Անցեալ Շաբաթ օրուան մեր հերթական թիւը հարստացած էր Քալիֆորնիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի մասին գրութիւններով: Չորս էջերու վրայ ձեզ կրցած էինք ներկայացնել հազիւ նախաճաշակ մը՝ այդ մեծ համայնքի բազմակողմանի գործունէութենէն:
Այսօր, ձեզ կը ներկայացնենք Հայ Կաթողիկէ համայնքը՝ իր գործունէութեան տարբեր երեսներով, դարձեալ հազիւ ծայրը դպչելով այս համանքի կրթամշակութային, հոգեւոր ու ընկերային բազմակողմանի աշխատանքներուն (տեսէք էջ 15-22 ներդիրը):
Քալիֆորնիոյ հայ հասարակական կեանքի հիւսուածքին անբաժան մասը կազմող այս երկու համայնքներուն մօտէն ծանօթանալու, անոնց ազգանպաստ գործունէութիւնը հանրային լայն ուշադրութեան ներկայացնելու համար, տակաւին ահագին գործ ունինք ընելիք:
Մենք պատրաստ ենք այդ գործը կատարելու, մեր էջերը բանալու ազգին ու Աստուծոյ ծառայող կառոյցներուն, հոգեւոր ու աշխարհիկ գործիչներուն, հպարտանալով իրենց, այսինքն՝ մեր յաջողութիւններով, կիսելով իրենց, այսինքն՝ մեր դժուարութիւնները: Այս առանձնացումն իսկ խորթ երեւոյթ մըն է, զոր պէտք է վերցնենք ընդմիշտ:
Ձերբազատելու համար այս «առանձնացում»էն, պիտի ջանանք մեր ամէնօրեայ իրականութեան մաս դարձնել մեր բոլոր համայնքներուն կեանքը:
Այսօրուան «Ասպարէզ»ը պիտի մտնէ բազմաթիւ նոր տուներ, հայկական նոր օճախներ:
Մեր մուտքը թող բարի ըլլայ: Թող մեր հանդիպումը աւելի յաճախ ըլլայ:
Գիտենք, որ այս հանդիպումներու յաճախականութիւնը մեծաւ մասամբ կախեալ է մատուցուած ծառայութեանց հանդէպ ձեր հետաքրքրութիւնը արթնցնելու մեր կարողութենէն:
Մենք պիտի փորձենք առաւելագոյնս կատարել մեր պարտականութիւնը: