Դեկտեմբեր 10, 1991: Այդ օրը տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան մասին հանրաքուէն, որուն մասնակցած 108 հազար 736 արցախցիներու 99.89 տոկոսը «այո՛» պատասխանեցին քուէաթերթիկներու վրայ գրուած՝ «Համաձա՞յն էք արդեօք Դուք, որպէսզի հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը անկախ պետութիւն լինի եւ ինքնուրոյն որոշի այլ պետութիւնների եւ հասարակութիւնների հետ համագործակցութեան ձեւերը» հարցումին:
Այս առթիւ, կը ներկայացնենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի շնորհաւորական ուղերձը՝ արցախցիներուն:
«Դեկտեմբերի 10ը մեր ժողովրդի համար ամենախորհրդանշական օրերից մէկն է: 1991 թուականի այս օրը մեր ժողովուրդը փաստացի ամրագրեց ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն ստեղծելու իր կամքը: Եւ ամենեւին էլ պատահական չէ, որ 15 տարի անց, 2006 թուականի նոյն օրը, Արցախի ժողովուրդը եւս մէկ անգամ ազգովի արտայայտեց իր անկախ պետականութիւնը է՛լ աւելի ամրապնդելու եւ զարգացնելու վճռականութիւնը՝ համաժողովրդական հանրաքուէի միջոցով ընդունելով երկրի գլխաւոր օրէնքը՝ ԼՂՀ Սահմանադրութիւնը: Այն դարձաւ ժողովրդավարական պետութիւն կառուցելու, միջազգային իրաւունքի նորմերին հաւատարիմ լինելու, քաղաքակիրթ աշխարհին ինտեկրուելու (ներգրաւուելու-Խմբ.) մեր պետական քաղաքականութեան անշրջելիութեան վկայութիւնը:
«Երկրի մայր օրէնքը անկախ պետականութեան կարեւորագոյն խորհրդանիշներից մէկն է, որը երաշխաւորում է մարդու եւ քաղաքացու իրաւունքներն ու ազատութիւնները, կարգաւորում պետութեան ներքին կեանքը, նրա յարաբերութիւնները արտաքին աշխարհի հետ, հանդիսանում է մի իւրայատուկ կամուրջ երկրի եւ ժողովրդի անցեալի, ներկայի ու ապագայի միջեւ: ԼՂՀ Սահմանադրութիւնը յստակօրէն ամրագրում է, որ Արցախի անկախութիւնն ու անվտանգ գոյատեւումը այլընտրանք չունեն:
«Բարեկամներ, կրկին անգամ շնորհաւորում եմ մեր ողջ ժողովրդին այս կարեւորագոյն տօնի առթիւ եւ ի սրտէ մաղթում խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն ու երջանկութիւն:
Ամենայն բարիք ձեզ բոլորիդ»:
Ամենայն բարիք՝ Արցախին, արցախցիներուն, համայն հայ ժողովուրդին: