Անցեալ Շաբաթ օր, Լոս Անճելըսի հայ համայնքի զաւակներու հսկայ բազմութիւն մը իր յարգանքի վերջին տուրքը մատուցեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան վաստակաւոր գործիչ, շրջանիս հասարակական կեանքին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցող, «Ասպարէզ» օրաթերթի նախկին խմբագիր Վահիկ Գիւրջեանին:
Թաղման արարողութեան ընթացքին, Վահիկ Գիւրջեանին՝ իբրեւ մարդ եւ գործիչ, իրենց գնահատանքի խօսքը յայտնեցին եղբայրը՝ իր կարգին հասարակական գործիչ Ռուբիկ Գիւրջեանը, առաջնորդ սրբազան Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը (Սրբազանը երկրէն դուրս ըլլալու պատճառաւ, անկարող եղած էր ներկայ գտնուելու թաղման, հետեւաբար իր գրաւոր խօսքը ընթերցեց հայր Պարթեւ Կիւլումճեան), նահանգային ծերակոյտի անդամ Ճաք Սքաթ եւ հանգուցեալին զաւակը՝ իրաւաբան Վարանդ Գիւրջեան:
Գերեզմանին մօտ, յանուն ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին, խօսք առաւ Կ.Կ.ի անդամ, «Ասպարէզ»ի նախկին խմբագիր-տնօրէն, ազգային «Ֆերահեան» վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսակեան (խօսքը կը ներկայացնենք՝ ամբողջութեամբ):
Հոգեճաշի ընթացքին, ՀՅԴ Լա Քրեսէնթայի «Զաւարեան» կոմիտէութեան կողմէ խօսք առաւ ու նաեւ իր անձնական զգացումները փոխանցեց հասարակական գործիչ Հրայր Կարապետեան եւ Գիւրջեանի տարիներու ընկեր Մուրատ Ուխտենց:
Ստորեւ՝ Ժան Գոսակեանի դամբանականի բնագիրը՝ ամբողջութեամբ:
Սիրելի սգակիր հարազատներ եւ ընկերներ,
Կ’ապրինք այն վերջին սուղ վայրկեանները, երբ առյաւէտ հողին պիտի յանձնենք մեր շատ սիրելի ու յարգելի ընկերոջ՝ Վահիկ Գիւրջեանին:
Բոլորուած ենք դագաղի մը շուրջ, ուր անշնջացած կը ննջէ մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ ամրագրուած հայկական իւրայատուկ տիպար մը: Փաստօրէն, եկած ենք մեր վերջին յարգանքի տուրքը տալու քաղաքական գործիչի մը, որուն կեանքը մարմնացումը եղած է քաղաքականացած Սփիւռքահայի իսկական էութեան: Յանուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բոլոր մարմիններուն եւ շարքային կուսակցական ընկերներուն, նախ եւ առաջ, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք մեր յանգուցեալ ընկերոջ՝ Վահիկ Գիւրջեանի ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն: Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք նաեւ մեր բոլոր ընկերներուն ու համակիրներուն, որոնք մօտէն ծանօթացած, յարաբերած ու գործակցած են անոր հետ:
Թարգմանը հանդիսանալով ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէութեան շարքերու զգացումներուն՝ կը հաստատենք, որ մեր շրջանը կորսնցուց կուսակցութեան գաղափարական հաւատամքին ու քաղաքական ուղիին հաւատարիմ ու ջատաքով հանդիսացող ուղղամիտ կուսակցական մը, հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարի զինուոր մը:
Իր կուսակցական երթը, այսօրուան իրականութեան ու գործելաձեւի պայմաններու հասկացողութեամբ, ամբողջական նուիրումի ու զոհաբերումի անվերջ շղթայ մը եղած է:
Պատանեկան միութեան վարիչ ու թերթի աշխատակից Իրանի մէջ, կուսակցական դպրոցի վկայեալ ու քաղաքական գիտութեանց ուսանող Լիբանանի մէջ, կուսակցական գործիչ, պաշտօնաթերթի խմբագիր, Կեդրոնական կոմիտէի գործավար Արեւմտեան Ամերիկայի հայահոծ այս գաղութէն ներս:
Փաստօրէն Վահիկ Գիւրջեանի կեանքի առանցքը եղած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ այդ իսկ պատճառով, յաճախ իր դէմքով ներկայացուած է Դաշնակցութիւնը գաղութի տարբեր շրջանակներէն ներս:
Վահիկ Գիւրջեանի դերակատարութիւնը մեծ եղած է այս շրջանէն ներս, յատկապէս Դաշնակցութեան առաքելութեան իրականացման գծով: Իր խոհուն ու հաւասարակշռուած դատողութեամբ, ան բարձր պահած է կուսակցութեան հեղինակութիւնը՝ առհասարակ գաղութի տարբեր հատուածներու եւ յատկապէս մեր համակիր շրջանակներուն մօտ, այսպիսով՝ մեծապէս նպաստելով կուսակցական որոշումներու ու ծրագիրներու յաջողութեան:
Ներկուսակցական յարաբերութեանց մակարդակին վրայ, ան օժտուած էր բարդ կացութիւնները համբերութեամբ դիմագրաւելու եւ ճարտար լուծումներ առաջադրելու կարողութեամբ, ինչ որ մեծապէս նպաստած է կուսակցական շարքերէն ներս համերաշխութեան մթնոլորտի ամրապնդման:
Իր կուսակցական եւ ազգային-քաղաքական լուրջ դիմագիծի կողքին ան օժտուած էր նաեւ ընկերային մտերմիկ բնաւորութեամբ ու յաճելի հիւմըրով: Անձնապէս բախտաւորութիւնը ունեցած ըլլալով մօտէն գործելու ընկեր Վահիկ Գիւրջեանի հետ՝ ականատես վկան եղած եմ իր նկարագրի դրական տարբեր դրսեւորումներուն:
Պիտի ուզէի նշել քանի մը դրուագներ իր քաղաքական հարուստ գործունէութենէն:
70ական թուականներու վերջաւորութեան ենք, սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը թիրախ դարձնելով՝ թրքական պետութեան խորհրդանիշերը անցած են զինեալ քարոզչութեան աշխատանքին՝ փոթորկելով սփիւռքահայութեան խաղաղ կեանքը: Ահաւասիկ այս պայմաններու տակ, երբ շատեր անճռկած շփոթի մատնուած էին, ընկեր Վահիկ իր պաղարիւնութեամբ մատնցոյց կ’ընէր մեր յեղափոխական անցեալն ու ակունքները, եւ դասեր քաղելով անկէ՝ քաղաքական առողջ կեցուածք կը թելադրէր ու կը դրսեւորէր:
80ական թուականներու կիսուն ենք: Եւրոպական մայրաքաղաքի մը մէջ կը գումարուի ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը, որ քաղաքական անկիւնադարձային արժէք պիտի ունենար: Ընկեր Վահիկ հանգամանօրէն կը ներկայացնէ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը:
Ճիշդ քսան տարիներ առաջ, Հայաստանի մահացու երկրաշարժը քարուքանդ ըրած է Հայաստանի հիւսիսային շրջանները: Աւերի տարողութիւնը ճշդելու նպատակով, շրջանիս Կեդրոնական կոմիտէն, Սովետական դեսպանատան յատուկ թոյլատուութեամբ, Հայաստան կ’ուղարկէ պատուիրակութիւն մը: Ընկեր Վահիկ կ’ընդգրկուի այդ խումբին մէջ: Վերադարձին, կը լծուի օժանդակութեան աշխատանքներու ծրագրաւորման գործին, յատկապէս՝ Հայ Օգնութեան Միութեան ճամբով, որուն մօտ տարիներ շարունակաբար եղած էր Կեդրոնական կոմիտէի կապը:
Քանի մը տարի ետք վիրաւոր, բայց անկախացած է Հայաստանը: Նախագահական ընտրութիւններուն մասնակից է Դաշնակցութեան թեկնածուն. ընկեր Վահիկ շարք մը այլ Դաշնակցական գործիչներու հետ, Գիւմրիի մէկ թատերասրահի բեմին վրայ է ու կը պաշտպանէ Դաշնակցական թեկնածուի քաղաքական ծրագիրը:
Յետ անկախութեան անմիջական ժամանակաշրջանի քաղաքական ու ընկերա-տնտեսական խաւարի տարիներն ենք: Հակադաշնակցական մոլուցքէն գինովցած են Հայաստանի կառավարութեան գլուխ անցած իշխանաւորներ: Կարիքը կը զգացուի կուռ շարքերու եւ գաղափարական ուղղափառութեան: Ընկեր Վահիկը առաջիններէն էր՝ ճակատաբաց դիմակայելու մեր դէմ ուղղուած հարուածները:
Եւ վերջապէս, ամէնէն կարեւորը՝ տասնամեակներ շարունակ եւ օրն ի բուն կուսակցական գրասենեակներէ ու ժողովներէ ներս, ժամեր եւ ժամեր տրամադրելով, ամենայն համբերութեամբ լուծումներ բերած է ամէնէն մանր ու լուսանցքային հարցերէն մինչեւ գաղութին համար անկիւնադարձային համարուող կարեւորագոյն խնդիրներուն: Աւելի՛ն. այս բոլորը կատարած է տարբեր Կեդրոնական կոմիտէներու անմիջական ղեկավարութեամբ:
Փոխուած են ժամանակները: Լեռ բարձրացող ֆետայիներու կամ հայկական բնակավայրերու ինքապաշտպանութիւնը կազմակերպող գործիչներու փոխարէն, այսօր պէտք ունինք հայ գաղութներու ու համայնքներու կազմակերպման ծառայող եւ Հայ Դատը միջազգային քաղաքական բեմերու վրայ հետապնդող արհեստավարժ գործիչներու:
Ահաւասիկ ընկեր Վահիկը եղաւ Դաշնակցական գործիչներու այս վերջին փաղանգի արժանաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը:
Սիրելի՛ ընկեր Վահիկ,
Վստահ ենք, որ քու նուիրումը՝ կուսակցութեանդ ճամբով, հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարին, ներշնչումի աղբիւր եւ վառ օրինակ պիտի հանդիսանայ նորանոր գործիչներու եւ մեր բոլորին:
Հանգիստ ննջէ սիրելի ընկեր, գործդ կիսատ պիտի չմնայ:
Անգամ մը եւս մեր ցաւակցութիւնները ընտանեկան պարագաներուն՝ տիկնոջ՝ ընկերուհի Լուիզ Գիւրջեանին, զաւակներուն՝ Վարանդին ու Նարեկին, եղբայրներուն՝ ընկ. Ռուբիկին եւ Վռամին, ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաներուն: