացթողումի խնդիր է։ Հայաստանը թէ՛ իբրեւ ներդրումային դաշտ եւ թէ զբօսաշրջիկութեան առումով գրաւիչ միջավայր լիբանանցի հասարակութեան ներկայացնելու աշխատանքի համընդհանուր բացակայութիւնը կ’ընդգծէ։ Արդար ըլլալու համար մեղքի միայն հայաստանեան պաշտօնական շրջանակներուն վերագրելը ճիշդ պիտի չըլլար։ Յատկապէս լիբանանցի մեր հայրենակիցները Հայաստանով հետաքրքրելու աշխատանքը նաեւ մերը՝ լիբանանահայ համայնքին պէտք է համարել»։
Արդեօ՞ք «Արմաւիա»յի տոմսերու սակերը յարմար են, հարցումին, Գանտահարեան պատասխանեց, որ «Պէյրութ-Երեւան-Պէյրութ չուերթի գինը 435$ է։Մինչդեռ գրեթէ նոյն հեռաւորութիւն ունեցող Հալէպ-Երեւան-Հալէպը 290$ է (կը խօսինք ոչ-ձմեռնային ժամանակահատուածին մասին)։ Այս պահու դրութեամբ Հալէպ-Երեւան-Հալէպը «Սիրիըն էրլայնզով» 400$ է իսկ «Արմաւիա»յով՝ 380$ է։ Ինչպէս կը նկատուի, հակառակ վառելանիւթի միջազգային գիներու անկումին, օդանաւի տոմսերու գիները չեն նուազած. թէեւ համապատասխան յայտարարութիւն կատարուած էր «Արմաւիա»յի կեդրոնական գրասենեակին կողմէ։
Հակառակ անոր, որ սուրիական եւ հայկական օդանաւային ընկերութիւններու ճշդած գիները մրցունակ չեն, այսուհանդերձ թռիչքները նկատառելի թիւով ուղեւորներով կը շարունակուին առանց ընդմիջումի։
Պատճառ չկար, որ հայաստանեան միջավայրը ճիշդ ծանօթացնելու պարագային, լիբանանեան նշանաւոր «Միտըլ Իսթ»ը եւս չսկսեր իրականացնել Պէյրութ-Երեւան չուերթներ՝ սուրիական տարբերակին նման։ Պայման է սակայն, որ մինչ այդ յաջողած ըլլանք լիբանանցի հասարակութիւնը այդ ուղղութեամբ շարժել եւ համապատասխան պահանջ ստեղծել։
Միայն թռիչք հաստատելով եռուզեր կարելի չէ ստեղծել։ Կողմնակի եւ ընդհանուր աշխատանքներ կան ըլլալիք։»
Քաղաքական որեւէ հետեւանք կամ մեկնաբանութիւն կարելի՞ է ընել այս դադրեցման կապակցութեամբ: Գիտակցելով հանդերձ, որ «Արմաւիան» մասնաւոր ընկերութիւն է այլ ոչ պետական, ի՞նչ պէտք է ընեն հայրենի իշխանութիւնները, մասնաւորապէս Սփիւռքի նախարարութիւնը այսպիսի պարագաներուն: Կրնա՞ն միջամտել, կամ որեւէ ձեւով նպաստել, որ շուտով վերականգնին այս թռիչքները:
Շահանի պատասխանը. «համաձայն չեմ հարցի քաղաքականացման եւ հետեւութիւններ կատարելու, թէ նման երեւոյթ հարուած է Հայաստան-Լիբանան միջպետական յարաբերութիւններուն։ Միջպետական կարեւոր համաձայնագիրներ կան կնքուած երկու երկիրներու միջեւ, որոնց աշխուժացումն ու գործնականացումը կրնայ սատարել թռիչքներու կանոնաւոր գործելուն։ Օրինակ, եթէ կրթական համաձայնագիրը գործնականացուի, ուսանողական մակարդակի վրայ որոշ եռուզեր կը սկսի, ինչ որ է նկատառելիօրէն պարագան Սուրիա-Հայաստան գիծին վրայ։
Համապատասխան նախարարութիւններու միջամատութիւնները հարցի լուծում չեն կը կարծեմ։ Կը հաւատամ, որ բազմակողմանի աշխատանքը՝ Հայաստանը թէ ներդրումային եւ թէ զբօսաշրջիկութեան առումով գրաւիչ դարձնելու աւելի հիմնական լուծում կը բերէ հարցին։ Նման արդիւնաւէտ աշխատանքի պարագային, ուղեւորներու թիւը ինքնաբերաբար կը շատնայ. իսկ այդ պարագային «Արմաւիան» ի՛նքը շահագրգռուած կ’ըլլայ թռիչքները ոչ միայն չդադրեցնելու այլ նաեւ աւելցնելու. գուցէ եւ նաեւ «Միտըլ իսթ»ը կը մտածէ Պէյրութ-Երեւանի մասին, մանաւանդ որ միջպետական համաձայնագիրներէն մէկը նաեւ փոխադարձ թռիչքներու կը վերաբերի»։