Անցեալ Չորեքշաբթի երեկոյ, Սի.Էն.Էն.էն վաւերագրական ուժեղ նիւթ մը հրամցուց Քրիստիան Ամանփուր՝ «Ճչացէ՛ք՝ Արիւնոտ Սպանութի՛ւն» խորագրով, ուր ան լուսարձակի տակ առած էր պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններուն իրագործուած ցեղասպանութիւնները, այդ անմարդկային ոճիրներու վկաներն ու անոնք, որոնք խուլ աշխարհին փորձած էին զգուշացնել եղեռներու մասին, սակայն լուռ մնացած էր այն իրողութեան մասին, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնն էր, որ Ռաֆայէլ Լեմքինին մղած էր «Ցեղասպանութիւն» յղացքը դրոշմելու քաղաքական լեզուաբանութեան մէջ:
Վաւերագրական ժապաւէնը կը սկսի Ցեղասպանութիւն բառի արմատի ներկայացումով եւ կու տայ ժամանակագրութիւնը Օսմանեան թուրքերու կողմէ մէկ ու կէս միլիոն հայերու ջարդի տպաւորութիւններէն փոթորկուած Լեմքինի ներքին հակամարտութեանց, որոնք զինք բերին Ցեղասպանութիւն բառի կնիքը դնելու նման իրադարձութեանց վրայ: Շուրջ մէկ ու կէս ժամ տեւած այս ժապաւէնին մէջ, սակայն, Հայկական Ցեղասպանութեան մասին միայն 45 երկվայրկեան տեւողութեամբ ակնարկ մը կայ, իբրեւ յղում՝ Լեմքինի մղած պայքարին՝ յանուն մարդկային արդարութեան:
Օգտագործելով մեզ՝ հայերուս, ծանօթ նկարներ, որոնք շատ հաւանաբար Արմին Ուակնըրի հաւաքածոյէն առնուած են, Ամանփուր ցոյց կու տայ Հայկական Ցեղասպանութեան առհաւիրքը, առանց սակայն զայն ներկայացնելու այն խորութեամբ, որ արտայայտուած է միւս Ցեղասպանութիւններուն մատուցման մէջ:
Ամբողջ յայտագրի ընթացքին, Ամանփուր «կը հրապարակէ ցեղասպանութեան առաջքը առնել փորձող մարդոց պատմութիւններ» եւ կու տայ նկարագրութիւնը ահասարսուռ դրուագներու, կեդրոնանալով դիւային արարքներու վկայ հանդիսացող հերոսներուն վրայ, որոնք, ի լուռ աշխարհին, «ճչացին՝ արիւնոտ սպանութիւն»՝ ոճիրները կանգնեցնելու փորձով:
Գնահատելի է, անշուշտ, Սի.Էն.Էն.ի ու Ամանփուրի Ցեղասպանութիւնը՝ Հրէական Ողջակէզէն մինչեւ Քամպոտիոյ մահասփիւռ դաշտերը, մինչեւ Իրաք, Ռուանտա, Պոսնիա, մինչեւ մեր օրերու Տարֆուր, այսպիսի խորութեամբ, այսպիսի ցնցող պատկերներով ու կենդանի վկայութիւններով ներկայացնելու նախաձեռնութիւնը:
Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան Լեմքինի հեղինակած Ցեղասպանութեան եւ Մարդկային իրաւունքներու ուխտի որդեգրման վաթսունամեակին առիթով, իսկապէս որ կ’արժէր միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրող այսպիսի կարեւոր ձեռնարկ մը իրականացնել՝ իբրեւ աշխարհին կոչ՝ տէր կանգնելու Ցեղասպանութիւններուն վերջ տալու իր բարոյական պարտաւորութեան:
Ամանփուր ձեռնհասօրէն կը յստակացնէ քաղաքական դաւադիր խաղերը, որով կը յատկանշուին Միացեալ Նահանգներու հակազդեցութիւնները կամ անտարբերութիւնը նշուած բոլոր պարագաներուն եւ վերջաւորութեան հարց կու տայ, եթէ այլք, որոնք «Արիւնոտ սպանութիւն կը ճչան», պիտի լսուի՞ն: Այսուհանդերձ, կարելի է նոյն ինքն Ամանփուրին հարց տալ, թէ արդեօ՞ք ինք լսած է ճիչերը Հայկական Ցեղասպանութեան ժամանակ Օսմանեան Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հէնրի Մորկընթաուի, որ, Էլի Ուիզըլի, հայր Ֆրանսուա Փոնշոյի, Փիթըր Կալպրէյթի, Ռիչըրտ Հոլպրուքի, քանատացի զօրավար Ռօմէօ Տալլէրի եւ ուրիշներու նման վկայ եղաւ քստմնելի սպանութեանց եւ որուն զգուշացումները շարժեցին մարդոց, բայց ափսոս՝ ուշացումով, միլիոնաւոր մարդոց կեանքի կորուստը փրկելու առիթը փախցնելով:
Հաւանաբար տեղին է, որ հայ համայնքը Սի.Էն.Էն.ի ղեկավարութեան յայտնէ իր գնահատականը այս յայտագրին, ինչպէս կատարեց ութ տարի առաջ Էյ.Պի.Սի.ի Լրատու ծրագրի պատասխանատուներուն, յատկապէս անոր ականաւոր լրագրողներէն Փիթըր Ճենինկզին, որպէսզի մօտէն ուսումնասիրեն ու ներկայացնեն քսաներորդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը:
Ամանփուրի «Ճչացէ՛ք արիւնոտ սպանութիւն»ը լրագրական կարեւոր աշխատանք մըն է, որ շատ կարեւոր հարց մը կ’արծարծէ, որուն վրայ, եթէ ժամանակին անհրաժեշտ ուշադրութիւնը դարձուէր, կրնար կանխել հետագայ ցեղասպանութիւնները: Իր պատրաստած նիւթին մէջ, Ամանփուր ձեռնհասօրէն կը մատնանշէ նաեւ Միացեալ Նահանգներու մեղսակցութիւնը բոլոր յիշուած պարագաներուն մէջ, ինչպէս Սամանթա Փաուըրզ ըրած է իր Փուլիցըրի մրցանակին արժանացած «Դժոխային խնդիր մը՝ Ամերիկան Ցեղասպանութեան Ժամանակաշրջանին» գրքին մէջ: