Հայաստանի մտաւորականներու բաց նամակը՝ ուղղուած Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին իր արձագանգը գտաւ Լիբանանի մէջ, ուր տեղւոյն հայ մտաւորականներէն ու հասարակական գործիչներէն խումբեր իրենց ստորագրութեամբ սկսան միանալ սոյն բաց նամակին:
Մեր շրջանէն եւս բազմաթիւ ընթերցողներ, դիմելով խմբագրութեանս պատրաստակամութիւն յայտնած էին օժանդակելու ստորագրահաւաք արշաւի մը կազմակերպման աշխատանքին՝ որպէսզի մեր համայնքէն եւս ապահովուի հանրայայտ անձնաւորութիւններու եւ հասարակական գործիչներու մասնակցութիւնը սոյն բաց նամակին:
Վերարծարծելու համար այս հարցը, այսօրուան «Ասպարէզ»ի երկրորդ էջի վրայ վերահրատարակուած է Հայաստանի մտաւորականներու նամակի բնագիրը:
Սոյն նամակի բովանդակութեան հետ համաձայն բոլոր հայ հասարակական գործիչները, կազմակերպութիւններու ու հիմնարկութիւններու ղեկավարները, ակադեմական շրջանակը, պատմաբաններն ու բանասէրները, գրողները, հրապարակագիրները, մամուլի պատասխանատուները կը հրաւիրենք իրենց ստորագրութեամբ միանալու նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին ուղղուած Հայաստանի մտաւորականներու բաց նամակին:
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին ստորագրել սոյն նամակին տակ, կը խնդրենք որ կապուին «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան: Ձեր համաձայնութիւնը կրնաք փոխանցել ելեկտրոնային փոստով, նամակով կամ հեռախօսով: «Ասպարէզ» պիտի հրատարակէ ստորագրողներուն անունները խումբ առ խումբ:
Հայերէն ներողութիւն խնդրող նամակի տակ ստորագրութիւններու արշաւը, թէեւ ինչպէս թրքական մամուլը կը յայտնէ կորսնցուցած է իր սկզբնական թափը, այսուհանդերձ կը շարունակուի: Հայ մտաւորականներու նախագահ Կիւլին ուղղուած նամակը միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան վրայ հրաւիրելու լրացուցիչ ճիգ մըն է: Կը հրաւիրենք ձեզ մասնակցելու այս ճիգին: