Երէկ, արտահերթ ներկայացուցինք թիւ ինը առաջարկութիւնը: Կը յիշեցնենք, որ Համբիկ Սասունեանի պաշտպան յանձնախումբը կը դիմէ մեզ՝ բոլորիս, դէմ քուէարկելու այս առաջարկութեան:
Թիւ եօթը առաջարկութիւնը վերանորոգուած եւ մաքուր ուժանիւթի արտադրութեան օրինագիծ է, ըստ որուն, ուժանիւթ արտադրող բոլոր ընկերութիւնները, պետական թէ սեփական, պարտաւոր պիտի ըլլան մինչեւ 2010 թուական, իրենց ընդհանուր արտադրութեան քսան տոկոսին չափով վերանորոգուող աղբիւրներու վրայ հիմնուած ուժանիւթ արտադրել, այսինքն՝ անոնք պէտք է օգտագործեն արեւի ջերմութեան, քամիի ու ջուրի նման մաքուր, վերանորոգելի ուժի աղբիւրներ:
Երկրագունդի ջերմացման սարսափելի հետեւանքներուն հեռանկարը մեր մտքին մէջ ունենալով՝ չենք կրնար հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է դէմ ըլլալ այդ վտանգը գոնէ մասնակիօրէն դիմագրաւելու կոչուած նման առաջարկութեան:
Թիւ ութ առաջարկութիւնը հաւանաբար ամէնէն շատ ուշադրութիւն գրաւած օրինագիծն է: Այս օրինագիծին շուրջ պայքարի դուրս եկած են մէկ կողմէ աւանդապաշտ, պահպանողական հատուածները, միւս կողմէ՝ յառաջդիմական, ազատական ու ձախ հակումներով հոսանքները, որոնց շարքին անշուշտ՝ միասեռականները:
Առաջարկութիւնը փոփոխութիւն կ’ուզէ մտցնել սահմանադրութեան մէջ՝ ամուսնութիւնները վերապահելով միայն այրերու եւ կիներու միջեւ եւ արգիլելով միասեռականներու քաղաքացիական միաւորումը:
Կասկած չկայ, որ այստեղ սահմանադրութիւնը կը դրուի քաղաքացիներու սեռային նախընտրութիւններուն հիման վրայ՝ խտրական վերաբերմունք ցոյց տալու պարտաւորութեան տակ, ինչ որ խնդրական է:
Ինչպէ՞ս քուէարկել:
Կողմնորոշումը յստակ պէտք է ըլլայ ձեզի. ըստ ձեր քաղաքական, գաղափարական, մշակութային արեւելումին ու կազմաւորման: Այսինքն, առաջարկութեան դէմ պիտի քուէարկէք, եթէ այսպէս կոչուած տոհմիկ դաստիարակութիւնը կը թելադրէ ձեր կեցուածքները: Կողմ կը քուէարկէք, եթէ մարդկային ու քաղաքացիական ազատութիւնը ամէն բանէ վեր է ձեզի համար:
Թիւ տասը առաջարկութիւնը դարձեալ միջավայրը մաքուր պահելու տրամադրութիւնը օրէնքով ամրագրելու փորձ մըն է: Վաւերացման պարագային, հինգ միլիառ տոլարի յատկացում մը պիտի կատարուի օժանդակելու համար քիչ ուժանիւթ գործածող եւ քարիւղ չօգտագործող եւ այլընտրանքային ուժով շարժող մեքենաներ գնող սպառողներուն, ինչպէս նաեւ՝ հովանաւորելու ուժանիւթի այլընտրանքային աղբիւրներ փնտռող գիտական հետազօտութիւնները:
Դարձեալ հարցը կը վերաբերի անոր, որ մաքուր միջավայրի եւ ուժանիւթի անկախութեան համար կ’ուզե՞նք միջոցներ տրամադրել, թէ ոչ: Ծախսուող գումարները, այո՛, պարքտով պիտի վերցուին, արժեթուղթերու վաճառքով պիտի գոյանան, եւ որոնց համար տարիներով տոկոս պիտի վճարենք դուք եւ ես: Այսուհանդերձ, մեր երեխաներուն կեանքը վտանգի չենթարկելու համար, չարժե՞ր այդքան նիւթական բեռի տակ մտնել: Իմ կարծիքով՝ կ’արժէ: