Երիտասարդական ներշնչումով թէ երիտասարդներու ներշնչումով: «Էլեմընթ»ը երիտասարդներու ներշնչումով ստեղծուած խումբ է, կ’ըսէ Արա Տապանճեան: Երիտասարդներու քաջալերանքը, խրախուսանքը, հայկական վարժարաններու աշակերտներու խանդավառ ընդունելութիւնը եղած են խումբի մղիչ ուժը:
Արան իր երաժշտական ասպարէզ մուտքը կը տեսնէ իբրեւ տարիներու երազի իրականացում: Միշտ երազած է, ծրագրած է կեանքի ասպարէզի մէջ շահիլ, նիւթական ապահովութիւն ձեռք ձգել, ապա ինքզինք նուիրել իր սիրած ասպարէզի հետապնդման՝ արուեստի՝ երաժշտութեան աշխարհին մէջ:
Գործի ասպարէզի մէջ յաջողութիւնը անկարելի եղաւ: Ի վերջոյ անդրադարձաւ, որ ինք գործի մարդ չէ, պիտի չկարենայ յաջողիլ ու ապահովել իր հանգիստ անցումը արուեստի աշխարհ: Այս պարագային, անցումը պարտադրուեցաւ իրեն, եւ շնորհիւ ընտանիքի եւ կեանքի ընկերոջ՝ նախ ընկերուհի, նշանած ու այժմ կին՝ Մարալի նեցուկով ու քաջալերանքով, ինք աքորտիոնը (ձեռնադաշնակը) բռնեց ու սկսաւ քալել իր նոր ճամբայէն:
Շատ անկազմակերպ սկիզբ եղած է, պատահական հանդիպումներով, պատահական միացումներով, ընկերներու մասնակցութեամբ, Սիմոն Աբգարեանի նման տաղանդաւոր ու ազդեցիկ ծանօթներու միջնորդութեամբ հետաքրքրական դռներ բացուած են իր առջեւը:
Հանրագումարի երբ բերես իր վերջին երեք տարիներու ելոյթները, Մայիս 2005ի Ֆրանսական գնչուներու «Պրաթ»չ խումբի ելոյթի բացումէն մինչեւ 2008ի Սան Մաթէոյի մէջ մենահամերգը, կը նկատես, որ այս տղան կարճ ժամանակի մէջ յաջողած է այս աշխարհամասի ամէնէն յայտնի սրահներուն մէջ նուագել: Հաւանաբար առաջին մեծ քայլը Տեմիս Ռուսոսի երգահանդէսի բացման իր մասնակցութիւնն էր: Ատկէ ետք ցուցակը բաւական տպաւորիչ է. բաժին բերել «Րէտ Տակ Հաուլզ»ի նման թատերական ներկայացման մը, «Եւ Օ Ֆէ» անունով երաժշտական ալպոմ մը հրապարակ հանել, նոր ալպոմի մը նախապատրաստական աշխատանքը տանիլ (այս նորը, հայերէն հին երգերու վերամշակուած տարբերակներով եւ անգլերէն նոր ստեղծագործութիւններով կրկնակի ալպոմ մըն է, որ հրապարակ պիտի իջնէ գալիք տարուան սկիզբը), յաջորդ տարի Անգլիա ու Ֆրանսա, իսկ եթէ քաղաքական եղանակը թոյլ տայ, նաեւ Լիբանան այցելութիւններ, ելոյթներ այդ երկիրներուն մէջ:
Արան եւ իր ընկերները, որոնք հաւաքուած են «Էլէմընթ» անունով, հին հայկական երգերու վերամշակուած կատարումով բաւական ժողովրդականութիւն շահած են: Անոնք նուագած են Սան Ֆրանսիսքոյի, Ֆրեզնոյի, Նիու Ճըրզիի եւ անշուշտ Լոս Անճելըսի հայկական եւ օտար հանդիսատեսներու առջեւ: Տուտուկի համաշխարհային մասշտապով ժողովրդականացումը յոյս կը ներշնչէ, որ եթէ կարենաս տոհմիկ, ազգային բարձր որակի, իւրայատուկ ձայնի ու եղանակի մշակումով, ստեղծագործ համադրումը կատարել, ապա կրնաս օր մը իրապէս հասնիլ համբաւի ու հռչակի: Ինչո՞ւ չերազել ու չձգտիլ: Օտարներու կողմէ հայկական վերամշակուած երգերը բաւական լայն ընդունելութիւն կը գտնեն օտարներու մօտ: Շատեր, օրինակ սիրած ու գնահատած են «Թռչէի մտքով տուն» երգի իրենց կատարումը: Նաեւ «Սարերի հովին մեռնեմ» երգը ունի իր ունկնդրողներու բանակը:
«Էլէմընթ» կը նուագէ գործիքներու հարուստ այլազանութեամբ. խումբը կը գործածէ աքորտիոն, մանտարին, ուտ, փորթուկալական կիթառ, սազ եւ այլն: Արան կը նուագէ գրեթէ բոլոր գործիքները: Խումբի երգիչները կը հարստացնեն ներկայացումները, եւ կը ճոխացնեն զանոնք:
Մէկ անգամէն թռիչքներ իրագործելու յոյսերով ու երազներով չ’ապրիր Արան: Կամաց-կամաց, յաջողութիւնը քայլ առ քայլ նուաճելու եռանդ կայ իր մէջը եւ աշխատելու մղում: Աստղ դառնալը հաճելի բան է: Յայտնի «Սքիրպոլ» սրահին մէջ (Օգոստոս 2007ին) շատ մօտ զգաց աստղային զգայնութեան, երբ ոստիկաններու ու պահակներու միջամտութեան կարիք զգացուեցաւ պատնէշուելու համար հիացողներու խեղդող գիրկընդախառնումներէն:
«Էլէմընթ» խումբի միւս անդամներն են Շանթ Մահսէրէճեան (Չութակ), երգիչներ՝ Հայբերդ Սարեան, Սօսէ Քէշիշեան (Արամունի) եւ Գառնի Հատիտեան, թմբկահարներ Արմէն Մէշէֆէճեան եւ Վահան Մէզեան, կիթառի վրայ՝ Գրիգոր Սարաֆեան եւ պէյս՝ Ռոմըն Սամոքիդ, վերջինը, անշուշտ, միակ ոչ հայ անդամն է խումբին:
Ես չէի գիտեր, չէի մտածեր, չէի հաւատար, որ մեր հայ երիտասարդները հայերէն երգ կրնան ունկնդրել, կրնան սիրել: Մեր երգերը սիրեցին, հայերէն երգ մտիկ ըրին, խանդավառուեցան ու մեզ խանդավառեցին, կ’ըսէ Արա: