Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը աւանդական հասկացողութեամբ առաջնորդի գաղափարը մերժած է ու իր գործիչներու ու ղեկավարներու բերանով յաճախ կրկնած է, որ կը շարունակէ հաւաքական ղեկավարութեան գաղափարի ջատագովումը:
Դաշնակցութիւնը արդարօրէն հպարտացած է անցեալին, ու ներկայիս ալ կը հպարտանայ, որ անփոխարինելի ղեկավարներով չ’առաջնորդուիր իր կազմակերպական հզօր մեքենան, եւ որ միշտ կան գործը շարունակողներ, որոնք կը դառնան հաւաքական կամքի արտայայտողներ:
Այս մտայնութենէն մեկնելով՝ ինչպէ՞ս պիտի գնահատենք Հրայր Մարուխեանի նման ղեկավար գործիչի մը վաստակը, ինչպէ՞ս պիտի բնութագրենք զինք:
Հրայր Մարուխեանի անձի ու վաստակի գնահատման իմ կողմէ կատարուած որեւէ փորձ, անպայման պիտի յագեցած ըլլայ զգացական զեղումներով, պարզապէս որովհետեւ կեանքիս ամէնէն կարեւոր հանգրուանին եւ հաւանաբար ամէնէն տպաւորող տարիներուն, զայն ունեցած եմ իբրեւ ներշնչման աղբիւր, իբրեւ սկզբունքային, խիզախ, լայնախոհ, նախաձեռնող, ճանապարհ բացող ղեկավար, հետագային՝ իբրեւ երէց գործընկեր (այս բառը օգտագործելու ատեն, անշուշտ, անտեղիօրէն կարեւորուած զգալու սին զգացումը չեմ կրնար թաքցնել):
Այո՛, հաւաքական ղեկավարութեան գաղափարով կ’առաջնորդուինք իբրեւ դաշնակցականներ, սակայն, մեր կազմակերպական շարքերը միշտ ալ գնահատած են հաւաքական ղեկավարութեան ընդմէջէն փայլատակող այն դէմքերը, այն գործիչները, որոնք առանձնացած են ոչ միայն իրենց նուիրումով ու զոհաբերութեան ոգիով, այլեւ՝ ղեկավարելու տաղանդով, կազմակերպական ջիղով ու նկարագրային այնպիսի գիծերով, որոնք իրենց ետեւէն կը տանին բազմութիւններ ու ընտրանի՝ պայքարի բոլոր ճակատներու վրայ: Մարուխեանը այդպիսի՛ն էր, անվիճելիօրէն:
Հայ նորագոյն պատմութեան բազմաթիւ էջերու վրայ տիրապետող իր ներկայութիւնը, դրոշմն ու կնիքը դրած Հրայր Մարուխեանի յիշատակը վառ պիտի մնայ շատ շատերուս համար: