Սկսաւ արշաւը: Անշուշտ՝ հակա-արշաւն ալ միասին: Թուրք մտաւորականներու օրէ օր աճող խումբը՝ ընդդէմ քաղաքագէտներուն, դիւանագէտներուն, որոնք կառուցողներն իսկ եղած են Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ կեղծիքի, սուտի վրայ հիմնուած պետական վարքագիծին:
«Հայերէն ներողութիւն կը խնդրենք» կայքէջին վրայ ստորագրողներու թիւը, թերթը տպարան ուղարկելու պահուն (երէկ կէսօրին) անցած էր 2400ը: Առաջին օրը եւ այդքան ստորագրութիւն կը կարծենք, որ դրական պէտք է նկատել: Դրական եւ խանդավառող պէտք է նկատել, որովհետեւ տակաւին, ու նոյնիսկ այսօր աւելի քան երբե՛ք, թուրք ազգայնամոլական մտայնութիւնը, որ բաւական տիրապետող է Թուրքիոյ տարածքին, չէ հանդուրժած եւ հիմա ալ չի հանդուրժեր թուրք մտաւորականներու նման կեցուածք, եւ կրնայ իր իսկ հայրենակիցներու, ազգակիցներու արիւնը թափելէ չխորշիլ, այս շարժումը իր սաղմին մէջ խեղդելու նպատակով:
Թուրք բժիշկ մը, կայքէջի տպաւորութիւններու ու հակազդեցութիւններու բաժինին մէջ կը գրէ. «Մենք չենք ընդունիր ինչ որ պատահեցաւ օսմանեան հայերուն 1915ին, եւ չենք կրնար անտեսել անմեղ հայ եղբայրներու սպանութիւնը: Մենք կը կիսենք իրենց ցաւը եւ կ’ըսենք՝ ներողութիւն (Օզուր տիլիեորուզ): Ամէն թուրք կրնայ միանալ»:
Մենք ամէն օր պիտի հետեւինք այս կայքէջին, որպէսզի ձեզ տեղեակ պահենք այնտեղ յայտնուող ստորագրութիւններու թիւին մասին, ապա նաեւ նշելու համար յայտնի ստորագրութիւնները, առանց թերագնահատելու, անշուշտ, անոնցմէ իւրաքանչիւր թուրք մարդուն քաղաքացիական խիզախ կեցուածքը: Ձեզ ալ կը հրաւիրենք հետեւելու: