ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովը, ճիշդ վաթսուն տարի առաջ, այսօր՝ 9 Դեկտեմբեր, 1948ին, որդեգրեց բանաձեւ մը, որ յայտնի է «Ցեղասպանութեան Ոճիրի Կանխարգիլման եւ Պատիժի Ուխտ» անունով:
Այս բանաձեւով 1951 Յունուարին ուժի մէջ մտած Ուխտը կը ներկայացնէ իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ ստեղծուած ցեղասպանութիւն եզրի իրաւական սահմանումը:
Ցեղասպանութեան Ուխտը կը բաղկանայ 19 յօդուածներէ, որոնցմէ առաջինը կը սահմանէ. «Ուխտը ստորագրողները կը հաստատեն, որ Ցեղասպանութիւնը, խաղաղութեան թէ պատերազմի պայմաններու տակ, միջազգային օրէնքով ոճիր մըն է, զոր յանձնառու են կանխարգիլել եւ պատժել»:
Երկրորդ յօդուածով սահմանումը կը կատարուի Ցեղասպանութիւն արարքին.
«… հետեւեալ գործողութիւններից մէկը՝ իրականացուած ոչնչացնելու նպատակով, լիովին կամ մասամբ, ազգային, էթնիկ, ռասայական կամ կրօնական խումբը, ինչպիսիք՝
ա. Խմբի անդամների սպանելը.
բ. Խմբի անդամներին մարմնական կամ հոգեբանական լուրջ վնաս պատճառելը.
գ. Մտածուած կերպով ազդելը խմբի կեանքի պայմանների վրայ՝ նպատակ ունենալով նրա ամբողջական կամ մասնակի ֆիզիքական ոչնչացումը.
դ. Իրականացում այնպիսի գործողութիւնների, որոնք ուղղուած են խմբի ներսում ծնելիութեան կանխմանը.
ե. Խմբի երեխաներին բռնութեամբ մէկ այլ խումբ տեղափոխում.» (թարգմանութիւնը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարանի կայքէջէն):
Այսօր, այս կարեւոր պատմական իրադարձութեան տարեդարձին, մենք՝ հայերս, իբրեւ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներ, կ’ակնկալենք, որ միջազգային ընտանիքը, մեծ ու փոքր պետութիւնները, թօթափեն կեղծիքի ու շահադիտական հաշիւներու վրայ հիմնուած իրենց քաղաքականութիւնը, եւ տէր կանգնին այս Ուխտով ամրագրուած իրենց յանձնառութեանց՝ ներկայ ու վստահաբար այսօրուան մեղկ վարքագիծով խրախուսուած՝ գալիք ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու իրենց պարտաւորութիւններուն, ճանչնալով անցեալի Մեծ Ոճիրները եւ տալով անոնց պատմական ու քաղաքական գնահատականը: