Նահանգային առաջարկուած նոր օրինագիծներու շարքին թիւ չորսը, վաւերացուելու պարագային, փոփոխութիւն պիտի մտցնէ նահանգի սահմանադրութեան մէջ՝ պահանջելով, որ բժիշկները պարտաւորուած ըլլան հասուն տարիքի չհասած յղի աղջիկներուն վիժումի գործողութեան ենթարկելէ 48 ժամ առաջ տեղեակ պահել անոնց ծնողները կամ մօտիկ ազգական մը:
Այս օրինագիծը նախապէս երկու անգամ դրուած է քուէարկութեան ու ձախողած: Հիմնական առարկութիւնը անոր դէմ այն է, որ յղի աղջիկները վախնալով իրենց ծնողներու հակազդեցութենէն՝ կրնան դիմել իրենց կեանքը վտանգող միջոցներու, վերջ տալու համար իրենց յղութեան, փոխանակ դիմելու որակաւոր բժիշկներու: Բոլոր ընտանիքներուն մէջ հասկացողութիւն դժուար է գտնել այսպիսի պարագաներու նկատմամբ եւ կարելի չէ թերագնահատել վախի ազդեցութեամբ առնուած երեխաներու որոշումներուն վտանգը:
Ես դէմ պիտի քուէարկեմ այս օրինագիծին:
Թիւ հինգ օրինագիծը թմրեցուցիչներու հետ առնչուող յանցագործութիւններու պարագային, բանտարկութեան փոխարէն հսկողութեան պատիժ կ’առաջարկէ: Նոյն օրինագիծը մեղմացուած պատիժներ կը նախատեսէ թմրեցուցիչի ազդեցութեան տակ կատարուած թեթեւ յանցագործութիւններու պարագային:
Օրինագիծը 460 միլիոն տոլարի յատկացում կը կատարէ թմրամոլութեան դէմ պայքարի ծրագիրներու բարելաւման նպատակով, կը զանազանէ թմրանիւթի ազդեցութեան տակ ծանր ու թեթեւ յանցագործութիւնները՝ տարբեր, համապատասխան պատիժներ նախատեսելով անոնց, կը թեթեւցնէ նահանգի բանտերուն ծանրաբեռնուածութիւնը:
Կարելի է այս օրինագիծին կողմ քուէարկել:
Թիւ վեց օրինագիծը նահանգային ընդհանուր հիմնադրամին մէկ տոկոսը, շուրջ մէկ միլիառ տոլար, կ’ուզէ յատկացնել ոստիկանական կառոյցներուն, միեւնոյն ժամանակ խստացնելով արդէն գոյութիւն ունեցող պատիժները: Ոստիկանական միութիւնները հասկնալիօրէն նեցուկ կը կանգնին այս օրինագիծին:
Ես անձնապէս, աւելի թեքուած եմ կողմ ըլլալու այնպիսի օրինագիծերու, որոնք պատիժ խստացնելով չէ, որ կը փորձեն յանցագործութիւններու թիւը նուազեցնել: Այդ ճամբով, պարզապէս, ընկերութեան ու պետութեան կողմէ վրէժխնդիր ըլլալու կեցուածքն է, որ կ’արժեւորուի, բան մը, որ այնքալ ալ ճիշդ չեմ նկատեր:
Վաղը կը ներկայացնենք թիւ եօթը, ութ եւ ինը առաջարկութիւնները: