Դաշնակցական շրջանակի մէջ ընկերական խրախճանքը ունի իր իւրայատուկ տեղն ու իմաստը:
Քաղաքական ու կազմակերպական աշխատանքի տարի մը կը փակուի Դաշնակցութեան Օրուան տօնակատարութեամբ, ու անցնող տարուան ընթացքին միասնական աշխատանքով իրագործուած ծրագիրներուն բերած բաւարարութիւնը զգալու, հաւաքաբար այդ յաջողութիւններու պատճառած բերկրանքը ապրելու պահ մը կը շնորհէ ընկերական խրախճանքի երեկոն:
Խրախճանքը, որուն ընթացքին մեծ ու փոքր, պատանի թէ տարեց, նոյն խանդավառութեամբ կ’ունկնդրեն ու կ’երգեն ազգային յեղափոխական երգերը, ընկերականութեան ու հարազատութեան կապ մը կը ստեղծէ սրահին մէջ, ջերմ հաղորդակցութեան շղթայի մը մէջ ներգրաւելով բոլոր մասնակիցները:
Դաշնակցութեան այս մշակոյթին անծանօթ անձի մը համար իրապէս կրնայ խորթ ու անհասկնալի ըլլալ այս մթնոլորտի կախարդանքը: Այս իսկ պատճառով, ընդհանրապէս, կազմակերպողները չեն ակնկալեր, որ պատահական մարդիկ կրնան կարդալ ծանուցումը եւ որոշել ներկայ գտնուիլ «ընկերական խրախճանք» իբրեւ ծանուցուած երեկոյին:
Միւս կողմէ, սակայն, այդ մշակոյթին ծանօթ անձը այս երեկոյին պիտի սպասէ անձկութեամբ, որովհետեւ, այդ հաշւուած ժամերուն, իր գաղափարակիցներուն, իրեն հարազատ միջավայրին մէջ, անկաշկանդօրէն պիտի երգէ իր նախորդ սերունդներու, եւ ինչու չէ նաեւ սերնդակից հերոսներու սխրանքը փառաբանող երգեր, պիտի խանդավառուի այդ երգերը կատարող մասնագէտ թէ սիրողական երգիչներու ելոյթներով, եւ կեանքի առօրեայ լարուած մթնոլորտը թօթափելու պահ մը պիտի ստեղծէ ինքն իրեն համար:
Շաբաթ երեկոյեան այդպիսի առիթ մը կը ներկայացուի մեզի: Այս գրութիւնը ծանուցում մը չէ, բայց ես անպայման պիտի երթամ այդ ընկերական խրախճանքին: