Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն համար վստահաբար մեծ անարգանք մըն էր «Ալ-Պաղտատիէ» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողին կողմէ նախագահ Ճորճ Պուշի վրայ նետուած կօշիկը:
Նախագահի պաշտօնը միշտ ալ նկատուած է իբրեւ պետութեան մը խորհրդանիշը, եւ իբրեւ այդպիսին՝ արժանի պատշաճ ու յարգալիր վերաբերմունքի՝ սեփական երկրէն ներս, թէ արտասահմանի մէջ:
Համոզուած ենք, որ Ճորճ Պուշ, իբրեւ մարդ եւ իբրեւ քաղաքական գործիչ, ողբերգական պահ մը ապրեցաւ Պաղտատի մէջ: Իր պաշտօնավարութեան վերջալոյսին, հաւանաբար ան կ’ակնկալէր, թէ իր այցելութիւնը պիտի փառաւորուէր պսակներով ու ծնծղաներով, փոխարէնը՝ կօշիկներ շպրտուեցան երեսին:
Պուշի քաղաքականութեան կողմնակիցը չենք եղած: Անոր իրաքեան արկածախնդրութիւնը բազմահազար անմեղ կեանքեր խլելով՝ Ամերիկայի միջազգային հեղինակութեան ծանր հարուած մը պատճառեց, միեւնոյն ժամանակ, այս հզօր երկիրին, ժողովրդավարութեան ու մարդկային բարձր արժէքներու պաշտպանութեան սկզբունքներով երդուող քաղաքական համակարգին մասին ստեղծեց այնպիսի պատկերացում մը՝ յաչս աշխարհին, որ միայն ատելավառ զգացումներ կը հրահրէր լայն զանգուածներու մէջ, պարարտ հող տրամադրելով հակաամերիկեան խափանարարական արարքներու կազմակերպիչներուն:
Ամերիկայի քաղաքացին, ինչպէս իր նախագահը, այսօր Պուշի քաղաքականութեան պատճառով, խիստ անապահով, նուաստացումի ու ահաբեկչութեան թիրախ կը զգայ ինքզինք՝ իր երկրէն ներս թէ դուրս:
Այս վիճակը հիմնովին փոխելու անհրաժեշտութիւնն է եւ ատոր գիտակցումը, որ հնարաւոր դարձուց Պարաք Օպամայի յաղթանակը: Օպամային քուէարկող ամերիկացին հպարտ է իր երկրով, իր պատմութեամբ, իր մշակոյթով նոյնքան, որքան Պուշին կողմնակիցը. ան յոյս ունի, որ կարելի պիտի ըլլայ ստեղծել աշխարհին հետ վարուելու նոր մշակոյթ մը, որ պիտի հիմնովին փոխէ հակաամերիկեան պատկերացումները:
Այդպիսի նոր մթնոլորտի մը ստեղծման պարագային, անհամեմատ կը նուազի Ամերիկայի նախագահին դէմքին կօշիկ շպրտելու հաւանականութիւնը, իսկ եթէ նման բան պատահի, ապա կ’արժանանայ միջազգային հանրութեան դատապարտանքին, եւ ոչ թէ՝ արարքը հերոսացնելու վարքագծին: