Հայաստանցի հարիւրաւոր մտաւորականներու կողմէ ստորագրուած ուղերձ-նամակը՝ յղուած Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին, պէտք է իր արձագանգը գտնէ Սփիւռքի մէջ:
Նման արձագանգ մը նպատակայարմար կը գտնենք քանի մը նկատառումներով:
Առաջին, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներու հետապնդումը միշտ ալ պէտք է կատարուի համահայկական, միասնական ճիգերով եւ իւրաքանչիւր հատուածի, իւրաքանչիւր կազմակերպութեան դրական նախաձեռնութիւնը այդ ուղղութեամբ, պէտք է ստանայ համընդհանուր աջակցութիւն ու զօրակցութիւն՝ միշտ ու աւելի շեշտելու համար, որ այս խնդիրը համայն հայ ազգին առջեւ ծառացած մարտահրաւէր մըն է:
Երկրորդ, սփիւռքեան արձագանգը կրնայ միջազգային յաւելեալ ուշադրութիւն ապահովել արծարծուած հարցին շուրջ՝ բարձրացնելով Թուրքիոյ իշխանութեանց վրայ ճնշման մակարդակը:
Անշուշտ յաւելեալ ուշադրութիւն գրաւելու համար, անհրաժեշտ կը դառնայ արձագանգելու պարզ, ձեւական քայլէն անդին անցնիլն ու ձեռնարկել արշաւի մասին միջազգային հանրութիւնը համապատասխան միջոցներով տեղեակ պահելու աշխատանքներու, որոնց շարքին՝ օտար մամուլին մէջ նամակներ, յօդուածներ ու կարծիքներ հրատարակել:
Երրորդ, խումբ մը թուրք մտաւորականներու ձեռնարկած ներողութիւն խնդրելու արշաւին լոյսին տակ, հայկական նման նախաձեռնութիւն մը կրնայ միջազգային հանրութեան յաւելեալ խթան մը մատուցել, որպէսզի անդրադառնայ խնդիրի այժմէականութեան:
Ո՞վ պիտի նախաձեռնէ սփիւռքեան արձագանգին:
Լաւագոյնը պիտի ըլլայ, անշուշտ, երբ ակադեմական կեդրոն մը ստանձնէ այդ գործը, կամ ալ յայտնի դէմք մը, կամ դէմքեր՝ արուեստի, մշակոյթի գործիչներ, եւ կամ հասարակութեան մէջ լայն ճանաչում եւ հեղինակութիւն ունեցող մարդիկ:
Արձագանգը պէտք չէ ուշանայ: