ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան, Շաբաթ, 13 Դեկտեմբերին, երկրորդ օրն ըլլալով «Մոնօ» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ժողովրդական պարի համոյթը՝ կատարողութեամբ «Արեգ» պարախումբին:
Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած տեսաերիզի ցուցադրութեամբ կենդանի պատկերներ ներկայացնող պարով եւ ապա ռազմական պարով սկիզբ առաւ ելոյթը, որմէ ետք հանդիսութեան բացման խօսքը «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան անունով արտասանեց Անի Եփրեմեան, որ նշեց, թէ «Արեգ»ի ելոյթները կը միտին պարերու ընդմէջէն հանրութեան ծանօթացնել հայութեան պատմութիւնն ու արժէքները։
Բացման խօսքէն ետք պարախումբի 60 անդամները բազմաբնոյթ պարերով ելոյթ ունեցան՝ ներկայացնելով ժողովրդական, ազգագրական, արաբական եւ այլ տեսակի պարեր։
Այդ պարերէն կարելի է նշել «Նուպար-նուպար»ը, «Խաղ պար»ը, «Հաուայ»ը, «Սուրերու պար»ը, «Վալս»ը եւ այլն։
«Արեգ» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավարն է հայրենի արուեստագէտ Մարտին Սահակեան:
Նշենք, որ յաջորդ օրը եւս պարախումբը ունեցաւ եւս երկու ելոյթ։