Գործը կորսնցնող մարդուն՝ ընտանիքի կարիքներուն չկարենալ հասնելու պատճառած ընկճուածութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք մեղմացնել, ինչպէ՞ս կրնանք մխիթարական խօսք ըսել այս տօնական օրերուն:
«Հարամուած» օրեր են ասոնք, մանաւանդ եթէ կորսնցուցած ըլլանք յոյսը բարեփոխման, բարելաւման, մօտիկ ապագային աշխատանք ու արժանապատիւ կեանք ապահովելու հնարաւորութեան:
Բարեբախտաբար, շուտով երկիրի ղեկը պիտի ստանձնէ ժողովուրդի վիճակով սրտցաւ ընտրեալ մը՝ նախագահ Պարաք Օպաման, որ, ի տարբերութիւն նախկին ապիկար ղեկավարութեան նեղ խմբակային շահեր հետապնդող վարքագիծին, թէ՛ տնտեսական եւ թէ ընդհանրապէս հասարակութեան ապագայ բարօրութեան առնչուող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ձեռնհասութեան ապացոյցներ կու տայ, նոյնիսկ նախքան պաշտօնապէս գործի գլուխ անցնիլը:
Նախկին վարչախումբը, իր միտումնաւոր կամ պարզապէս անկարողութեան հետեւանքով ձախաւեր վերահսկողական քաղաքականութեան պատճառաւ, միլառներով գումարներ, հարկատուներու հաշիւէն, տրամադրեց դրամատնային եւ արժեթղթային արկածախնդիր ու չարաշահութեամբ յղփացած հատուածը «փրկել»ու նպատակին:
Բարեբախտաբար, նախկին իշխանութիւններու ժամանակը կարճ է եւ անկարելի պիտի ըլլայ այս միջոցին այդ բոլոր միլիառները փոշիացնել: Նոր նախագահը իր գործակիցներով, պիտի փորձէ աւելի նպատակաուղղուած ու ճիշդ ծրագիրներու համար օգտագործել զանոնք:
Աւելի՛ն. նոր նախագահը, անցեալ Կիրակի, դարձեալ յոյս ներշնչող քայլ մը առաւ, երբ օրէ օր թափ առնող ու կարծես անսանձ աճելու միտող գործազրկութեան դէմ պատուար կանգնեցնելու իր նոր ծրագիրը հրապարակեց. ծրագիր մը, որ փոխանակ նախապէս առաջադրուած 2.5 միլիոն նոր աշխատատեղի ստեղծելու, այդ թիւը կը բարձրացնէ երեք միլիոնի:
Աւելին, մտայղացուած ծրագիրները, որոնց շարքին են շէնքերու ու գրասենեկային համալիրներու ջերմամեկուսացման աշխատանքներ, առողջապահական համակարգի տուեալներու պահպանման ու փոխանցման նոր միջոցներու ստեղծում, որոնք պիտի ազատեն այդ համակարգը թղթաբանութենէ, պիտի հզօրացնեն երկրին տնտեսական ենթակառոյցը, միեւնոյն ժամանակ միջավայրային աղէտալի վիճակը դարմանել պիտի փորձեն:
Հիմքեր ունինք լաւատես ըլլալու: Չյուսալքուինք: