Ահաւոր են պատկերները։ Օր ցերեկով, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն եւ պատկերասփիւռի պաստառներուն առջեւ ժողովուրդ մը ամբողջ կ’ենթարկուի սպանդի։ Իսրայէլ սանձազերծած է աննախընթաց տարողութեամբ յարձակում Կազայի վրայ՝ Համասի ապահովական կեդրոնները կործանելու յայտարարութեամբ։
Իսրայէլեան գրոհը ոչ միայն կը կործանէ թիրախ ընտրուած կեդրոնները, այլ կը սպաննէ ոստիկաններ, կիներ, երեխաներ։ Վայրկեաններու յաճախականութեամբ կը բարձրանան զոհերուն եւ վիրաւորներուն թիւերը։
Մինչ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի պաշտօնական աղբիւրներէն կը լսուին կրակը դադրեցնելու կոչեր, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը չ’ուշանար ամբաստանելու Համասը՝ իբրեւ գլխաւոր պատասխանատու ստեղծուած կացութեան, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը փորձէ հաւասարակշռուած յայտարարութեամբ հանդէս գալ՝ հաւասար հեռաւորութիւն պահելու դիւանագիտական օրինաչափութիւն կիրարկելով ստեղծուած սպանդանոցին ի տես։ Կը խօսուի Արաբական լիկայի արտակարգ եւ շտապ ժողովի գումարման անհրաժեշտութեան մասին… Չորեքշաբթի օր։ Արաբական քաղաքական շրջանակներ չեն վարանիր յայտարարելու, որ որեւէ վեհաժողովի պէտք չէ ձեռնարկել, մինչեւ նախապատրաստական ենթահողի ճիշդ ձեւաւորումը։
Գետնի վրայ արաբական մայրաքաղաքներու մէջ պաղեստինցի զանգուածներ բողոքի ցոյցերու կը դիմեն եւ կը շրջապատեն տեղւոյն եգիպտական դեսպանատուները։ Ծայր կու տան բախումներ տեղւոյն ոստիկանութեան եւ պաղեստինցիներուն միջեւ։
Պաղեստինցի ժողովուրդի քաղաքական տարբեր հոսանքներու ներկայացուցիչներ, մոռնալով թշնամին՝ կը սանձազերծեն իրար ամբաստանող արշաւներ։ Իսկ ռմբակոծումը կը շարունակուի։ Միջազգային ընտանիքի իբրեւ թէ միջամտելու փորձերուն եւ ներարաբական հակասութիւններուն լոյսին տակ, Իսրայէլ կը շարունակէ անխնայ կերպով հարուածել։ Դիպաշարին հետեւողները կը նախատեսեն օդային յարձակումներուն առընթեր ցամաքային սահմանափակ գործողութիւններու ձեռնարկումը իսրայէլեան ուժերուն կողմէ։
Ամբողջականօրէն շրջափակուած է Կազան։ Կազայի պաղեստինեան իշխանութիւնները կը մերժեն միայն մարդասիրական եւ բժշկական նպատակներով միջանցքի ստեղծման գաղափարը։ Հիմնաւորումը՝ պաշարուած կը շարունակէ մնալ միլիոնաւոր ժողովուրդը։ Միջանցքը, եթէ մարդասիրական նպատակներով է, ապա պէտք է բանի նաեւ առհասարակ ժողովուրդի տարրական կարիքներուն փութալու համար։ Մարդասիրական միջանցքի ճակատագիրը տակաւին անյայտ, իսրայէլեան օդուժը կը հնձէ նոր զոհեր։
Ո՛չ հրադադարի, ո՛չ ապաշրջափակման եւ ոչ ալ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու իրաւասութիւնն ու ուժը ունի միջազգային ընտանիքը։ Առայժմ անոր դերակատարութիւնը յայտարարութիւններ հրապարակելու վրայ կը կեդրոնանայ։ Անզօր է յայտնապէս նաեւ արաբական աշխարհը, որ անտեղի տարակուսանքներու մէջ կը տեղադրէ ինքզինք գերաստիճան գումարելու-չգումարելու ընտրանքին առջեւ։ Պառակտուած է նաեւ պաղեստինեան դաշտը։ Օրին վտանգաւոր նկատուած էր բաժանարարութիւնը «ֆաթհլանտի» եւ «Համասիստանի» միջեւ։
Արտաքին թշնամիին այս տարողութեամբ սպառնալիքին, ջարդին դիմաց, առհասարակ կը միաւորուի զոհ ժողովուրդը։ Այդպէս չէ այս պարագային։ Թէժ բեւեռացում կ’ապրին պաղեստինեան կողմերը։ Եւ տուժողը ժողովուրդն է։ Պաղեստինցի ժողովուրդը, որ իր հողին վրայ կու տայ հարիւրաւոր զոհեր, անզօր կը դիտէ իր պետութեան հաստատութիւններուն քանդումը, ներարաբական հակասութիւններն ու միջազգային ընտանիքին բեմադրած արարները։ Մինչեւ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն, ռազմական առումով իսրայէլեան կուտակումը կը շարունակուէր Կազայի սահմանին մօտ։ Երեւոյթները կը նախանշեն, որ շուտով կը սանձազերծուի նաեւ ցամաքային յարձակումը։ Թէ ի՛նչ արդիւնքի կը յանգի անիկա, զոհերու ի՛նչ թուաքանակի գինով, հետագայ ժամերն ու օրերը ցոյց կու տան։ Ռազմական գործողութիւնները արագ են. համաարաբական ժողովներու գումարումն է, որ կ’ուշանայ…։
Խաբուսիկ էին արդէն հրադադարները, ուղղակի թէ անուղղակի բանակցութիւնները։ Մնայունօրէն պայթուցիկ էր կացութիւնը։ Առաւել եւս, երբ նուիրականացած էր բաժանումը Համասիստանի եւ Ֆաթհլանտի միջեւ։ Յայտնաբար նախ պէտք էր բաժնել, մեկուսացնել, շրջափակել եւ ապա հարուածել։ Բաժանարար քաղաքականութիւնն է, պառակտիչ այս վարքագիծը, որ կը սպառնայ ոչ միայն պաղեստինցի ժողովուրդին, այլեւ՝ ամբողջ շրջանին։
Դժուար է հաստատելը, թէ արաբական աշխարհը կը յաջողի շարժիլ ճիշդ ու ազդեցիկ ձեւով։ Քաղաքական տհասութեամբ ալ կրնայ մեկնաբանուիլ միջազգային ընտանիքէն արդարադատութիւն կամ գործօն միջամտութիւն յուսալը։
Դէպքերու հետագա՞յ ընթացքը։ «Կ’ապրի՛նք, կը տեսնե՛նք», կրնար ըսել Կազայի ժողովուրդը։ Կը տեսնեն, եթէ կարենան ապրիլ անշո՛ւշտ։ Կ’ապրին։ Պէ՛տք է ապրին: