Այսօր պիտի փոխենք կարգը ու առաջ անցնելով՝ պիտի ներկայացնենք Քալիֆորնիոյ նահանգային քուէարկութեանց դրուած թիւ ինը օրինագիծը:
Անմիջապէս յայտնեմ, որ այստեղ կայ այլ տեսակի շահագրգռութիւն, ազգային կամ զուտ մարդկային մղում մը, գրեթէ պատանի տարիքին, առանց ներումի հնարաւորութեան, ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած, հետագային, դժբախտաբար շատ ուշ, նոր յայտնութեանց բերումով՝ «առանց ներումի» կարգավիճակէն ազատուած ու ներման հնարաւորութեամբ իր բանտարկութիւնը շարունակող Համբիկ Սասունեանի ճակատագրով մեր մտահոգութիւնը:
Եթէ «առանց ներում»ի վճիռը աւելի կանուխ յայտնուէր, հաւանաբար օրուան քաղաքական մթնոլորտը բոլորովին այլ ըլլար, ու աւելի դիւրին ըլլար Համբիկին ազատութիւնը:
Այսօրուան քաղաքական մթնոլորտը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարածքին, թրքական կառավարութեան առաւել մշտական հետապնդումը այս հարցին, գրեթէ անկարելի դարձուցած են Համբիկին, արդէն հասուն տղամարդ այս հայորդիին ազատութիւնը:
Թիւ ինը առաջարկութիւնը, վաւերացման պարագային, աւելի իսկ պիտի ծանրացնէ Համբիկին վիճակը: Ստորեւ ներկայացնելով Համբիկ Սասունեանի Պաշտպան յանձնախումբին այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութիւնը, կը յայտնեմ, որ ընդառաջելով այստեղ հնչող կոչին՝ ես դէմ պիտի քուէարկեմ թիւ ինը առաջարկութեան:
Թիւ 9 առաջարկութիւնը անարդարօրէն պատրաստուած է, դատապարտեալ բանտարկեալներուն ներում շնորհելու ներկայ գործընթացը փոխելու նպատակով: Եթէ առաջարկութիւնը որդեգրուի, ապա ներման դիմում ներկայացնողները կրնան մինչեւ 15 տարի սպասել՝ իրենց քննարկման կարգին հասնելու համար: Փոփոխութիւնը ուղղակի պիտի ազդէ Համբիկ Սասունեանի դատին:
1982էն ի վեր բանտարկուած Համբիկ Սասունեանի դատավճիռը 2001ին բեկանուեցաւ Միացեալ Նահանգներու վճռաբեկ ատեանին կողմէ, դատախազութեան եւ դատակազմին լուրջ սխալներուն հետեւանքով: Լոս Անճելըս գաւառի շրջանային դատախազ Սթիւ Քուլի 2002ին որոշեց դատը վերաբանալ, որուն իբրեւ հետեւանք, Համբիկ, նկատի ունենալով զինք 25 տարիէն ցկեանս բանտարկութեան դատապարտող վճիռը՝ դատախազութեան հետ համաձայնութիւն մը գոյացուց ներման հնարաւորութիւն ապահովելու նպատակով: Հակառակ այն իրողութեան, որ անոր անցեալ տարուան ներման դիմումը մերժուեցաւ, ներկայ օրէնքով ան իրաւունք ունի երկու տարին անգամ մը կրկին դիմում կատարելու: Սակայն եթէ թիւ 9 առաջարկութիւնը վաւերացուի, ապա Համբիկ հազիւ 15 տարիէն իրաւունք պիտի ունենայ ներման դիմում կատարելու:
Անարդար ըլլալուն կողքին, առաջարկութեան վաւերացումը Համբիկին համար համազօր պիտի ըլլայ ցմահ բանտարկութեան, բան մը, որ անընդունելի է արդարութեան եւ ազատութեան ջատագով բոլոր քաղաքացիներուն համար, որոնք կը գիտակցին, որ Համբիկին պարագան, այլոց գործած ահաւոր ոճիրները պատժելու փոխարէն, մեր համայնքն ու մեր ազգը քաւութեան նոխազ դարձնելու քայլ մըն է:
Ուրեմն, թոյլ մի տաք, որ Համբիկը անգամ մը եւս ցմահ բանտարկութեան դատապարտուի: Նոյեմբեր 4ին ո՛չ քուէարկեցէք թիւ 9 առաջարկութեան: