Թրքական մամուլի վերջին շրջանի տեւական փորձերը՝ միջազգային հանրութիւնն ու քաղաքական շրջանակները շփոթեցնելու Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին շուրջ, երէկ իրենց կտրուկ պատասխանը ստացան մէկ կողմէ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հերքումի յայտարարութեամբ, եւ միւս կողմէ՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հարցազրոյցով փոխանցած յստակացումներով:
Նախքան այս հերքումը ու յստակացումը, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն, իր մտահոգութիւնները ուզած էր փոխանցել Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատուներուն՝ Հայաստանի դեսպանին եւ հիւպատոսին ճամբով:
Երկուշաբթի օր, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած Ժան Գոսակեանէ, Սեդօ Պոյաճեանէ եւ Սթիւ Տէտէեանէ, կանխաւ ապահովուած ժամադրութեամբ այցելեցին Հայաստանի Լոս Անճելըսի հիւպատոս Արմէն Լիլոյեանին ու անոր փոխանցեցին ընդհանրապէս վերջին շրջանին իրենց համար կարեւոր նկատառումներ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման խոչընդոտող թրքական նախաձեռնութիւններուն վերաբերեալ, որոնց շարքին՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումը պատմաբաններու յանձնաժողովով պայմանաւորելու անոնց ճիգերը եւ մամուլի մէջ կեղծ ու խեղաթիւրուած տեղեկագրութեամբ՝ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց մէջ սեպ խրելու փորձերը:
Նոյն նիւթին շուրջ, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն, իր ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեանի ստորագրութեամբ, երէկ նամակ մը յղած է Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեանի: Նամակին մէջ գրուած է.
«Մեծայարգ Դեսպան Մարգարեան,
Խոր ընդվզումով կարդացինք Հայկական Ցեղասպանութեան առնչութեամբ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին վերագրուող Թրքական «Զաման» թերթի լրատուութիւնը: Այս առթիւ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի միջոցով արդէն իսկ մեր կազմակերպութիւնը իր մտահոգութիւնը փոխանցած է Ձեզի՝ խնդրելով հայրենի կառավարութեան լուսաբանութիւնն ու հրապարակային յստակ դիրքորոշումը՝ ի խնդիր Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին:
Այսօր գոհունակութեամբ կ’ողջունենք Պրն. Նալբանդեանի յայտարարութիւնը, ուր թրքական մամուլին մէջ վերջերս կատարուող լրատուական վերագրումները ան կը նկատէ «աղաւաղուած եւ ներկայացուած գլխիվայր»: Յատկապէս խրախուսիչ կը գտնենք այն հաստատումը, որ «Հայաստանի պաշտօնեաները չեն արտայայտուել եւ երբեւէ չեն արտայայտուի Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը դադարեցնելու օգտին: Առաւելեւս Հայաստանը չի կարող հանդուրժել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան որեւէ դրսեւորում»:
Բոլորս կ’անդրադառնանք թրքական լրատուական նենգափոխումներու իսկական նպատակին, որ կը միտի արգելակել Հայ Դատի մեր աշխատանքները եւ մեկուսացնել Սփիւռքահայութիւնը իր մայր Հայրենիքէն: Նման վտանգներու դիմաց մեր լաւագոյն ապաւէնը կը հանդիսանայ մեր հայրենի կառավարութիւնը՝ իր աչալուրջ հսկողութեամբ ու խիզախութեամբ:
Ամերիկեան վերջին ընտրութիւնները ամերիկահայութեան կը տրամադրեն քաղաքական յաւելեալ ուժ եւ ազդեցութեան յաւելեալ կարողականութիւն՝ քոնկրէսական եւ նախագահական մակարդակներու վրայ: Թուրքիա կը գիտակցի գալիք օրերուն ամերիկեան թատերաբեմի վրայ ի նպաստ Հայաստանի գոյանալիք ուժերու նոր դասաւորումին: Մեզի կը մնայ ամրապնդել Ամերիկահայութեան քաղաքական բազուկը եւ թումբ կանգնիլ թրքական ոռոգայթներուն՝ միշտ ապաւէն ունենալով մեր հայրենի կառավարութեան աչալուրջ եւ խիզախ կեցուածքը:
Պրն. Դեսպան, ընդունեցէք մեր խորին շնորհակալութիւնը Ձեր աշխտանքներուն համար»:
Ողջունելի փաստ է, որ հայկական արտաքին գերատեսչութիւնը զգայուն է Հայկական Ցեղասպանութեան նման էական հարցի մը շուրջ թրքական մամուլին կամ զայն խրախուսող պետական շրջանակներուն միտումնաւոր խեղաթիւրումներուն, եւ պատրաստ է արագ հակազդելու անոնց: