Պատուեցին մեզ: Թարմացուցին ու երիտասարդացուցին մեզի: «Ֆերահեան» ազգային վարժարանի վեցերորդ դասարանի աշակերտները՝ իրենց ուսուցչուհի Ազատ Ղազարեանի հետ, եկան «Ասպարէզ»-«Հորիզոն» շէնք, եկան առաւօտեան: Անոնք քննեցին շէնքի առաջին յարկի՝ «Ասպարէզ»ի բաժինի վերանորոգման աշխատանքներու որակը, բարձրացան երկրորդ յարկ, սենեակ առ սենեակ պտտեցան, ծանօթացան իւրաքանչիւր աշխատողի գործին, պարտականութիւններուն, ժամկէտներուն:
Իրենք ալ տպարանէն նոր ստացած էին իրենց փոքրիկ թաթիկներով պատրաստած թերթի մը օրինակները ու իրենց հետ բերած էին մեզի:
Թերթին ու հեռատեսիլին պատասխանատուները հաճոյքով պատմեցին իրենց աշխատանքին մասին, իրենց առօրեայ հեւքին մասին: Հարցումներ ստացան, ազատ, անկաշկանդ:
Շէնքը կեանքով լեցուեցաւ քանի մը ժամ:
Ճաշեցինք միասին:
Բաժնուեցանք՝ դարձեալ հանդիպելու խոստում ստանալով իրենցմէ: Վերջ ի վերջոյ, պէտք է վերադառնան՝ տեսնելու համար, թէ «Ասպարէզ»ի վերանորոգումը ինչպէ՛ս պիտի աւարտի:
Շնորհակալ ենք դպրոցի տնօրէնութեան, տիկին Ազատ Ղազարեանի, որ իրենց աշակերտները այսպէս պատանի տարիքին կ’ուզեն ծանօթացնել հայ թերթին, հայ մամուլին:
Այս ծանօթացումէն, վստահ ենք, որ պիտի բխի հետաքրքրութիւն ո՛չ միայն հայ մամուլի շուրջ, այլեւ՝ ընդհանրապէս հայկական իրականութեան շուրջ, ըմբռնելով ու գնահատելով այդ իրականութեան հետ հաղորդուելու կարեւորութիւնը:
Կը հրաւիրենք բոլոր դպրոցներու աշակերտութիւնը այցելելու «Ասպարէզ»-«Հորիզոն» ու քանի մը ժամ անցնելու մեզի հետ: Հանրային վարժարաններու ուսուցիչներն ալ կը հրաւիրենք նոյնօրինակ նախաձեռնութիւն վերցնելու, եւ խումբ առ խումբ, հայ աշակերտները բերելու այստեղ:
Մենք միշտ սպասող ենք ձեր բարի այցին: