Մովսէս Խորենացիի վկայութեամբ կ’աւանդուի թէ, սկզբնական շրջանին բազմաթիւ կուսաստաններ գոյութիւն ունեցած են Հայաստանի եւ շրջակայ գաւառներուն մէջ, ուր հաւատաւոր կոյսերու խումբեր կ’ապրէին հայեցողութեան եւ աղօթքի կեանքով:
Ս. Հռիփսիմեանց խումբէն Ս. Մանէի եւ Ս. Նունէի օրինակին հետեւելով՝ եղած են կոյսեր, որոնք թէ՛ առանձնական կեանքով եւ թէ՛ քարոզչութեամբ տարածած են քրիստոնէութիւնը:
Աւելի ուշ կը յիշուին միանձնուհիներ, հոգետես կոյսեր, որոնք սակայն վանական եւ առաքելական կեանքը միատեղ Ապրող Միաբանութիւն մը, իր ներկայ հաստատութեամբ, չեն եղած:
Հետեւաբար հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ աննախընթաց իրականութիւն մըն է Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութիւնը, որ ծնունդ առաւ 19րդ դարու կէսին, Պոլսոյ մէջ՝ մտայղացումովը երանաշնորհ Հայր Անտոն Հասունեանի, առաջին հայազգի կարդինալը եւ օրուան պատրիարք-կաթողիկոս՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց, եւ գործակցութեամբ ու ջանքերովը՝ Մայր Սրբուհի Հաճի-Անտոնեանի: Նպատակադրելով՝ առաքելական յանձնառութեամբ դաստիարակելու հայ աղջկան միտքն ու սիրտը, քրիստոնէական մարդկային եւ ազգային արժէքներով:
Այսպէս, Յունիս 5, 1843ին, միայն տասներկու աշակերտներով, Պոլսոյ Բերայի թաղամասին մէջ, կը սկսի միաբանութեան դաստիարակչական առաքելութիւնը:
Այնուհետեւ, Յունիս 5, 1847ին միաբանութիւնը կանոնաւորապէս հաստատուած կոնդակով սկիզբ կ’առնէ «Աստուածամօր տունը»՝ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութիւնը՝ «Ի պատիւ Անարատ Յղութեան ամենասրբուհի կուսին Մարիամու» տիտղոսին տակ:
Միաբանութիւնը շուրջ 160 տարի, որպէս մանանեխի հատիկ, շատ համեստ միջոցներով կը ծաղկի եւ կը ծլարձակի, նախ Պոլսոյ, ապա սփիւռքի շատ մը հայաշատ գաղթօճախներուն մէջ, ստեղծելով մանկապարտէզներ, գիշերօթիկներ եւ ամէնօրեայ վարժարաններ ու որբանոցներ:
Ծաղկած ու ընդարձակուած Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութիւնը իր բարգաւաճ առաքելավայրերով եւ անձնուէր անդամներով, մինչ լոյս ու գիտութիւն կը ջամբէր բիւրաւոր հայ մանուկներու եւ հայ երիտասարդուհիին, կը հասնի Մեծ Եղեռնը, որմէ անմասն չի մնար նաեւ միանութիւնը, իր անձնուրաց քոյրերով, որոնցմէ տասներեք իմաստուն կոյսեր կ’արժանանան մարտիրոսութեան դափնեպսակին, աւելի քան քառասուն քոյրեր կը տեղահանուին եւ քսաներեք վարժարաններ վերջնականօրէն կը փակուին:
1923էն վերջ, մայրավանքը Պոլիսէն կը փոխադրուի Հռոմ, իր հովանաւորութեան տակ առնելով Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած, մօտաւորապէս 500 որբեր եւ օժանդակութեամբ Իտալիոյ կառավարութեան եւ եկեղեցական իշխանութեան, Իտալիոյ մէջ կը հաստատեն որբանոց, որ կ’ունենայ առողջապահական եւ ուսումնական ամէն դիւրութիւններ:
Յաղթահարելով գաղթականութեան տաժանելի պայմանները, վարչութիւնը կը նուիրուի վերաշինութեան, ներքին վերակազմաւորման եւ նոր առաքելութիւններու հաստատման աշխատանքին: Միաբանութիւնը այս անգամ եւս կը սկսի ծաղկիլ ու վերընձուղիլ սփիւռքի հետզհետէ աճող եւ բազմացող գաղթօճախներուն մէջ:
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը նաեւ իր ծանրակշիռ հետեւանքները կ’ունենայ միաբանութեան վրայ, սակայն հակառակ այս բոլոր անցկութիւններուն, ան քաջութեամբ կը դիմագրաւէ ամէն դժուարութիւն եւ զրկանք, շնորհիւ քաջ ու իմաստուն նուիրեալ քոյրերու եւ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ գլխաւոր կիզակէտ ունենալով Հայ Մանուկի Հայեցի դաստիարակութիւնը: Այս սկզբունէն մեկնած, քոյրերը հաւատարիմ մնացին իրենց սկզբնական նուիրումին, եղան իրենց ժողովուրդին հետ ամէն տեղ, եւ այսպիսով Միջին Արեւելքէն եւ Եւրոպայէն վերջ, 1965ին մուտք գործեցին Միացեալ Նահանգներ, հաստատելու վարժարաններ եւ ծառայելու հայ փոքրիկներուն: Ֆիլատելֆիա, Պոսթըն եւ Լոս Անճելըս այսօր դարձած են բարգաւաճ կեդրոններ, իրենց աշխուժ վարժարաններով, արդի սարքաւորումներով, ուր ամէն օր նոր սերունդի փոքրիկներ կը հաղորդուին մեր նախնիներու հաւատքով եւ հոգեւոր ժառանգութեամբ:
1988ի Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժին, Քոյրերը փութացին Հայաստան, ամոքելու ցաւատանջ ժողովուրդին անդարմանելի վիշտը եւ տալու անոր յոյս ու ժպիտ:
1991ին, Հայաստանի անկախացումով, Հայ Քոյրերու դարաւոր երազը իրականացաւ, առաքելական լայն դաշտ մը բացուեցաւ, նոր պարտաւորութիւններով: Այսպիսով, հայրենի ժողովուրդին ծառայելու առաքելութեամբ, Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ հաստատեցին Առաքելավայրեր: Կիւմրիի մէջ ունին հսկայ կեդրոն մը, ուր հարիւրաւոր փոքրիկներ, մասնաւորաբար որբեր, կը ստանան նախ մայրական սէր գուրգուրանք, գորով, յետոյ լաւագոյն դաստիարակութիւն, ուսում, զարգացում: Արդէն այդտեղ ապաստան գտած տասնեակ օրիորդներ աւարտած են համալսարանի իրենց ուսումը:
Այսօր, Անարատ Յղութեան միաբանութեան Հայ Քոյրերու կեդրոն Մայր Տունը կը գտնուի Հռոմ եւ մեծաւորուհին է՝ առաքինազարդ Մայր Եւդոքսիա Քէշիշեան: Անոնք, աշխարհով մէկ տարածուած հայութեան համար, ունին մօտաւորապէս 15 նախակրթարան եւ միջնակարգ վարժարաններ, երկու երկրորդական վարժարան, երկու որբանոց եւ մէկ գիշերօթիկ կեդրոն՝ համալսարան յաճախող օրիորդներու համար, շատ մը կեդրոններ եւ վանքեր, ուր հայ քոյրերու հոգատարութեան ներքեւ, բազմաթիւ փոքրեր եւ պատանիներ մայրենի լեզու եւ քրիստոնէական կրօնքը սորվելու հնարաւորութիւնը ունին:
Այսպիսով, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութիւնը 160 տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իր քրիստոնէանուէր եւ ազգանուէր առաքելութիւնը, հիմնելով դպրոցներ եւ որբանոցներ, սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ: