Ամերիկեան մամուլի մէջ հայութեան կամ հայերու մասին գրութիւններ փնտռելու ատեն, պարբերաբար կը հանդիպինք անհաճոյ պատմութիւններու, հիմնականին մէջ՝ երիտասարդներու քրէական արարքներու յայտնաբերման, ձերբակալութիւններու շղթայի ու տխուր աւարտ ունեցող կեանքի դրուագներու:
Անցեալ ամիս, Լաս Վեկասի մէջ երեւան հանուած էր գլխաւորաբար հայերէ, բայց նաեւ արաբ ու ռուս անձնաւորութիւններէ բաղկացած քրէական ցանց մը, որուն անդամներու մեծագոյն մասը Կլէնտէյլի բնակիչներ էին:
Այս ամսուան առաջին օրերուն, Ճորճիա նահանգի Ալֆարեթա կոչուած քաղաքին մէջ, մէկ այլ, աւելի փոքր, չորս հոգինոց ցանց մը երեւան հանուած ու անոնցմէ երկուքը ձերբակալուած էր: Այս չորս տղաքն ալ Կլէնտէյլի բնակիչներ են:
«Ինքնութեան գողեր». ելեկտրոնային ժամանակաշրջանի ծնունդ այս նոր տեսակի յանցագործութիւնը անմեղ ու անուշադիր բազմաթիւ մարդոց տունը կը քանդէ, երբ, ճարպիկ մարդիկ, ձեռք բերելով անոնց դրամատնային կամ վարկային քարտերը՝ ձեւը կը գտնեն մագնիսական ծածկագրերը քակելու եւ զանոնք օգտագործելով մաքրագործելու անոնց խնայողութեան ու վարկային գումարները:
Արագ դրամ շահելու, յանցագործ ճարպիկութեամբ ուրիշներու շահածը շորթելու բոլոր ճամբաները, ուրկէ ալ սկսին, ի վերջոյ կը յանգին բանտ, արգելափակում: Ամէնէն ճարպիկներն իսկ, անպայման իրենց գողութիւնը երկար ժամանակ չեն կրնար թաքցնել ոստիկաններու կամ գաղտնի ոստիկաններու տեսողութեան դաշտէն:
Գիտակցելով, որ ուշ կամ կանուխ պիտի բռնուին՝ ի՞նչն է, որ կը մղէ այս երիտասարդները իրենց մատաղ կեանքը վտանգող սխալ ճանապարհի:
Ծնողք, ընտանիք, համայնք: Առաջին պատասխանատուները մե՛նք ենք, բոլո՛րս: Նիւթական հարստութեան, զուարճանքին ու շռայլ կեանքին մեր տուած կարեւորութիւնը շփոթ մը ստեղծած է այս տղոց արժէքային համակարգին մէջ ու մոլորեցնլով զանոնք՝ ամէն գնով արագ հարստանալու միջոցներ փնտռելու կը տանի զանոնք, չխորշելով նոյնիսկ յանցագործութիւններէ:
Անտեսե՞նք այս ցաւը: Թողո՞ւնք, որ ճակատագրեր փճանան ու կեանքեր կորսուին: Կրնա՞նք: Մեր քովն են այս տղաքը, չէ՞: Մեր շուրջը:
Օգնենք իրենց: Տէր կանգնինք անոնց: Հետաքրքրուինք իրենց ճակատագրով, նոյնիսկ հիմա, երբ առաջին սխալ քայլերը առած ու բռնուած են: Փորձենք բերել զիրենք ճիշդ ճանապարհին: